Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոել Պարրօ յայտնեց, որ իսրայէլացի պաշտօնատարներ Հըզպալլայի հետ զինադադարի համաձայնութեան հասնելու պայմաններուն մէջ որեւէ պահու Լիբանանը հարուածելու կարողութեան պահպանման վրայ կը պնդեն:
Ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը, որ անցեալ շաբաթ Իսրայէլ այցելած էր, ֆրանսական խորհրդարանին մէջ նիստի մը ընթացքին նշեց, թէ իսրայէլացի պաշտօնատարները այդ նախապայմանը հետզհետէ աւելի կը կրկնեն:
Պարրօ յայտնեց, որ անցեալ շաբաթ Իսրայէլի ռազմավարական հարցերու նախարար Ռոն Տերմերի եւ նոր նշանակուած պաշտպանութեան նախարար Եիսրայէլ Քացի հետ բանակցութիւններ վարած է, եւ «այսօր Իսրայէլի մէջ կը լսենք ձայներ, որոնք որեւէ պահու ոչ միայն հարուածներ հասցնելու, այլ նաեւ Լիբանան ներխուժելու կարողութեան պահպանումը կը պահանջեն, եւ նոյնն է պարագան դրացի Սուրիոյ համար»` աւելցնելով. «Ասիկա ուժեղ պետութեան մը գերիշխանութեան համահունչ չէ»:
Ֆրանսացի նախարարը շեշտեց, որ Ֆրանսայի Լիբանանի վերաբերեալ նախաձեռնութեան մը առանձին ղեկավարումը անիմաստ է, որովհետեւ Իսրայէլի համոզելու համար Միացեալ Նահանգներուն կարիքը կայ, նոյնպէս ալ Ուաշինկթընի ինքնագլուխ գործելը անօգուտ է, որովհետեւ «Լիբանանի մէջ ներքին քաղաքական տինամիզմին ճշգրիտ գնահատումէն զուրկ պիտի ըլլայ»:
Շարք մը դիւանագէտներ կը նշեն, որ գրեթէ անկարելի պիտի ըլլայ Հըզպալլան ու Լիբանանը համոզել այդպիսի պահանջ մը ներառող որեւէ առաջարկ ընդունիլ:


