Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կրակոցի Տակ Բանակցութիւններ Չկան, Եւ Այն, Ինչ Որ Կրակոցով Չ՛առնուիր, Քաղաքականութեամբ Չ՛առնուիր» Կ՛ըսէ Հըզպալլայի Պատասխանատուներէն Մոհամետ Աֆիֆ

October 23, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի հասարակական յարաբերութիւններու պատասխանատու Մոհամետ Աֆիֆ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նկատմամբ մեր վստահութիւնը ամբողջական է: Կրակոցի տակ բանակցութիւններ չկան, եւ այն, ինչ որ կրակոցով չ՛առնուիր, քաղաքականութեամբ չ՛առնուիր»:

Ան ըսաւ, որ զէնքի պահեստանոցներու եւ զէնքերու զարգացման կեդրոններու մասին խօսակցութիւնները երեւակայածին պատրուակներ են, որոնք բացարձակապէս սխալ են:

Ան բուռն կերպով դատապարտեց «Էմ.Պի.Սի.»-ի եւ անոր քոյր հաստատութիւններուն Իսրայէլի ոճրագործ վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի ի նպաստ կողմնակալութիւնը` նշելով. «Մամլոյ ազատութիւնը ձեզի սպանութեան հրահրում կատարելու անձեռնմխելիութիւն չի տրամադրեր, եւ եթէ իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանը ուզէր Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Եահիա Սընուարի մասին վաւերագրութիւն մը պատրաստել, «Էմ.Պի.Սի.»-ի եւ անոր քոյրերէն աւելի արդար կ՛ըլլար»:

Ան ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգները մեղսակից են Լիբանանի եւ անոր ժողովուրդին վրայ իսրայէլեան յարձակումին, որովհետեւ Իսրայէլին զէնք եւ զինամթերք կը տրամադրեն, «ուստի մեր ժողովուրդին դէմ գործուող ջարդերուն թիւ մէկ պատասխանատուն են, եւ Միացեալ Նահանգներու պատուիրակին Պէյրութ ժամանելը պիտի չփոխէ այն խօսքը, թէ «Ամերիկան ահաբեկչութեան մայրն է»:

Աֆիֆ նշեց, որ «Քարտ Հասան» հաստատութիւնը պետութեան մօտ արձանագրուած կրօնական հաստատութիւն է, եւ Հըզպալլան իր յատկացումները անկէ չի ստանար` աւելցնելով, որ նշեալ հաստատութիւնը կանխատեսած է յարձակումը եւ պէտք եղած զգուշացումները որդեգրած է ու իր պարտաւորութիւնները պիտի կատարէ: Ան ըսաւ, որ «Քարտ Հասան» հաստատութեան վրայ յարձակումները անարդարանալի են:

Հըզպալլայի հասարակական յարաբերութիւններու պատասխանատուն նշեց. «Իսրայէլ պատասխանատու է մեր գերիներու կեանքին ու առողջութեան, եւ այն յայտարարութիւնները, որոնք ճնշումի տակ գերիներէն կը խլուին, բացարձակապէս անարժէք են»:

Ան քննադատեց Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Աննալենա Պերպոքի յայտարարութիւնները, որոնք կ՛արդարացնեն Իսրայէլի ոճիրները` աւելցնելով, որ Հըզպալլայի զինուորական եւ գումակային աջակցութեան գիծերը իրենց նախկին իրավիճակին վերադարձած են, եւ թշնամին մարդկային ու հրասայլերու հսկայական կորուստներ ունեցած է:

Աֆիֆ նշեց, որ Հըզպալլան Գալիլիոյ Կեսարիա քաղաքին մէջ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի տան վրայ յարձակումին ամբողջական եւ բացառիկ պատասխանատուութիւնը կը ստանձնէ:

Ան խօսքը Նեթանիահուին ուղղելով Աֆիֆ յայտնեց. «Դիմադրութեան մարտիկներուն աչքերը կը տեսնեն եւ ականջները կը լսեն, եւ եթէ մեր ձեռքը այս անգամ քեզի չհասաւ, ապա օրերը, գիշերներն ու մարտի դաշտը մեր առջեւն են»:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Պասիլ. «Ազգային Ազատ Հոսանքը Այսօր Հըզպալլայի Հետ Դաշինքի Կացութեան Մէջ Չէ, Եւ Ներկայ Պատերազմը Իսրայէլի Վրայ Հըզպալլայի Յարձակումով Սկսաւ»

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.