Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պերլին Կը Հերքէ, Թէ ՖԻՆԻՒԼ-ի Անդամ Գերմանացի Զինուորներ Իսրայէլի Հետ Կը Գործակցին

November 16, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գերմանիոյ կառավարութիւնը հերքեց այն տեղեկութիւնները, որոնք Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ժամանակաւոր ուժերուն` ՖԻՆԻՒԼ-ին անդամ գերմանացի զինուորներ կ՛ամբաստանեն Իսրայէլի հետ գործակցութեան յանցանքով:

Գերմանական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է. «Լիբանանեան ծովեզերեայ ռատարներու մարմինը կը ֆինանսաւորուի Գերմանիոյ կողմէ, եւ զայն լիբանանցի զինուորներ կը ղեկավարեն, եւ լիբանանեան բանակն է, որ կը ճշդէ եւ կը վերահսկէ, թէ ռատարներու ճամբով իր ստացած տեղեկութիւններուն ի՛նչ կը պատահի եւ ո՛վ զանոնք կը ստանայ: Ծովային առաքելութեան խումբը իսրայէլեան բանակին հետ որեւէ ուղղակի հաղորդակցութիւն չունի, եւ կացութեան վերաբերեալ տեղեկութիւններու փոխանցում չի կատարուիր»:

«ՄԱԿ-ի առաքելութեան մէջ տագնապի կողմերուն նկատմամբ անկողմնակալութեան սկզբունքը կը գործադրուի», նշեց նախարարութիւնը` աւելցնելով. «Ատոր խիստ կերպով կը կառչինք: Ծովային խումբին աշխատանքը կը ճշդուի ՄԱԿ-ի կողմէ տրուած լիազօրութեան հիմամբ, եւ ատիկա մեր մասնակցութեան պարտադիր շրջագիծ կը կազմէ»:

Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը ընդգծեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն մաս կազմող իր ծովային ուժին աշխատանքը «բոլոր պահերուն թափանցիկ է, ներառեալ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն մաս կազմող այլ ուժերու նկատմամբ»:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

«Պայտընին Եւ Պլինքընին Նամակ Յղեցինք` Պահանջելով Պըրրիի Վրայ Պատժամիջոցներ Հաստատել» Կ՛ըսէ Քոնկրեսական Լահուտ

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Սուրիական Կառավարութիւնն Ու Հըզպալլան  Թուրքիոյ Մէջ Գաղտնի Բանակցութիւններ Վարած Են
Լիբանանեան

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Սուրիական Կառավարութիւնն Ու Հըզպալլան Թուրքիոյ Մէջ Գաղտնի Բանակցութիւններ Վարած Են

October 2, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Օմրան Ռիզան
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Օմրան Ռիզան

October 2, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.