Լիբանանեան

Իսրայէլեան Պետական Ձայնասփիւռի Կայանին Համաձայն.  Հոքշթայն Լիբանան Այցելելէ Ետք  Չորեքշաբթի Օր Իսրայէլ Պիտի Այցելէ

Իսրայէլեան Պետական Ձայնասփիւռի Կայանին Համաձայն. Հոքշթայն Լիբանան Այցելելէ Ետք Չորեքշաբթի Օր Իսրայէլ Պիտի Այցելէ

Իսրայէլի պետական ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց. «Կը նախատեսուի, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի խորհրդական Էյմըս Հոքշթայն Լիբանան իր այցելութենէն ետք չորեքշաբթի օր հասնի Իսրայէլ»: «Նաշրա» կայքի տեղեկութեան համաձայն, Հոքշթայնի Պէյրութ, ապա Թել Աւիւ սպասուող այցելութիւնները կը նշանակեն, թէ Ուաշինկթընի ղեկավարած բանակցութիւնները Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ պատերազմի դադրեցման կարգաւորման պարտադրման ուղղութեամբ կ՛ընթանայ: Լաւատեղեակ աղբիւրներ կայքին յայտնած են, որ Հոքշթայնի այցելութիւնները կը...

Ըստ «Արապիա»-ի.  Պըրրի Կը Խոստանայ Գործադրել Այն,  Որուն Շուրջ Հոքշթայնի Հետ  Համաձայնութիւն Կը Գոյանայ

Պըրրի. «Զինադադար Հաստատելու Հաւանականութիւնը Աւելի Քան 50 Առ Հարիւր Է»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին` խօսելով զինադադարի հաստատման շուրջ բանակցութիւններուն մասին, յայտնեց. «Մթնոլորտը դրական է եւ աշխատանքը ընթացքի մէջ է: Աստուած ուզէ հարցերը իրենց բարեյաջող աւարտին կը հասնին»: «Իսրայէլի հետ փորձառութիւնը ոչ իսկ օր մը եղած է առանց իսրայէլեան ականներու եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի կողմէ իրերայաջորդ ձգձգումներու, որոնք կ՛ականահարեն թափուած ամբողջ ջանքերը, ճիշդ ինչպէս աւելի...

«Խաղաղապահ Զինուորներու Վրայ Որեւէ Յարձակում  Միջազգային Օրէնքներու  Եւ Թիւ 1701 Որոշումի Բացայայտ Խախտում Է»  Կը Շեշտէ ՖԻՆԻՒԼ

«Խաղաղապահ Զինուորներու Վրայ Որեւէ Յարձակում Միջազգային Օրէնքներու Եւ Թիւ 1701 Որոշումի Բացայայտ Խախտում Է» Կը Շեշտէ ՖԻՆԻՒԼ

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ժամանակաւոր ուժերը` ՖԻՆԻՒԼ-ը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, թէ շաբաթ կէսօրին ֆրանսացի եւ ֆինլանտացի խաղաղապահներէ բաղկացած ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժ մը Պտիաս գիւղին մէջ պարեկութիւն կատարելու ընթացքին խումբ մը անհատներ, որոնցմէ առնուազն մէկը զինուած էր, անոնց աշխատանքին արգելք հանդիսացած են: Պարեկութիւն կատարող զինուորները յաջողած են շրջանցել խոչընդոտները եւ շարունակած իրենց ծրագրուած երթը: «Մէկ ժամ ետք, այդ ուժին Մաարաքէ գիւղէն...

Լարիժանի Ասատին Եւ Պըրրիին Նամակ Մը Փոխանցած Է

Լարիժանի Ասատին Եւ Պըրրիին Նամակ Մը Փոխանցած Է

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի աւագ խորհրդական Ալի Լարիժանի Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի եւ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի փոխանցած է նամակ մը, եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրին պիտի ձգէ անոր պարունակութեան պատասխանելը: Լարիժանի «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ նամակը, որ փոխանցած է «ուղղակի կերպով յեղափոխութեան եւ հանրապետութեան ղեկավարին կողմէ է», եւ անոր նպատակը «Դիմադրութեան ու լիբանանցի եւ սուրիացի...

Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»

Իտալիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Կը Բողոքէ Իր Իսրայէլացի Պաշտօնակիցին

Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ իսրայէլեան հրետանիէ արձակուած ռումբ մը ինկաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ժամանակաւոր ուժերու` ՖԻՆԻՒԼ-ի իտալական ուժի ռազմակայանին մէջ, եւ Իսրայէլ խոստացաւ դէպքին շուրջ հետաքննութիւն կատարել: Նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Անթոնիօ Թայանի խօսած է իր իսրայէլացի պաշտօնակից Կիտէոն Սահերի հետ եւ բողոքած ՖԻՆԻՒԼ-ի իտալական ուժերու անդամներուն եւ ենթակառոյցին վրայ իսրայէլեան յարձակումներուն...

Լիբանանի Յատուկ Միջազգային  Հնգեակի Դեսպաններու Հանդիպում

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ դիւանագիտական աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին յայտնեց. «Լիբանանի հարցով միջազգային հնգեակի դեսպանները յառաջիկայ քանի մը օրուան ընթացքին իրար միջեւ խորհրդակցական հանդիպում մը պիտի ունենան»: Աղբիւրը կը նշէ, որ հանդիպումը պիտի քննարկէ հաղորդակցութիւններու վերաշխուժացումը եւ «բոլոր քաղաքական կողմերուն մասնակցութեամբ» համախմբող նախագահի մը ընտրութեան նպաստելու համար իրենց կատարած գաղափարներու փոխանակումն ու խորհրդակցութիւնները: Աղբիւրը կ՛աւելցնէ, որ հնգեակի օրակարգին վրայ` իսրայէլեան յարձակումի...

Պէյրութի Հարաւային Արուարձաններուն Վրայ  Իսրայէլեան Իրերայաջորդ Յարձակումներ

Պէյրութի Հարաւային Արուարձաններուն Վրայ Իսրայէլեան Իրերայաջորդ Յարձակումներ

Իսրայէլեան օդուժը երէկ շարունակեց Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վրայ յարձակումները, մասնաւորաբար թիրախաւորելով Ղպէյրիի շրջանը: Անօդաչու թռչող սարքեր երկու յարձակումներ գործեցին Ղպէյրիի վրայ, ապա ռմբաձիգ օդանաւ մը բուռն յարձակում գործեց շրջանին վրայ Ղպէյրիի քաղաքապետարանին մօտ, այդ պատճառով ալ շէնք մը փուլ եկաւ: Նախքան այդ, իսրայէլեան բանակը զգուշացուց շրջանին բնակչութիւնը լքելու շրջանը, որմէ ետք Ղպէյրիի մէջ լսուեցան առատ կրակոցներ` զգուշացնելու համար բնակիչները, որ...

Լարիժանի. «Դիմադրութեան Եւ Լիբանանի  Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած  Որեւէ Որոշումի Կը Զօրակցինք»

Լարիժանի. «Դիմադրութեան Եւ Լիբանանի Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Կը Զօրակցինք»

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի աւագ խորհրդական Ալի Լարիժանի երէկ այցելեց Պէյրութ: Լարիժանի Այն Թինէի մէջ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ իր հանդիպումի ընթացքին յայտնեց. «Կը հաստատենք, որ Լիբանանի, անոր կառավարութեան, բանակին եւ Դիմադրութեան, կողքին կը կանգնինք ընդդէմ ոճրագործ, գոյացութեան յարձակումին»: Երկու կողմերը քննարկեցին «զինադադարի հարցը եւ լիբանանցի տեղահանուածներու դիմացկունութեան ամրապնդումը, ինչպէս նաեւ հասարակաց հետաքրքրութեան հարցեր»: Լարիժանի հանդիպումէն ետք լրագրողներուն...

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի.  Թրամփ Յոյս Կը Յայտնէ, Որ Լիբանանի Մէջ  Կարգաւորման Համաձայնութիւնը Իր Երդման  Արարողութենէն Առաջ Կը Գործադրուի

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի. Թրամփ Յոյս Կը Յայտնէ, Որ Լիբանանի Մէջ Կարգաւորման Համաձայնութիւնը Իր Երդման Արարողութենէն Առաջ Կը Գործադրուի

Իսրայէլացի պաշտօնատարներ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին յայտնած են, որ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ համաձայն գտնուած է Լիբանանի մէջ կարգաւորման ծրագիրին: Ան յոյս յայտնած է, որ կարգաւորման համաձայնութիւնը իր երդման արարողութենէն առաջ գործադրուի: «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» կը նշէ, որ Լիբանանի մէջ կարգաւորման ծրագիրի ընդհանուր գիծերը կը ներառեն Հըզպալլայի ուժերու եւ զէնքերու Լիթանի գետէն հիւսիս տեղափոխումը: Ըստ ծրագիրին, լիբանանեան բանակն...

Ըստ «Ժատիտ»-ի.  Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Պըրրիին  Յանձնած Է Զինադադարի Հաստատման  Առաջարկը Պարունակող Բնագիր Մը

Ըստ «Ժատիտ»-ի. Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Պըրրիին Յանձնած Է Զինադադարի Հաստատման Առաջարկը Պարունակող Բնագիր Մը

Ըստ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի տեղեկութիւններուն, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լիզա Ճոնսըն Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին յանձնած է բնագիր մը, որ զինադադարի հաստատման առաջարկ մը կը պարունակէ: Աղբիւրներուն համաձայն, դեսպան Ճոնսըն փոխան ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայնի Պըրրիին յանձնած է համաձայնութեան նախագիծը կամ այն ինչ որ կը կոչուի լուծումի առաջարկ, որ հիմնուած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումին վրայ,...

«Պայտընին Եւ Պլինքընին Նամակ Յղեցինք`  Պահանջելով Պըրրիի Վրայ Պատժամիջոցներ Հաստատել»  Կ՛ըսէ Քոնկրեսական Լահուտ

«Պայտընին Եւ Պլինքընին Նամակ Յղեցինք` Պահանջելով Պըրրիի Վրայ Պատժամիջոցներ Հաստատել» Կ՛ըսէ Քոնկրեսական Լահուտ

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի անդամ Տարեն Լահուտ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Ես կը հպարտանամ, որ ծագումով լիբանանցի եմ եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ լիբանանցիները կը ներկայացնեմ»: «Հըզպալլայի բուրգի կազմաքանդումը առիթ մըն է, որպէսզի Միացեալ Նահանգներն ու այլ պետութիւններ միջամտեն` աջակցելու Լիբանանին եւ նոր վարչակազմին հետ զայն վերակառուցելու», նշեց Լահուտ: Քոնկրեսական Լահուտ նշեց. «Պէտք է վստահ ըլլանք, որ Հըզպալլան պիտի չկարենայ վերադառնալ հարաւային...

Պերլին Կը Հերքէ, Թէ ՖԻՆԻՒԼ-ի Անդամ Գերմանացի  Զինուորներ Իսրայէլի Հետ Կը Գործակցին

Պերլին Կը Հերքէ, Թէ ՖԻՆԻՒԼ-ի Անդամ Գերմանացի Զինուորներ Իսրայէլի Հետ Կը Գործակցին

Գերմանիոյ կառավարութիւնը հերքեց այն տեղեկութիւնները, որոնք Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ժամանակաւոր ուժերուն` ՖԻՆԻՒԼ-ին անդամ գերմանացի զինուորներ կ՛ամբաստանեն Իսրայէլի հետ գործակցութեան յանցանքով: Գերմանական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է. «Լիբանանեան ծովեզերեայ ռատարներու մարմինը կը ֆինանսաւորուի Գերմանիոյ կողմէ, եւ զայն լիբանանցի զինուորներ կը ղեկավարեն, եւ լիբանանեան բանակն է, որ կը ճշդէ եւ կը վերահսկէ, թէ ռատարներու ճամբով իր ստացած տեղեկութիւններուն...

Ուաշինկթըն. «Հիւլէական Գործարքի  Վերականգնման Վերաբերեալ Եւրոպական Միութեան  Առաջարկին Թեհրանի Պատասխանը Կառուցողական Չէ»

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը մտահոգութիւն յայտնեց  Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վրայ Իսրայէլի յարձակումներուն նկատմամբ: Նախարարութեան բանբերի տեղակալ Վետանթ Փաթել յարձակումներուն վերաբերեալ հարցումի մը պատասխանելով ըսաւ. «Անշուշտ մտահոգուած ենք»: «Բազմիցս լսեցիք մեր խօսքը, թէ Պէյրութի մէջ այսպիսի (զինուորական) գործողութիւններ չենք ուզեր տեսնել, մանաւանդ որ ատիկա կը վերաբերի խիտ բնակչութեամբ շրջանի մը», աւելցուց Փաթել: - «ՈՒՈԼ ՍԹՐԻԹ ՃԸՌՆԸԼ» օրաթերթը կը հաղորդէ,...

Հարաւային Լիբանանի Գիւղերու Մօտ Հըզպալլայի  Եւ Իսրայէլեան Ուժերուն Միջեւ Բուռն Բախումներ

Հարաւային Լիբանանի Գիւղերու Մօտ Հըզպալլայի Եւ Իսրայէլեան Ուժերուն Միջեւ Բուռն Բախումներ

Իսրայէլեան օդուժը երէկ իրերայաջորդ յարձակումներ գործեց Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վրայ: Իսրայէլեան հրետանին ռմբակոծեց Մաժտալ Զում, Նաքուրա, Շամըհ, Մանսուրի եւ Ուատի Շեպաա գիւղերը: Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ բանակի 188-րդ զօրաբաժինը հարաւային Լիբանանի մէջ նոր շրջաններ հասած է եւ քանդած Հըզպալլայի մասնայատուկ «Ռատուան» ուժերու հրթիռարձակման հարթակներ ու զէնքերու պահեստանոցներ: Իսրայէլեան բանակը նաեւ յայտարարեց, որ Իկոզ, Տովտուան եւ Մակալան զօրախումբերը Գալիլիոյ զօրամասի հրամանատարութեան...

Իսրայէլացի Պաշտօնատար Մը  «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ին.  «Իսրայէլ Յունուարին  Թրամփին Պիտի Ներկայացնէ  Նուէր Մը, Որ Լիբանանի Հարցով Փոխըմբռնում Կը Ներառէ»

Իսրայէլացի Պաշտօնատար Մը «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ին. «Իսրայէլ Յունուարին Թրամփին Պիտի Ներկայացնէ Նուէր Մը, Որ Լիբանանի Հարցով Փոխըմբռնում Կը Ներառէ»

Իսրայէլացի պաշտօնատար մը «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ին յայտնած է, որ գոյութիւն ունի համաձայնութիւն մը, որուն հիմամբ Իսրայէլ յունուարին Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփին պիտի ներկայացնէ նուէր մը, որ Լիբանանի հարցով փոխըմբռնում կը ներառէ: Ամերիկեան ազդեցիկ օրաթերթը կը նշէ, թէ Իսրայէլ Թրամփին իբրեւ նուէր Լիբանանի մէջ զինադադարի ծրագիր մը կը պատրաստէ: «Ուաշինկթըն Փոսթ», վկայակոչելով իսրայէլացի պաշտօնատարներ, հաղորդեց, որ Թրամփի կեցութեան վայրին մէջ...

Խալիլ. «Զինադադարի Հսկողութեան Ամերիկեան  Եւ Ֆրանսական Մասնակցութեան Արգելք Չունինք»

Խալիլ. «Զինադադարի Հսկողութեան Ամերիկեան Եւ Ֆրանսական Մասնակցութեան Արգելք Չունինք»

Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Հասան Խալիլ «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Հոքշթայնի հետ (ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայն, «Ա.») համաձայնեցանք Իսրայէլին ներկայացուելիք համաձայնութեան բանաձեւի մը շուրջ, եւ մինչեւ հիմա մեր քննարկած տարազին վերաբերեալ որեւէ առարկութիւն կամ պատասխան չհասաւ»: «Հոքշթայնի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի միջեւ որեւէ նոր հաղորդակցութիւն տեղի չունեցաւ, եւ Հոքշթայն մեզի հաղորդեց, որ...

Պարրօ. «Իսրայէլ Կ՛ուզէ Զինադադարի Հաստատումէն Ետք  Իսկ Լիբանանը Հարուածելու Կարելիութիւնը Պահպանել»

Պարրօ. «Իսրայէլ Կ՛ուզէ Զինադադարի Հաստատումէն Ետք Իսկ Լիբանանը Հարուածելու Կարելիութիւնը Պահպանել»

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոել Պարրօ յայտնեց, որ իսրայէլացի պաշտօնատարներ Հըզպալլայի հետ զինադադարի համաձայնութեան հասնելու պայմաններուն մէջ որեւէ պահու Լիբանանը հարուածելու կարողութեան պահպանման վրայ կը պնդեն: Ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը, որ անցեալ շաբաթ Իսրայէլ այցելած էր, ֆրանսական խորհրդարանին մէջ նիստի մը ընթացքին նշեց, թէ իսրայէլացի պաշտօնատարները այդ նախապայմանը հետզհետէ աւելի կը կրկնեն: Պարրօ յայտնեց, որ անցեալ շաբաթ Իսրայէլի ռազմավարական հարցերու նախարար...

Պասիլ. «Հըզպալլան Չկրցաւ Իսրայէլին  Արգիլել Լիբանանը Քանդել  Եւ Անոր Ժողովուրդը Տեղահանել»

Պասիլ. «Հըզպալլան Չկրցաւ Իսրայէլին Արգիլել Լիբանանը Քանդել Եւ Անոր Ժողովուրդը Տեղահանել»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ «Ղատ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Անշուշտ զիս կ՛ուրախացնէ, որ Իսրայէլ Լիբանանի վրայ յաղթանակ չարձանագրէ, որովհետեւ ատիկա մեծ աղէտ է, սակայն մարտի դաշտին մէջ ինչ ալ պատահի, անիկա զսպման ուժը ի նպաստ Լիբանանի պիտի չվերականգնէ»: «Հըզպալլան չկրցաւ Իսրայէլին արգիլել Լիբանանը քանդել ու անոր ժողովուրդը տեղահանել, եւ Լիբանանի ու Իսրայէլի դիմանալու կարողութիւնը...

«Իրան Պիտի Շարունակէ  Հըզպալլային Աջակցիլ»  Կ՛ըսէ Զօր. Ֆատաւի

«Իրան Պիտի Շարունակէ Հըզպալլային Աջակցիլ» Կ՛ըսէ Զօր. Ֆատաւի

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատարի տեղակալ զօր. Ալի Ֆատաւի յայտնեց. «Պէտք է բոլորը նպաստեն Դիմադրութեան ճակատին աջակցութեան եւ անհաւատութեան ճակատի դիմակայման, իւրաքանչիւր անձ ըստ իր դիրքին, ըստ իր պատասխանատուութիւններուն ու կարողութիւններուն մարտի այս դաշտին մէջ պէտք է ներկայ ըլլայ»: Զօր. Ֆատաւի Քոմի մէջ Հըզպալլայի գրասենեակին կազմակերպած Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ահաբեկման քառասունքին արարողութեան ընթացքին յայտնեց. «Մենք, ինչպէս որ անցնող...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ Իսրայէլը մեր տունն է կուսակցութեան ղեկավար Աւիկտոր Լիպըրման յայտնեց. «Պէտք է վերջ տալ Լիբանանէն Հըզպալլայի կողմէ շարունակուող հրթիռարձակման»: «Եթէ լիբանանեան բանակը Հըզպալլայի դէմ չգործէ, Իսրայէլ պէտք է ուժեղ կերպով թիրախաւորէ Լիբանանի ենթակառոյցը», նշեց Լիպըրման: Լիպըրման առաջարկեց Լիբանանի մէջ ճակատամարտը վճռելու համար ստեղծել 15 քիլոմեթր խորութեամբ արգելակիչ գօտի մը, ուր ոեւէ մէկուն մուտքը արգիլուած է, այն պայմանով, որ Իսրայէլ...

Page 162 of 986 1 … 161 162 163 … 986

Արխիւներ