Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ «Ղատ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Անշուշտ զիս կ՛ուրախացնէ, որ Իսրայէլ Լիբանանի վրայ յաղթանակ չարձանագրէ, որովհետեւ ատիկա մեծ աղէտ է, սակայն մարտի դաշտին մէջ ինչ ալ պատահի, անիկա զսպման ուժը ի նպաստ Լիբանանի պիտի չվերականգնէ»:
«Հըզպալլան չկրցաւ Իսրայէլին արգիլել Լիբանանը քանդել ու անոր ժողովուրդը տեղահանել, եւ Լիբանանի ու Իսրայէլի դիմանալու կարողութիւնը տարբեր է, որովհետեւ ան (Լիբանանը, «Ա.») համեմատական վնասին չի տոկար, եւ ես իրապաշտութեամբ կը խօսիմ, որպէսզի մարդիկը չհիասթափեցնեմ», յայտնեց Պասիլ:
«Լիբանանի ներքին իմաստով Հըզպալլան կորսնցուց իր ժողովրդային օրինականութիւնը` ինչ կը վերաբերի Լիբանանի պաշտպանութեան, հակառակ անոր որ լաւագոյն պաշտպանութիւնը կը ցուցաբերէ», ըսաւ ան:
«Իրանի անվտանգութիւնը ամէն բանէ վեր է, եւ ինքզինք կը պաշտպանէ, երբ որեւէ յարձակումի ենթարկուի, սակայն նոյն արժեչափը չկիրարկեց, երբ Պէյրութի մէջ շէնք մը յարձակումի ենթարկուեցաւ, եւ Թել Աւիւը չհարուածեց, այլ Հըզպալլան էր, որ ատիկա կատարեց», ըսաւ ան:
«Իրան թիկունք կը կանգնի Դիմադրութեան, եւ Հըզպալլան անոր համար կարմիր գիծ է, եւ անոր աջակցութիւնը կասկածէ վեր է, սակայն կարեւորը կարողութիւնն է, եւ անիկա ճակատներու միութեան սկզբունքը չգործադրեց, եւ ի վնաս ինքն իրեն կուսակցութեան պիտի չաջակցի», յայտնեց Պասիլ:
«Հըզպալլան պատերազմը չկորսնցուց, եւ չեմ ուզեր ալ, որ պարտուի, սակայն զսպման հաւասարակշռութիւնը այլեւս դադրած է գոյութիւն ունենալէ, որովհետեւ Իսրայէլ յանդգնեցաւ Լիբանանի վրայ յարձակում գործել», նշեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարը:
Պասիլ ըսաւ, որ ինք անմիջական զինադադարի հաստատման հետ է, «եւ ատիկա անձնատուութիւն չէ, ես չեմ զօրակցիր լուծումի մը, որուն հետեւանքը Լիբանանի անձնատուութիւնն է, եւ լուծումը իսրայէլեան ապահովական խնամակալութեան լիազօրում պէտք չէ պարունակէ, որովհետեւ ատիկա աղէտ պիտի ըլլայ»` աւելցնելով. «Ես կ՛ըսեմ, որ թիւ 1701 որոշումը բաւարար է լուծումի մը համար, որ կռիւներու դադրեցում եւ տեւական զինադադար կը պարունակէ»:
«Մօտալուտ զինադադարի վրայ որեւէ գրաւ դնելը սխալ է, եւ բանակցութիւններու մասին բոլոր խօսքերը կրկնութիւն են Կազայի մէջ տեղի ունեցած բեմագրութեան, եւ ինչ որ ըսի պարզապէս այն էր, որ ինչո՛ւ մուտք գործեցինք պատերազմի մը մէջ, որուն արդիւնքը գիտէինք, որ այս պիտի ըլլայ: Միջազգային օրինականութիւնն ու ներքին օրինականութիւնը կորսնցուցած պիտի չըլլայինք, եթէ (Կազային) թիկունք կանգնելու պատերազմին մէջ մուտք չգործէինք», աւելցուց ան:
«Առանց պետութեան Իսրայէլի վրայ յաղթանակ չենք կրնար արձանագրել, եւ բազմիցս ըսինք, որ յաղթանակը միայն զէնքով չէ», յայտնեց Պասիլ` աւելցնելով. «Մեզի համար Լիբանանի շահը բոլոր հաշիւներէն վեր է»:
«Թրամփի ժամանակաշրջանին որեւէ բանի յոյս չեմ կապեր, սակայն ընտրուելէն առաջ անոր նամակ յղեցինք, որովհետեւ տեսայ, թէ դեմոկրատական վարչակազմը չկրցաւ Նեթանիահուն զսպել, եւ Պայտըն առնուազն մարդասիրական ջարդը չդադրեցուց եւ պաղեստինցիներուն սպանդը չարգիլեց», յայտնեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարը:
Պատասխանելով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի դիրքորոշման շուրջ հարցումի մը` Պասիլ յայտնեց. «Լիբանանը առանց շիիներուն կարելի չէ կառուցել, եւ ես դէմ եմ որեւէ համայնքի մեկուսացման, որ համանքն ալ ըլլայ ան, եւ դէմ եմ խենթ ծրագիրներուն, որոնք մեզ միայն հաստատ պատերազմի կը տանին: Մենք մեր հռետորաբանութիւնը չփոխեցինք: Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը 2005 թուականի երեսփոխանական ընտրութեան եւ կառավարութեան մէջ Հըզպալլայի հետ դաշնակցեցաւ, եւ հասանք կացութեան մը, ուր Հըզպալլան օրինականացուեցաւ»:
Պայրամ Կ՛արձագանգէ
Աշխատանքի նախարարի պաշտօնակատար Մուսթաֆա Պայրամ երէկ Պասիլին հակադարձելով յայտնեց. «Չկայ զինուորական ուժ մը, որ վնասը կ՛արգիլէ: Զսպումը պատերազմէն առաջ եւ ետք է, եւ ասիկա 18 տարի վայելեցինք շնորհիւ Դիմադրութեան ուժին, փաստն ալ այն է, որ թշնամին հակառակ մեծ պետութիւններուն կողմէ տրամադրուած զէնքերու հոսքին, որոնցմով մեզ կը սպաննէ, չկրցաւ իրեն վնաս հասնիլը արգիլել, եւ ատիկա նորութիւն է»:
«Այո՛, զէնքը ճակատամարտի նպատակներու իրագործման համար է, եւ այն է, որ կը տեսնենք հերոսութեան մարտադաշտին մէջ», աւելցուց նախարարի պաշտօնակատարը:


