Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի. Թրամփ Յոյս Կը Յայտնէ, Որ Լիբանանի Մէջ Կարգաւորման Համաձայնութիւնը Իր Երդման Արարողութենէն Առաջ Կը Գործադրուի

November 16, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլացի պաշտօնատարներ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին յայտնած են, որ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ համաձայն գտնուած է Լիբանանի մէջ կարգաւորման ծրագիրին:

Ան յոյս յայտնած է, որ կարգաւորման համաձայնութիւնը իր երդման արարողութենէն առաջ գործադրուի:

«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» կը նշէ, որ Լիբանանի մէջ կարգաւորման ծրագիրի ընդհանուր գիծերը կը ներառեն Հըզպալլայի ուժերու եւ զէնքերու Լիթանի գետէն հիւսիս տեղափոխումը:

Ըստ ծրագիրին, լիբանանեան բանակն ու Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ժամանակաւոր ուժերը` ՖԻՆԻՒԼ-ը պիտի գործեն ծրագիրի մը հիմամբ` արգիլելու համար Հըզպալլայի հարաւային Լիբանան վերադարձը:

«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» կը նշէ. «Առկախ մնացած գլխաւոր կէտը զինադադարի համաձայնագիրի գործադրումը պարտադրելու Իսրայէլի կարողութեան երաշխաւորումն է, եթէ ՄԱԿ-ն ու լիբանանեան բանակը ձախողին ատիկա կատարել»:

Իսրայէլեան աղբիւրներ «Ճուիշ Ինսայտըր»-ին յայտնեցին. «Լիբանանի մէջ զինադադարի համաձայնութիւնը Հըզպալլայի զինման դադրեցումը երաշխաւորելու համար ամերիկեան մասնակցութիւն կը ներառէ»:

Իսրայէլեան «Ուալլա» կայքը, մէջբերելով ամերիկացի պաշտօնատար մը, հաղորդեց. «Իսրայէլ եւ Լիբանան կ՛ուզեն համաձայնութիւն կնքել, սակայն յստակ չէ, թէ որքա՛ն պատրաստ են զիջումներ կատարելու»:

 

 

 

Նախորդը

Ըստ «Ժատիտ»-ի. Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Պըրրիին Յանձնած Է Զինադադարի Հաստատման Առաջարկը Պարունակող Բնագիր Մը

Յաջորդը

Լարիժանի. «Դիմադրութեան Եւ Լիբանանի Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Կը Զօրակցինք»

RelatedPosts

Նապաթիէի Մէջ Բանակի Մեքենային Վրայ  Իսրայէլեան Յարձակում
Լիբանանեան

Նապաթիէի Մէջ Բանակի Մեքենային Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

October 1, 2026
Վարչապետի Գրասենեակը Սալամին  Եւ Ռուպիոյին Վերագրուած  Դիրքորոշումները Կը Հերքէ
Լիբանանեան

Վարչապետի Գրասենեակը Սալամին Եւ Ռուպիոյին Վերագրուած Դիրքորոշումները Կը Հերքէ

October 1, 2026
Սալամ. «Կ՛ուզենք Իրանի  Եւ Սուրիոյ Հետ Նոր Էջ Բանալ»
Լիբանանեան

Սալամ. «Կ՛ուզենք Իրանի Եւ Սուրիոյ Հետ Նոր Էջ Բանալ»

October 1, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.