Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ լիբանանցիներուն իր յղած պատկերասփռուած ուղերձին մէջ յայտնեց. «Ասիկա բոլոր լիբանանցիներուն, իրենց բոլոր համայնքներով, իրենց երկիրը փրկելու եւ սահմանադրական հաստատութիւնները պաշտպանելու քննութեան պահն է»:
«Կը փակենք պատմական պահ մը, որ Լիբանանի համար ամէնէն վտանգաւորն էր եւ կը սպառնար անոր ժողովուրդին ու պատմութեան», ըսաւ Պըրրի` աւելցնելով. «Լիբանան յաջողեցաւ ձախողութեան մատնել իսրայէլեան յարձակումին ազդեցութիւնները»:
«Պատերազմը ցոյց տուաւ Լիբանանի իսկական դիմագիծը` ազգային միասնականութեան եւ համերաշխութեան առումով», նշեց խորհրդարանի նախագահը:
«Բոլոր համայնքներուն եւ քաղաքական ուժերուն կոչ կ՛ուղղեմ` պահպանելու Լիբանանի միասնականութիւնն ու հզօրութիւնը», յայտնեց Պըրրի` շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք զինադադարի հաստատման նպաստեցին:
Խորհրդարանի նախագահը նաեւ կոչ ուղղեց` «հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան շտապելու»:
Միւս կողմէ` Պըրրի «Նահար» օրաթերթին ալ յայտնեց. «Ես հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան շտապողներուն առաջինն եմ»:


