Քաթարի իշխանական դիւանը հաղորդեց, որ Քաթարի շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանը Գերմանիոյ հիւսիս-արեւելքը գտնուող Պրանտենպուրկ նահանգի Մեզեպերկ դղեակին մէջ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի հետ վարած է պաշտօնական բանակցութիւններ, որոնց ընթացքին արծարծուած են երկու երկիրներուն միջեւ բարեկամական յարաբերութիւնները, գոյութիւն ունեցող համագործակցութիւնը եւ բոլոր ոլորտներուն, մասնաւորաբար ներդրումի, տնտեսութեան եւ առեւտուրի ոլորտներուն մէջ յարաբերութիւնները ամրապնդելու եւ զարգացնելու կարելիութիւնները:
Նիստի ընթացքին քննարկուած են հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող շրջանային եւ միջազգային հարցերը, նախ եւ առաջ Կազայի, պաղեստինեան բռնագրաւեալ հողերու եւ Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնները, Միջին Արեւելքի մէջ մագլցումը նուազեցնելու ջանքերու աշխուժացման կարեւորութիւնն ու զինադադարի հաստատումը:
Քաթարի իշխանը յայտարարութիւն մը կատարելով նշեց. «Պերլինի մէջ Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայերի եւ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի հետ քննարկեցի մեր երկկողմանի յարաբերութիւնները սերտացնելու, քաղաքական, տնտեսական ու առեւտրական ոլորտներուն մէջ մեր հասարակաց ջանքերուն, ռազմավարական գործընկերութեան եւ փոխադարձ ու բազմազան ներդրումներուն ճամբով անոնց ծիրը ընդլայնելու մեր հասարակաց ձգտումը»: