Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Ժատիտ»-ի. Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Պըրրիին Յանձնած Է Զինադադարի Հաստատման Առաջարկը Պարունակող Բնագիր Մը

November 16, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ըստ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի տեղեկութիւններուն, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լիզա Ճոնսըն Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին յանձնած է բնագիր մը, որ զինադադարի հաստատման առաջարկ մը կը պարունակէ:

Աղբիւրներուն համաձայն, դեսպան Ճոնսըն փոխան ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայնի Պըրրիին յանձնած է համաձայնութեան նախագիծը կամ այն ինչ որ կը կոչուի լուծումի առաջարկ, որ հիմնուած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումին վրայ, առանց որեւէ յաւելումի կամ կրճատումի:

«Ժատիտ»-ի տեղեկութիւններուն համաձայն, «առաջարկը, նախքան անոր պատասխան տալը, կարիքը ունի սերտողութեան, մանաւանդ որ Պըրրին զինադադարին ուղղակի առնչակից Հըզպալլայի հետ կը խորհրդակցի»:

Ըստ պատկերասփիւռի կայանի տեղեկութեան, սպասուող կարգաւորումը միայն հիմնուած է 2006 թուականին հրապարակուած ՄԱԿ-ի որոշումին վրայ, որ ինչպէս Պըրրին նախապէս յայտարարած էր, կը ջնջէ զինք նախորդող որոշումները, այլ խօսքով` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1559 որոշումը դուրս կը բերուի շրջանառութենէն:

Ինչ կը վերաբերի այն տեղեկութեան, թէ Ռուսիան սպասուող կարգաւորման գործադրութեան երաշխաւոր երկիրներու շարքին պիտի ըլլայ, աղբիւրները հերքած են այդ տեղեկութիւնը` նշելով, որ ռուսերը կապ չունին թիւ 1701 որոշումին վրայ հիմնուած կարգաւորման գործադրման երաշխաւորման հետ:

«Ախպար» օրաթերթը, սակայն, նշեց, որ ի յայտ եկած է, թէ դեսպանին Պըրրիին յանձնած համաձայնութեան նախագիծը իրողապէս ամերիկեան-իսրայէլեան միակողմանի փոխըմբռնման արդիւնք է, կը վերաբերի Իսրայէլի պահանջած ապահովական դասաւորումներու, որոնք ամերիկացիները Լիբանանին կը փոխանցեն իբրեւ առաջարկ: «Սակայն բանաձեւը, ինչպէս կը խօսուի, առաջարկը կը վերածէ շանթաժի, եւ կ՛առաջարկուի այն հիմամբ, որ լիբանանեան կողմը կա՛մ կ՛ընդունի, կա՛մ ալ պատերազմը յառաջիկայ ամիսներուն աւելի բարձր կշռոյթով կը շարունակուի», կը գրէ օրաթերթը:

Ըստ օրաթերթին, մինչ ամերիկեան եւ իսրայէլեան կողմերը փորձած են «գնդակը Լիբանանի դաշտին մէջ» նկատել, սպրդած տեղեկութիւններուն համաձայն, առաջարկը թիւ 1701 որոշումին վրայ կ՛աւելցնէ «որոշումի գործադրութեան վերահսկման ու երաշխաւորման» նոր մեքանիզմ մը, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի ինքզինք չվերազինելու երաշխիքներու իսրայէլեան պահանջ:

«Ախպար» կը հաղորդէ, որ Իսրայէլ Հըզպալլայի ամբողջ զինուորական ենթակառոյցի կազմաքանդման միջազգային երաշխիքներ, լիբանանեան բանակի ու ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու տեղակայում եւ սահմանային անցքերու եւ ծովային ու օդային անցքերու իսրայէլեան վերահսկում կ՛ուզէ:

Լաւատեղեակ աղբիւրներ «Ախպար»-ին կը յայտնեն. «Պըրրիի եւ ամերիկացիներուն միջեւ լուրջ քննարկումը վերսկսաւ, եւ համաձայնութեան վերաբերեալ փոխադարձ առաջարկներ կան, սակայն հարցը, իսրայէլացիներուն ըսածին նման, վերջին փուլին մէջ չէ»:

Աղբիւրները օրաթերթին նշած են, որ առկախ կէտերը կը վերաբերին միջազգային յանձնախումբի մը ստեղծման, որուն մաս կը կազմեն Միացեալ Նահանգները, Բրիտանիան, Ֆրանսան ու չորս երկիրներ, որոնք կրնան արաբական ըլլալ (այս առումով կը խօսուի Յորդանանի մասնակցութեան մասին): Այդ երկիրները պիտի վերահսկեն թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան: Վիճելի հարցը կը վերաբերի այդ յանձնախումբին պետութիւններու անդամակցութեան, ինչպէս նաեւ անոր դերակատարութեան բնոյթին եւ թէ ո՛վ պիտի կատարէ այդ առաքելութիւնը` նկատի ունենալով, որ կան առաքելութիւններ, որ Իսրայէլ կը կարծէ, թէ միայն ինք կրնայ ընել, «եւ այստեղ խօսքը ամբողջովին Լիթանիի հարաւի մասին է»:

«Իսրայէլ կը պնդէ, որ համաձայնութիւնը տապալած կը նկատուի, եթէ լիբանանեան բանակը իրմէ պահանջուած դերը չկատարէ, եւ այդ ատեն Իսրայէլ վերստին պիտի շղթայազերծէ Լիբանանի վրայ իր յարձակումները», կը գրէ օրաթերթը:

«Ժատիտ»-ի տեղեկութեան համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Պըրրի Միացեալ Նահանգներու դեսպանին խոստացած է յառաջիկայ երկու կամ երեք օրուան ընթացքին պատասխանել առաջարկին:

Լիբանանեան պետական աղբիւր մը պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է. «Ներկայիս աշխատանք կը տարուի շարք մը գաղափարներ ներառող նախագիծի քննարկման վրայ»:

Միւս կողմէ, Իսրայէլի պետական ձայնասփիւռի կայանին համաձայն, Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ համաձայնութեան նախագիծը կը ներառէ երկու կողմերու` ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումի կարեւորութեան ճանաչումը, Իսրայէլ պէտք է 7 օրէն իր ուժերը հեռացնէ հարաւային Լիբանանէն, եւ երկու կողմերուն, անհրաժեշտութեան պարագային, ինքնապաշտպանութեան իրաւունք կու տայ:

 

Նախորդը

«Պայտընին Եւ Պլինքընին Նամակ Յղեցինք` Պահանջելով Պըրրիի Վրայ Պատժամիջոցներ Հաստատել» Կ՛ըսէ Քոնկրեսական Լահուտ

Յաջորդը

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի. Թրամփ Յոյս Կը Յայտնէ, Որ Լիբանանի Մէջ Կարգաւորման Համաձայնութիւնը Իր Երդման Արարողութենէն Առաջ Կը Գործադրուի

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Սուրիական Կառավարութիւնն Ու Հըզպալլան  Թուրքիոյ Մէջ Գաղտնի Բանակցութիւններ Վարած Են
Լիբանանեան

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Սուրիական Կառավարութիւնն Ու Հըզպալլան Թուրքիոյ Մէջ Գաղտնի Բանակցութիւններ Վարած Են

October 2, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Օմրան Ռիզան
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Օմրան Ռիզան

October 2, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.