– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ Իսրայէլը մեր տունն է կուսակցութեան ղեկավար Աւիկտոր Լիպըրման յայտնեց. «Պէտք է վերջ տալ Լիբանանէն Հըզպալլայի կողմէ շարունակուող հրթիռարձակման»:
«Եթէ լիբանանեան բանակը Հըզպալլայի դէմ չգործէ, Իսրայէլ պէտք է ուժեղ կերպով թիրախաւորէ Լիբանանի ենթակառոյցը», նշեց Լիպըրման:
Լիպըրման առաջարկեց Լիբանանի մէջ ճակատամարտը վճռելու համար ստեղծել 15 քիլոմեթր խորութեամբ արգելակիչ գօտի մը, ուր ոեւէ մէկուն մուտքը արգիլուած է, այն պայմանով, որ Իսրայէլ այդտեղ 50-100 տարի մնայ:
– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Մաարիւ» օրաթերթը, վկայակոչելով ամերիկեան հետախուզութենէն պատասխանատու մը, հաղորդեց. «Հըզպալլայի կարողութիւնները մեծապէս վնասուեցան, սակայն Իսրայէլի սահմանին վրայ գտնուող անոր ցամաքային ուժերը մեծ մասամբ անվնաս կը մնան»:
«Հըզպալլան տակաւին արտասահմանի մէջ յարձակումներ շղթայազերծելու կարողութիւն ունի», նշած է պատասխանատուն:
– ԼԻԲԱՆԱՆԻ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայիատ յայտարարեց, որ երէկ Իրաքի վարչապետարանէն ու ելեւմուտքի նախարարութենէն իմացած է, որ համաձայն են Լիբանանի եւ Իրաքի միջեւ ստորագրուած Ֆիուլ Օյլի մատակարարման համաձայնագիրը փոխան հոկտեմբեր 2024 թուականին մինչեւ յունուար 2025 երկարաձգելու:


