Լիբանանեան

Իսրայէլ Գիշերուան Կողքին Ցերեկով  Եւս Յարձակումներ Կը Գործէ Պէյրութի Հարաւային Արուարձաններուն Վրայ

Իսրայէլ Գիշերուան Կողքին Ցերեկով Եւս Յարձակումներ Կը Գործէ Պէյրութի Հարաւային Արուարձաններուն Վրայ

Հըզպալլան շարունակեց հրթիռակոծել իսրայէլեան հողերն ու անոր ուժերու հաւաքման վայրերը: Հըզպալլայի մարտիկները առաւօտեան ժամը 5:00-ին հրթիռակոծեցին Մարուն Ռաս գիւղի արեւելքը հաւաքուած իսրայէլեան ուժերը: Կուսակցութիւնը երէկ հրթիռակոծեց նաեւ Սահսահ ու Քաֆար Ֆրատիմ բնակեցման վայրերը եւ Թել Աւիւի հարաւ-արեւելքը գտնուող «Թել Նով» օդուժի ռազմակայանը: Հըզպալլան երէկ հարաւային Լիբանանի կեդրոնական շրջանին վերեւ թռիչք կատարող «Հերմես 900» տիպի անօդաչու թռչող սարքի մը վրայ հակաօդային...

Ապտելաթի. «Լիբանանի Մէջ Զինադադարը  Բացարձակ Առաջնահերթութիւն Է»

Ապտելաթի. «Լիբանանի Մէջ Զինադադարը Բացարձակ Առաջնահերթութիւն Է»

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապտելաթի երէկՊէյրութի միջազգային օդակայան հասնելէ անմիջապէս ետք յայտարարեց. «Իսրայէլեան յարձակումը պէտք չէ հիմակուընէ մինչեւ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի 20 յունուարին նախատեսուած երդման արարողութիւնը շարունակուի»: «Եգիպտոս Լիբանանին կը տրամադրէ իր կրցած օժանդակութիւնները», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ երէկ հասած օժանդակութիւնները իրենց տեսակին մէջ չորրորդն էին «եւ պարտականութիւն ու պարտաւորութիւն են»: «Մենք շարունակ կը պնդենք, որ...

Ըստ Միացեալ Նահանգներու  Արտաքին Գործոց Նախարարութեան.  Պոնոն Հանդիպած Է Հիմնական Շահագրգիռ  Կողմերուն Հետ` Աջակցելու Համար  Հայաստան-Ազրպէյճան  Խաղաղութեան Հոլովոյթին»

Ուաշինկթըն. «Լիբանանի Մէջ Պատերազմին Վերաբերեալ Մեր Դիրքորոշումը Յստակ Է Եւ Համահունչ Թիւ 1701 Որոշումի Ամբողջական Գործադրման, Ներառեալ Հըզպալլայի Ապազինման»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց. «Մեր դիրքորոշումը այն է, որ Լիբանանի մէջ պատերազմին վերջ տալու ուղիները դիւանագիտական ջանքերն են»: «Լիբանանի մէջ պատերազմին վերաբերեալ մեր դիրքորոշումը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը գործադրելն է, ներառեալ Հըզպալլան ապազինելը», աւելցուց նախարարութիւնը: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց. «Իսրայէլ Կազայի մէջ մարդասիրական կացութեան բարելաւման քայլեր որդեգրեց` ընդառաջելով արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի եւ...

Լաւրենթիեւ. «Իսրայէլի Սուրիայէն Լիբանան  Զէնքերու Անցման Արգիլման Երաշխիքներ Ուզելը  Ռուս Զինուորներու Լիազօրութեան Ծիրէն Դուրս Է»

Լաւրենթիեւ. «Իսրայէլի Սուրիայէն Լիբանան Զէնքերու Անցման Արգիլման Երաշխիքներ Ուզելը Ռուս Զինուորներու Լիազօրութեան Ծիրէն Դուրս Է»

Ռուսիոյ նախագահի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Ալեքսանտր Լաւրենթիեւ «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարեց. «Իսրայէլ անցեալ շաբաթ յարձակում գործեց Հմեյմիմ օդակայանին մերձակայքին վրայ, սակայն այդտեղ գտնուող ռուսական ռազմակայանը չթիրախաւորեց»: «Ռուսական բանակը Իսրայէլին փոխանցեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Սուրիոյ մէջ ռուսական ռազմակայանին մօտ յարձակումները անընդունելի են», աւելցուց Լաւրենթիեւ: «Ռուսիան կը յուսայ, որ Իսրայէլ կը դադրի Սուրիոյ մէջ ռուսական...

Արաղչի. «Ամերիկան Բազմիցս Կը Յայտարարէ,  Թէ Կը Փորձէ Լիբանանի Մէջ Զինադադար Հաստատել`  Առանց Արդիւնքի Հասնելու, Ինչ Որ Կա՛մ Կեղծաւորութիւն Է,  Կա՛մ Անկարողութիւն, Կա՛մ Ալ Երկուքը»

Արաղչի. «Ամերիկան Բազմիցս Կը Յայտարարէ, Թէ Կը Փորձէ Լիբանանի Մէջ Զինադադար Հաստատել` Առանց Արդիւնքի Հասնելու, Ինչ Որ Կա՛մ Կեղծաւորութիւն Է, Կա՛մ Անկարողութիւն, Կա՛մ Ալ Երկուքը»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի նշեց, որ ամերիկեան իշխանութիւնները «բազմիցս կը յայտարարեն Լիբանանի մէջ զինադադար հաստատելու փորձի մասին, սակայն առանց արդիւնքի հասնելու, ինչ որ կա՛մ կեղծաւորութիւն է, կա՛մ անկարողութիւն, կա՛մ ալ երկուքը»: Այս մասին հաղորդեց ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը: Արաղչի լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Մենք բազմիցս ըսինք, թէ այն, ինչ որ ամերիկեան իշխանութիւնները կը յայտարարեն, մեզի համար արժեչափ չէ,...

«Փէյճըրներու Գնման Մէջ Որեւէ Դեր Չունէինք,  Եւ Իսրայէլը Նասրալլան Հետապնդելու Համար  Արհեստական Բանականութեան Կարիքը Չունէր»  Կ՛ըսէ Դեսպան Ամանի

«Փէյճըրներու Գնման Մէջ Որեւէ Դեր Չունէինք, Եւ Իսրայէլը Նասրալլան Հետապնդելու Համար Արհեստական Բանականութեան Կարիքը Չունէր» Կ՛ըսէ Դեսպան Ամանի

Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանի յայտնեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլան հետապնդելու համար արհեստական բանականութեան կարիք չկար, եւ Իրան փէյճըրներու գնման մէջ որեւէ դերակատարութիւն չունէր: Ան նշեց, որ բազմաթիւ անձեր կ՛օգտագործեն կոչման այդ սարքերը եւ անոնք քաղաքայիններ էին, եւ այդ սարքերը որեւէ զինուորական օգտագործում չունի: «Հըզպալլան այդ սարքերը ներածեց, եւ այդ դէպքէն ետք Լիբանանի մէջ անոնց օգտագործումը...

Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Նեթանիահու Պայտընի Վարչակազմին Յայտնած Է,  Որ Կ՛ուզէ Քանի Մը Շաբաթէն Վերջ Տալ  Լիբանանի Մէջ Պատերազմին

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Նեթանիահու Պայտընի Վարչակազմին Յայտնած Է, Որ Կ՛ուզէ Քանի Մը Շաբաթէն Վերջ Տալ Լիբանանի Մէջ Պատերազմին

Ամերիկացի պաշտօնատարներ ամերիկեան «Աքսիոս» կայքին յայտնած են, թէ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմին յայտնած է, որ կ՛ուզէ քանի մը շաբաթէն վերջ տալ Լիբանանի մէջ պատերազմին: Ամերիկացի պաշտօնատար մը կայքին յայտնած է. «Իսրայէլի բանագնաց նախարար Ռոն Տերմերի Ուաշինկթընի մէջ Լիբանանի գծով զինադադարի հաստատման վերաբերեալ ժողովները արդիւնաւէտ էին»: Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Իսրայէլի նոր նշանակուած...

Իսրայէլեան Բանակը Լիբանանի Մէջ  Իր Ցամաքային Գործողութեան  Երկրորդ Փուլին Սկսաւ

Իսրայէլեան Բանակը Լիբանանի Մէջ Իր Ցամաքային Գործողութեան Երկրորդ Փուլին Սկսաւ

Իսրայէլի հիւսիսային տարբեր շրջաններուն մէջ ահազանգներ հնչեցին, երբ Լիբանանէն արձակուած անօդաչու թռչող սարքեր շրջան մուտք գործեցին: Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ իր ուղղաթիռները Աքքայի վերեւ կը հետապնդեն Լիբանանէն եկած շարք մը անօդաչու թռչող սարքեր: Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը յայտնեց, որ Հայֆայի արեւելքը գտնուող Նշերի մէջ ժողովրդային կեդրոնի մը մօտ անօդաչու թռչող սարք մը պայթած է: Իսրայէլեան օդուժը երէկ շարունակեց հարաւային Լիբանանի...

Սիսի Միքաթիին Յայտնեց Լիբանանի,  Անոր Գերիշխանութեան Ու Ժողովուրդին  Եգիպտոսի Զօրակցութիւնը

Սիսի Միքաթիին Յայտնեց Լիբանանի, Անոր Գերիշխանութեան Ու Ժողովուրդին Եգիպտոսի Զօրակցութիւնը

Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի վերահաստատեց «Լիբանանին, անոր գերիշխանութեան ու հողային ամբողջականութեան աջակցող Եգիպտոսի դիրքորոշումը, ինչպէս նաեւ պաղեստինեան հողերուն կամ Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումին մերժումն ու դատապարտումը»: Այս մասին հաղորդեց վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի գրասենեակը: Սիսի Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ Ռիատի մէջ արաբ-իսլամական արտակարգ ժողովի ծիրին մէջ հանդիպումի ընթացքին շեշտեց «շրջանին մէջ մագլցումի դադրեցման, շրջանի անոր ժողովուրդի ներկային...

Իսրայէլեան Պատկերասփիւռի 13-րդ Կայանին Համաձայն  Իսրայէլի Միացեալ Նահանգներու Յղած Պատգամը Այն Է,  Որ Լիբանանի Մէջ Կռիւի Սպառումով Քանի Մը  Շաբաթէն Կարգաւորում Կը Փափաքի

Իսրայէլեան Պատկերասփիւռի 13-րդ Կայանին Համաձայն Իսրայէլի Միացեալ Նահանգներու Յղած Պատգամը Այն Է, Որ Լիբանանի Մէջ Կռիւի Սպառումով Քանի Մը Շաբաթէն Կարգաւորում Կը Փափաքի

Բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը` մէջբերելով լաւատեղեակ աղբիւր մը հաղորդեց, որ Իսրայէլի պաշտօնատարները կրնան Լիբանանի մէջ համաձայնութիւն մը օգտագործել որոշ չափով մեղմացնելու համար միջազգային ճնշումները: Աղբիւրը նշեց, որ Իսրայէլի պաշտօնատարները մտահոգ են Ուաշինկթընի` Կազայի մէջ մարդասիրական կացութեան վատթարացման վերաբերեալ հետզհետէ աճող քննադատութիւններէն: Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլի Միացեալ Նահանգներու յղած պատգամը այն է, որ Լիբանանի մէջ կռիւի սպառումով քանի...

Պըրրի Մերժեց Թիւ 1701 Բանաձեւի  Որեւէ Բարեփոխում

Պըրրի Կը Յայտնէ, Որ Լիբանանի Եւ Անոր Գերիշխանութեան Հաշուոյն Լուծումը Մերժելի Է

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի մեկնաբանեց իր պայմաններով լուծումի եւ  ի շահ իրեն կարգաւորման Իսրայէլի առաջարկը` նշելով. «Մեր դիրքորոշումը յստակ է. զինադադար եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի գործադրում: Ետքը, կա՞յ ողջախոհ անձ մը, որ կը կարծէ, թէ համաձայն պիտի ըլլանք կարգաւորման մը կամ լուծումի մը, որ Իսրայէլի շահը կ՛ապահովէ ի վնաս Լիբանանի եւ անոր գերիշխանութեան»: Ան այս մասին յայտնեց...

Միքաթի Պըրրիին Ներկայացուց Արաբական-Իսլամական  Վեհաժողովի Արդիւնքներն Ու Իր Հանդիպումները

Միքաթի Պըրրիին Ներկայացուց Արաբական-Իսլամական Վեհաժողովի Արդիւնքներն Ու Իր Հանդիպումները

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ հանդիպում ունեցաւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ: Վերջինս խորհրդարանի նախագահը դրաւ Ռիատի մէջ Սէուտական Արաբիոյ հիւրընկալած Արաբական-իսլամական վեհաժողովի արդիւնքներուն, այդ վեհաժողովի ծիրին մէջ իր ունեցած հանդիպումներուն եւ կատարած հաղորդակցութիւններուն մթնոլորտին մէջ: Հանդիպումը առիթ մըն էր արծարծելու քաղաքական եւ ապահովական զարգացումները, ինչպէս նաեւ տեղահանուածներու թղթածրարը: Պըրրի նաեւ ընդունեց խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլին եւ...

Ժոմպլաթ. «Որեւէ Տուեալ Չունիմ, Թէ Պատերազմը  Շուտով Պիտի Աւարտի, Եւ Նասրալլայի Ահաբեկումէն Ետք  Չեմ Գիտեր Որո՛ւ Հետ Երկխօսութիւն Կը Կատարենք»

Ժոմպլաթ. «Որեւէ Տուեալ Չունիմ, Թէ Պատերազմը Շուտով Պիտի Աւարտի, Եւ Նասրալլայի Ահաբեկումէն Ետք Չեմ Գիտեր Որո՛ւ Հետ Երկխօսութիւն Կը Կատարենք»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ «Ախպար» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ Իրանի եւ Իսրայէլի միջեւ «բաց պատերազմ»-էն դուրս գալու յոյսի նշոյլ չի տեսներ: Ան նշեց, որ լիբանանեան իւրայատկութիւնը յարգող նահատակ սէյիտ Հասան Նասրալլայի ահաբեկումէն ետք, «որ լիբանանեան իւրայատկութիւնը կը յարգեր, «Հըզպալլայի մէջ չմնաց մէկը, որուն հետ երկխօսութիւն կատարենք»: «Իմ կարծիքով, երկխօսութիւն կատարողը, որ Լիբանանը կը...

Իսրայէլի Նոր Նշանակուած Պաշտպանութեան  Նախարարը Կը Յայտարարէ.  «Առաջնահերթութիւնը Գերիներու Տունդարձը,  Համասի Եւ Հըզպալլայի Քանդումն Է»

Քաց. «Լիբանանի Մէջ Որեւէ Ժամանակաւոր Զինադադար Կամ Դադրեցում Պիտի Չըլլայ, Պիտի Շարունակենք Մեր Ամբողջ Ուժով Հարուածել Հըզպալլան, Մինչեւ Պատերազմի Նպատակներու Իրագործումը»

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եիսրայէլ Քաց յայտարարեց, որ Իրան այսօր աւելի քան երբեք ենթակայ է իր հիւլէական կառոյցներուն դէմ հարուածի, եւ ազգային լայն համախոհութիւն գոյութիւն ունի, որ պէտք է իրանեան հիւլէական ծրագիրը տապալել, ինչպէս նաեւ կայ այն հասկացողութիւնը, թէ նպատակը իրագործելի է: Քաց յայտարարեց. «Լիբանանի մէջ որեւէ ժամանակաւոր զինադադար կամ դադրեցում պիտի չըլլայ, պիտի շարունակենք մեր ամբողջ ուժով հարուածել Հըզպալլան ու...

Ամանի Լիբանան Վերադառնալէ Առաջ  Հանդիպում Ունեցաւ Արաղչիի Հետ

Ամանի Լիբանան Վերադառնալէ Առաջ Հանդիպում Ունեցաւ Արաղչիի Հետ

Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանի Պէյրութի մէջ փէյճըրներու պայթումներուն ընթացքին վիրաւորուելով Թեհրանի մէջ դարմանումի ենթարկուելէն ետք, Լիբանան իր աշխատանքին վերադառնալէ առաջ հանդիպում ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ: Անոնք քննարկեցին ապագայ այն քայլերը, որոնք պէտք է որդեգրել Լիբանանի մէջ ներկայ զարգացումներուն ծիրին մէջ: Արաղչի հանդիպումի ընթացքին յայտնեց, որ պէտք է ազդու քայլեր որդեգրել եւ շարունակել միջազգային մակարդակի...

Հըզպալլա Հրթիռակոծեց Քարմայէլի  Իսրայէլեան Ռազմակայանը

Հըզպալլա Հրթիռակոծեց Քարմայէլի Իսրայէլեան Ռազմակայանը

Հըզպալլան երէկ ժամը 12:10-ին մեծաթիւ հրթիռներով հրթիռակոծեց Քարմայէլ բնակեցման վայրին մէջ իսրայէլեան բանակի անկարգելաւորներու մարզման ռազմակայանը: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Քարմայէլի մէջ արձանագրուած են 6 վիրաւորներ: Հըզպալլան միեւնոյն ժամանակ ճշգրտօրէն հարուածեց Աւիւիմ բնակեցման վայրին մէջ հաւաքուած իսրայէլեան ուժերը: Կուսակցութիւնը նաեւ հրթիռակոծեց Մաալոթ Թարշիհա բնակեցման վայրը եւ Իպատ դիրքին մէջ հաւաքուած իսրայէլեան ուժերը: Հըզպալլան հարաւային Լիբանանի առաջնագիծին վրայ, մասնաւորաբար Մարուն Ռաս...

Ռիատի Վեհաժողովը Դատապարտեց Իսրայէլի Ոճիրները  Եւ Պաղեստինեան Պետութեան Ստեղծումը Պահանջեց

Ռիատի Վեհաժողովը Դատապարտեց Իսրայէլի Ոճիրները Եւ Պաղեստինեան Պետութեան Ստեղծումը Պահանջեց

Երէկ Ռիատի մէջ տեղի ունեցաւ արաբական-իսլամական վեհաժողովը, որուն բացման արարողութեան ընթացքին Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ Պըն Սալման Իշխանը յայտնեց. «Պաղեստինցի ժողովուրդին վրայ Իսրայէլի յարձակումները շարունակելը կը խոչընդոտէ խաղաղութեան հաստատման ջանքերը»: Ան ըսաւ, որ անհրաժեշտ է շարունակել 1967-ի սահմաններով եւ Արեւելեան Երուսաղէմ մայրաքաղաքով պաղեստինեան պետութեան ստեղծման հասարակաց ջանքերը` շեշտելով պաղեստինեան իշխանութեան դերի կրճատման մերժումը: Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգը դատապարտեց Լիբանանի հողերը թիրախաւորող...

Սահեր. «Լիբանանի Մէջ Զինադադարի  Հաստատման Բանակցութիւններուն Մէջ  Յառաջընթաց Գոյութիւն Ունի»

Սահեր. «Լիբանանի Մէջ Զինադադարի Հաստատման Բանակցութիւններուն Մէջ Յառաջընթաց Գոյութիւն Ունի»

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահեր յայտնեց. «Լիբանանի մէջ զինադադարի հաստատման բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց գոյութիւն ունի»: «Կարգաւորման պատրաստ պիտի ըլլանք, եթէ Հըզպալլան մեր հիւսիսային սահմաններէն հեռու ըլլայ եւ Լիթանի գետէն անդին նահանջէ, եւ պատրաստ ենք Կազայի մէջ պատերազմը աւարտելու, երբ մեր նպատակները իրագործենք», նշեց իսրայէլեան դիւանագիտութեան պետը: «Հըզպալլայի վերազինուելու անկարողութենէն եւ Իսրայէլին վտանգ չներկայացնելէն վստահ ըլլալը կենսական է Լիբանանի վերաբերեալ...

Աֆիֆ. «Թեհրանի, Ուաշինկթընի Եւ Մոսկուայի Միջեւ  Քաղաքական Մեծ Շարժում Գոյութիւն Ունի, Սակայն Յարձակումի Դադրեցման Վերաբերեալ  Որեւէ Առաջարկ Լիբանան Չհասաւ»

Աֆիֆ. «Թեհրանի, Ուաշինկթընի Եւ Մոսկուայի Միջեւ Քաղաքական Մեծ Շարժում Գոյութիւն Ունի, Սակայն Յարձակումի Դադրեցման Վերաբերեալ Որեւէ Առաջարկ Լիբանան Չհասաւ»

Հըզպալլայի հանրային կապերու պատասխանատու Մոհամետ Աֆիֆ «Սէյիտ Շուհատա» համալիրին մէջ Հըզպալլայի նահատակներու օրուան առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Մարտի դաշտի իրողութիւնները մեր մարտիկներուն ձեռքն են, եւ անոնց պիտի պատկանի վճռորոշ խօսքը»: Ան նաեւ նշեց. «Աւելի քան 40 օր արիւնալի կռիւէ ետք, թշնամին տակաւին անկարող է նոյնիսկ լիբանանեան մէկ գիւղ գրաւելու»: «Մեր հրթիռներու պահեստի մեծ նուազումին մասին խօսքը պարզապէս սուտ...

ՄԱԿ-Ի Ապահովութեան Խորհուրդի Կազա-Իսրայէլ  Տագնապի Հարցով Առաջին Բաց Նիստի Ընթացքին  Զինադադարի Անմիջական Հաստատման Կոչեր

Ըստ «Նաշրա»-ի. Ապահովութեան Խորհուրդին Մէջ Պատերազմին Վերջ Տալու Ռուս-Ամերիկեան Նախագիծ Մը Գոյանալու Եզրին Է

«Նաշրա» կայքի տեղեկութեան համաձայն, ամերիկացիներուն ու ռուսերուն միջեւ երկխօսութիւնը մօտ է գոյացնելու որոշումի նախագիծ մը, որ պիտի ներկայացուի ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին` վերջ տալու համար Կազայի եւ Լիբանանի մէջ պատերազմին: Աղբիւր մը «Նաշրա»-ին յայտնած է. «Ամերիկացիներն ու ռուսերը լրջօրէն տրամադրուած են պատրաստելու ՄԱԿ-ի որոշում մը, որ կողմերուն կը պարտադրէ պատերազմը դադրեցնել, ինչպէս նաեւ Մոսկուային կը յանձնէ լիբանանեան-սուրիական սահմանի թղթածրարը` արգիլելու համար...

Page 163 of 986 1 … 162 163 164 … 986

Արխիւներ