Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարեց, որ իսրայէլեան բանակին ցուցմունք տուած է Լիբանանի մէջ լայնածաւալ պատերազմի, եթէ զինադադարի խախտում կատարուի:
Նեթանիահու իսրայէլեան պատկերասփիւռի 14-րդ կայանին կողմէ սփռուած հարցազրոյցին մէջ նշեց. «Հիւսիսի մէջ սպառնալիքը վերցուեցաւ: Պիտի աշխատինք ոչ միայն մեր թշնամիները համոզելու, այլ նաեւ մեր բնակչութիւնը: Անոնք աստիճանաբար պիտի վերադառնան, երբ զգան, որ ատիկա ճիշդ է»:
«Չըսի, թէ տեղի ունեցողը պատերազմի դադրեցում է, այլ` զինադադար, որ կրնայ կարճատեւ ըլլալ», աւելցուց Իսրայէլի վարչապետը:
Նեթանիահու պնդեց. «Լիբանանի մէջ պատերազմին իրագործեցինք այն, ինչ որ կ՛ուզէինք իրագործել»:
«Զինադադարը պիտի օգտագործենք զինուելու եւ զէնքի աւելի լայնածաւալ արտադրութեան համար», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Պիտի ստանանք զէնքեր, որոնց ուղարկումը Միացեալ Նահանգներու կողմէ սառեցուած էր»:
Ան ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն «ինծի խոստացաւ, որ զէնքերու առաքման որեւէ ուշացում չըլլայ, եւ մեզի աննախադէպ քանակներով ու տեսականիով զէնքեր պիտի հասնին»:
Անդրադառնալով Իրանին` Նեթանիահու ըսաւ. «Անհրաժեշտ նկատուած ամէն բան պիտի ընեմ, որպէսզի Իրանը հիւլէական զէնքի տէր պետութեան չվերածուի»:
«Համասի ղեկավար Եահիա Սընուարի ահաբեկումէն ու Կազայի եւ Լիբանանի միջեւ ճակատներու անջատումէն ետք գերիներու փոխանակման գործարքը ի շահ Իսրայէլի փոխուեցաւ», նշեց ան` շեշտելով. «Կրնամ Կազայի մէջ զինադադարի համաձայնիլ, սակայն ոչ` պատերազմին աւարտին»:
«Անցեալ տարուան ընթացքին ականատես դարձանք տեղեկութիւններու լայնածաւալ սպրդումներու, որոնք Իսրայէլին մեծապէս վնասեցին», յայտնեց Նեթանիահու:


