Լիբանանեան

Քաց. «Պաղեստինեան Պետութեան Ստեղծումը  Կազայի Եւ Այսրյորդանանի Մէջ Իրանեան  Ռազմակայանի Գոյութիւն Պիտի Նշանակէ»

Քաց. «Հըզպալլան Իր Յարձակումներուն Համար Սուղ Գին Վճարեց Եւ Պիտի Վճարէ»

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Իսրայէլ Քաց յայտնեց. «Իսրայէլեան լայնածաւալ յարձակում մը անցեալ գիշեր թիրախաւորեց Պէյրութի մէջ եւ ամբողջ Լիբանանի տարածքին Հըզպալլայի ելեւմտական ենթակառոյցը»: «Հսկայական հրդեհներ տեսնուեցան Պէյրութի մէջ, ուր բնակիչներուն զգուշացում ուղղելէ ետք աւելի քան 15 շէնքեր հարուածուեցան», ըսաւ Քաց: Իսրայէլեան դիւանագիտութեան պետը շեշտեց. «Հըզպալլան հիւսիսային Իսրայէլի վրայ իր յարձակումներուն եւ հրթիռարձակումներուն համար սուղ գին վճարեց ու պիտի շարունակէ վճարել»:...

Պու Հապիպ. «Վատիկանի Խոր Մտահոգութիւնը  Զգացի Լիբանանի Մէջ Կացութեան Վատթարացման,  Մասնաւորաբար Հարաւային Լիբանանի Մէջ  16 Քրիստոնէական Գիւղերու Ճակատագիրին Նկատմամբ»

Պու Հապիպ. «Վատիկանի Խոր Մտահոգութիւնը Զգացի Լիբանանի Մէջ Կացութեան Վատթարացման, Մասնաւորաբար Հարաւային Լիբանանի Մէջ 16 Քրիստոնէական Գիւղերու Ճակատագիրին Նկատմամբ»

Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ Հռոմի մէջ Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար Ռիչըրտ Փոլ Կալակըր կարտինալին հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Վատիկանի խոր մտահոգութիւնը զգացի Լիբանանի մէջ կացութեան վատթարացման, մասնաւորաբար հարաւային Լիբանանի մէջ 16 քրիստոնէական գիւղերու ճակատագիրին, ինչպէս նաեւ քաղաքական տեղքայլին եւ հանրապետութեան նախագահ չընտրելուն նկատմամբ»: «Վատիկանի փափաքը նկատեցի օգնելու Լիբանանին` շրջանցելու այս տագնապը,...

«Պէտք Է Կազայի Եւ Լիբանանի Մէջ Անմիջապէս  Զինադադար Հաստատել  Եւ Լարուածութիւնը Մեղմացնել»  Կ՛ըսէ Յորդանանի Թագաւորը

«Պէտք Է Կազայի Եւ Լիբանանի Մէջ Անմիջապէս Զինադադար Հաստատել Եւ Լարուածութիւնը Մեղմացնել» Կ՛ըսէ Յորդանանի Թագաւորը

Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան յատկացումներու յանձնախումբէն պատուիրակութեան մը հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտնեց. «Պէտք է դադրեցնել պաղեստինցիներուն դէմ իսրայէլեան ծայրայեղական բոլոր թշնամական արարքները, որոնք տագնապի ընդարձակման պիտի յանգեցնեն»: «Պէտք է Կազայի եւ Լիբանանի մէջ անմիջապէս զինադադար հաստատել եւ լարուածութիւնը մեղմացնել», ընդգծեց Յորդանանի թագաւորը: Ան զգուշացուց Երուսաղէմի մէջ իսլամական ու քրիստոնէական սրբավայրերու նկատմամբ ոտնձգութիւններու շարունակման հետեւանքներէն: Ապտալլա...

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Մտահոգութիւն  Յայտնեց Հայաստանի Գերիշխանական Տարածքին Վրայ Ազրպէյճանական Զինուորական Գործողութիւններուն Մասին

Լիբանանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Դատապարտեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Վրայ Իսրայէլեան Իրերայաջորդ Յարձակումները

Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ժամանակաւոր ուժերուն` ՖԻՆԻՒԼ-ին եւ խոր գնահատանք արտայայտեց 1978 թուականին ստեղծուելէն ի վեր անոր կատարած աշխատանքներուն` պահպանելու հարաւային Լիբանանի մէջ անվտանգութիւնն ու խաղաղութիւնը, ինչպէս նաեւ շրջանի հասարակութիւններու զարգացման նպաստելու: Նախարարութիւնը նաեւ խոր գնահատանք յայտնեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն մասնակից բարեկամ երկիրներու կառավարութիւններուն, «որոնք ջանք չխնայեցին ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան աջակցելու»: Լիբանանի արտաքին...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց. «Լիբանանի մէջ պատերազմը սեպտեմբերի սկիզբէն ի վեր Իսրայէլի գանձատան 6,7 միլիառ տոլար արժեց»: - ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար «Տիար» օրաթերթին յայտնեց. «Այսօր հազարաւոր պաշտօնեաներ իրենց ընկերութիւններուն կողմէ կամայականօրէն գործէ վտարուեցան կամ ալ մասնակի ամսականներ կը գանձեն»: - ՉԻՆԱԿԱՆ օժանդակութիւններով բեռցուած օդանաւ մը երէկ հասաւ Պէյրութի միջազգային օդակայան: - ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ օդային կամուրջի ծիրին...

Հըզպալլան Հարուածեց Նեթանիահուի Տունը

Հըզպալլան Հարուածեց Նեթանիահուի Տունը

Հըզպալլա շաբաթ առաւօտեան Լիբանանէն արձակուած անօդաչու թռչող սարքով ուղղակի կերպով հարուածեց Գալիլիոյ Կեսարիա քաղաքին մէջ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի տունը: Նեթանիահու հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով Հըզպալլան ամբաստանեց զինք մահափորձի ենթարկելու յանցանքով` նշելով, որ այդ փորձը «զիս եւ Իսրայէլը ետ պիտի չկանգնեցնէ ոտքի կանգնելու համար իր թշնամիներուն վրայ պատերազմը շարունակելէ... եւ պիտի իրագործենք պատերազմին մէջ մեր ճշդած բոլոր նպատակները, եւ սերունդներուն համար...

Իսրայէլ Կը Շարունակէ Լիբանանի Վրայ  Իր Յարձակումը, Հըզպալլա Կը Շարունակէ Հրթիռակոծել  Իսրայէլի Հիւսիսը Գտնուող  Ռազմակայաններն Ու Բնակեցման Վայրերը

Իսրայէլ Կը Շարունակէ Լիբանանի Վրայ Իր Յարձակումը, Հըզպալլա Կը Շարունակէ Հրթիռակոծել Իսրայէլի Հիւսիսը Գտնուող Ռազմակայաններն Ու Բնակեցման Վայրերը

Հըզպալլա երէկ շարունակեց հրթիռակոծել իսրայէլեան ուժերու հաւաքուած վայրերը, ռազմակայաններն ու իսրայէլեան բնակեցման վայրերը, ինչպէս նաեւ դէմ դնել իսրայէլեան ցամաքային ուժերու ներթափանցման փորձերուն: «Ետիոթ Ահրոնոթ» հաղորդեց. «Հըզպալլան սահմանագիծին վրայ միայն հարիւրաւոր մարտիկներով կը կռուի եւ աւելի մեծ ուժեր ետեւի գիծերուն վրայ կը պահէ` երկարատեւ ճակատամարտի համար»: Հըզպալլան երէկ ժամը 12:30-ին հրթիռակոծեց Սաֆատի արեւելքը Ռոշ Պինայի մէջ գտնուող «Ֆիլոն» ռազմակայանը, ժամը 1:05-ին...

«Եօթներու Խմբակ»-ի Արտաքին Գործոց  Նախարարները Այսօր Բրիտանիոյ Մէջ  Կը Գումարեն 2023-ի Ընթացքին Իրենց 3-րդ Ժողովը

«Մտահոգ Ենք Լիբանանի Մէջ Զարգացումներով Եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի Դէմ Սպառնալիքներով» Կ՛ըսէ «Եօթներու Խմբակ»-ը

«Եօթներու խմբակ»-ը (Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա, Գերմանիա, Իտալիա, Քանատա, Բրիտանիա, Ճափոն) Նափոլիի մէջ իր ժողովէն ետք միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Եօթներու խմբակ»-ի պետութիւնները միասնակամ են աջակցելու Կազայի մէջ անմիջական զինադադարի հաստատման անհրաժեշտութեան, բոլոր գերիներու ազատ արձակման, Կազայի բոլոր կողմերուն մարդասիրական օժանդակութեան հոսքի մեծ ու տեւական աճի արձանագրման եւ երկու պետութիւններ լուծումի ուղղութեամբ կենսունակ հոլովոյթի նկատմամբ»: Անդամ պետութիւնները մտահոգութիւն յայտնեցին «Լիբանանի...

Հարիս. «Իբրեւ Փոխնախագահ Առաւելագոյն Ջանքս  Պիտի Թափեմ Կազայի Եւ Լիբանանի Մէջ  Զինադադար Հաստատելու Համար»

Հարիս. «Իբրեւ Փոխնախագահ Առաւելագոյն Ջանքս Պիտի Թափեմ Կազայի Եւ Լիբանանի Մէջ Զինադադար Հաստատելու Համար»

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ, նախագահի պաշտօնին Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածու Քամալա Հարիս յայտնեց. «Տակաւին կը կարծեմ, որ Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ անդրսահմանեան կայունութեան հաստատման համար լուծումը դիւանագիտութիւնն է»: «Իբրեւ փոխնախագահ առաւելագոյն ջանքս պիտի թափեմ Կազայի եւ Լիբանանի մէջ Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ զինադադար հաստատելու համար», աւելցուց Հարիս: «Այս տարին շատ դժուար էր` նկատի ունենալով Կազայի մէջ մահերու եւ քանդումի տարողութիւնը եւ Լիբանանի...

Սթարմըր Նեթանիահուի Հետ Քննարկեց  Լիբանանի Մէջ Տիրող Կացութիւնն Ու «Քաղաքական  Լուծումի Ուղղութեամբ Յառաջընթաց  Արձանագրելու Կարեւորութիւնը»

Սթարմըր Նեթանիահուի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Մէջ Տիրող Կացութիւնն Ու «Քաղաքական Լուծումի Ուղղութեամբ Յառաջընթաց Արձանագրելու Կարեւորութիւնը»

Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըրի գրասենեակը հաղորդեց, որ ան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ եւ անոր յայտնած, որ «մտահոգուած է, երբ լսած է, թէ շաբաթ առտու անոր բնակարանին ուղղութեամբ անօդաչու թռչող սարք արձակուած է»: «Անոնք քննարկեցին Միջին Արեւելքի մէջ կացութիւնը Համաս շարժումի ղեկավար Եահիա Սընուարի սպանութենէն ետք: Սթարմըր ըսաւ, թէ վերջինս ահաբեկիչ ու վայրագ անձ մըն...

Թրամփ. «Եթէ Նախագահը Ես Ըլլայի, Կազայի  Եւ Լիբանանի Մէջ Պատերազմները Չէին Ըլլար»

Թրամփ. «Եթէ Նախագահը Ես Ըլլայի, Կազայի Եւ Լիբանանի Մէջ Պատերազմները Չէին Ըլլար»

Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ, նախագահի հանրապետական թեկնածու Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ եթէ Միացեալ Նահանգներու նախագահը ինք ըլլար, Կազայի եւ Լիբանանի մէջ պատերազմները պիտի չըլլային: Ան այս մասին յայտարարեց «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին: «Բոլոր այդ քաղաքներուն եւ շրջաններուն քանդումը տեղի պիտի չունենար», աւելցուց Թրամփ: Ան նաեւ յայտնեց, որ եթէ Միացեալ Նահանգներու նախագահը ինք ըլլար, «արդէն Համաս շարժումի բնակեցման...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- «ՍՔԱՅ ՆԻՈՒԶ» հաղորդեց, որ ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայն այսօր Լիբանան պիտի այցելէ: - ԻՐԱՆԻ խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆ յայտարարեց. «Լիբանանցի ժողովուրդի հիմնական յենարանը Իրանն ու անոր գերագոյն հոգեւոր պետ Ալի Խամենէին են»: - ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել նշեց. «Թերեւս պէտք է վերատեսութեան ենթարկել ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութիւնը, սակայն առաջնահերթութիւնը զինադադարի հաստատումն է»: Ան նաեւ...

Հըզպալլա.  «Թշնամիին Հետ Ճակատումի Նոր Ու Մագլցողական Փուլի Անցանք»

Հըզպալլա. «Թշնամիին Հետ Ճակատումի Նոր Ու Մագլցողական Փուլի Անցանք»

Հըզպալլա յայտարարեց, որ Իսրայէլի դէմ ճակատումի նոր ու մագլցողական փուլի անցած է` նշելով, որ իսրայէլեան բանակի շարքերուն մէջ մինչեւ հիմա արձանագրուած են շուրջ 55 զոհեր եւ 500 վիրաւորներ: «Հրթիռային ուժը կը շարունակէ օրէ օր աստիճանական մագլցումով հարուածել թշնամիին հաւաքավայրերն ու Պաղեստինի խորքին մէջ գտնուող ռազմակայանները», նշեց Հըզպալլայի շտապը: Հըզպալլա նշեց, որ այս շաբթուան սկիզբը բախումներու ընթացքին Իսրայէլեան կողմը ունեցած է...

Իտալիոյ Վարչապետը Պէյրութէն Յայտարարեց. «ՖԻՆԻՒԼ-ի Թիրախաւորումը Անընդունելի Է»

Իտալիոյ Վարչապետը Պէյրութէն Յայտարարեց. «ՖԻՆԻՒԼ-ի Թիրախաւորումը Անընդունելի Է»

Իտալիոյ վարչապետ Ճորճիա Մելոնի երէկ կէսօրէ ետք հասաւ Պէյրութ, ուր հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ: Միքաթի վարչապետարանին մէջ հանդիպումէն ետք Մելոնիի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ Իտալիոյ վարչապետին այցելութիւնը Լիբանանի եւ անոր ժողովուրդին զօրակցութեան արտայայտութիւնն է, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան իտալական աջակցութեան պատգամ: «Քննարկեցինք հարաւի մէջ ընթացող պատերազմը եւ վերահաստատեցինք, որ դիւանագիտական լուծումը պէտք է...

ՖԻՆԻՒԼ Իսրայէլի Դէմ Ինքնապաշտպանութեան Կարելիութեան Մասին Կը Խօսի

ՖԻՆԻՒԼ Իսրայէլի Դէմ Ինքնապաշտպանութեան Կարելիութեան Մասին Կը Խօսի

ՖԻՆԻՒԼ-ի բանբեր Անտրէա Թենենթի, խօսելով ինքնապաշտպանութեան կարելիութեան մասին, շեշտեց, որ «կարելի է անոր դիմել, սակայն կարեւորը լարուածութեան հանդարտեցումն է»` աւելցնելով. «Պէտք է Լիբանանի մէջ մնանք, եւ մեր ուժերու կորովը շատ բարձր է»: «Կապոյտ գիծի երկայնքին ենթակառոյցը մեծապէս վնասուեցաւ, եւ մարդասիրական կացութիւնը այդտեղ դժուար է», ըսաւ ան: «Մեր ուժերը, երբ յարձակումի ենթարկուեցան, կրնային ուժ կիրարկել եւ հակադարձել, սակայն այդտեղի ղեկավարութիւնը նախընտեց...

Քաց. «Լիբանանի Մէջ Իսրայէլի Գործողութիւնը Յաւելեալ Քանի Մը Շաբաթ Պիտի Տեւէ»

Քաց. «Լիբանանի Մէջ Իսրայէլի Գործողութիւնը Յաւելեալ Քանի Մը Շաբաթ Պիտի Տեւէ»

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Իսրայէլ Քաց յայտարարած է, որ հարաւային Լիբանանի մէջ իր երկրին ներխուժումով սկսած  զինուորական գործողութիւնը յաւելեալ քանի մը շաբաթ պիտի տեւէ: Ան այս մասին ըսած է գերմանական «Պիլտ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին: «Կը կարծեմ, որ հարաւի մէջ ատիկա պիտի տեւէ յաւելեալ քանի մը շաբաթ: Կը կարծեմ, որ ասիկա Հըզպալլայի դէմ իրատեսական լուծում է: Աշխարհը պէտք է Լիբանանի...

Քալիպաֆ. «Իրան Պատրաստ Պիտի Ըլլայ Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրութեան Քայլերուն Շուրջ Ֆրանսայի Հետ Բանակեցլու

Քալիպաֆ. «Իրան Պատրաստ Պիտի Ըլլայ Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրութեան Քայլերուն Շուրջ Ֆրանսայի Հետ Բանակեցլու

Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆ յայտնեց. «Իրան պատրաստ պիտի ըլլայ թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան քայլերուն շուրջ շօշափելի կերպով բանակցելու Ֆրանսայի հետ, որ պիտի գործէ իբրեւ Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի միջեւ միջնորդ պետութիւն»: Քալիպաֆ այս մասին յայտարարեց Ժընեւ իր այցելութեան ընթացքին` ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթի հետ հարցազրոյցին մէջ: Միքաթիի Արձագանգը Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի, անդրադառնալով Քալիպաֆի յայտարարութեան, յայտնեց. «Զարմանք կը...

Մաքրոն. «Իսրայէլ Պէտք Է Դադրեցնէ Լիբանանի Մէջ Իր Գործողութիւնները Եւ Յարգէ Անոր Գերիշխանութիւնը»

Մաքրոն. «Իսրայէլ Պէտք Է Դադրեցնէ Լիբանանի Մէջ Իր Գործողութիւնները Եւ Յարգէ Անոր Գերիշխանութիւնը»

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն Պրիւքսելի մէջ Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններու ղեկավարներու ժողովէն ետք լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին Իսրայէլին կոչ ուղղեց` «դադրեցնելու Լիբանանի մէջ իր զինուորական գործողութիւնները, յարգելու անոր գերիշխանութիւնը եւ խուսափելու տագնապին շրջագիծը ընդլայնելէ»: «Մենք Լիբանանի աջակցութեան խորհրդաժողով մը պիտի գումարենք` օգնելու համար հարիւր հազարաւոր տեղահանուածներուն եւ որդեգրելու քայլեր` արտօնելու համար սահմանի երկայնքին լիբանանեան բանակի տեղակայումը», նշեց Մաքրոն: «(Համասի քաղաքական...

Քաթարցի Իր Պաշտօնակիցին Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին.    Պլինքըն. «Ուաշինկթըն Յանձնառու Է Լիբանանի Մէջ Տագնապին Թիւ 1701 Որոշումի Հիմամբ Դիւանագիտական Լուծումի Հասնելուն»

Քաթարցի Իր Պաշտօնակիցին Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին. Պլինքըն. «Ուաշինկթըն Յանձնառու Է Լիբանանի Մէջ Տագնապին Թիւ 1701 Որոշումի Հիմամբ Դիւանագիտական Լուծումի Հասնելուն»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Նախարար Էնթընի Պլինքըն իր քաթարցի պաշտօնակիցին հետ քննարկեց Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Եահիա Սընուարի սպանութեան հարցը եւ տագնապին վերջ տալու ու գերիները ազատ արձակելու կարիքը»: Պլինքըն կարեւոր նկատած է ճշդել հոլովոյթ մը, որ Կազայի ժողովուրդը կարող կը դարձնէ իրենց կեանքը կառուցելու պատերազմէն ու Համասի տիրապետութենէն հեռու: Ան նաեւ Ուաշինկթընի յանձնառութիւնը յայտնած է Լիբանանի...

Պասիլ. «Շիիներու Իրենց Շրջաններէն Երկարատեւ Տեղահանութիւնը Ընկերային Եւ Քաղաքացիական Առումով Մեծ Վտանգ Է»

Պասիլ. «Շիիներու Իրենց Շրջաններէն Երկարատեւ Տեղահանութիւնը Ընկերային Եւ Քաղաքացիական Առումով Մեծ Վտանգ Է»

Ազգային ազատ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ «Մուտոն»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Նասրալլային ձգած բացը մեծ է, եւ հայրենիքին սպառնացող վտանգները շատ են: Զանոնք դիմակայելը դիւրին պիտի չըլլայ առանց ազգային միասնականութեան եւ լիբանանցիներու միջեւ զօրակցութեան` դիմակայելու համար յարձակումը եւ ամրապնդելու համար ներքին քաղաքական ու ընկերային կացութիւնը: «Հիմա տարակարծութիւններու եւ մէկ կողմի միւսին վրայ բռնանալու պահը չէ», շեշտեց ան: «Նոր նախաձեռնութիւնը...

Page 171 of 986 1 … 170 171 172 … 986

Արխիւներ