Քալիպաֆի Հետ Իր Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին. Պըրրի. «Իրանի Աջակցութեամբ Յաջողեցանք Դէմ Դնել Իսրայէլեան Գազանային Գոյացութեան»
Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր իրանցի պաշտօնակից Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտնեց. «Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը Լիբանանին օժանդակութիւններու տրամադրման մէջ կարեւոր դեր ունեցաւ»: Պըրրի Իսրայէլը նկատեց «ամբողջ շրջանն ու անոր ներուժը կուլ տուող գազան մը»` գնահատելով Իրանի դերը եւ աւելցնելով. «Իրանի աջակցութեամբ յաջողեցանք դէմ դնել այս գազանին»: Լիբանանի խորհրդարանի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց իր պաշտօնակիցին եւ իրանցի...




















