Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանի նիստի բացման ընթացքին 9 յունուար 2025-ին հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան նիստ յայտարարեց:
Պըրրի աւելի ուշ մեկնաբանելով նախագահի ընտրութեան նիստը նշեց. «Նիստը պիտի ըլլայ արդիւնաւէտ, եւ մէկ ամսուան ժամանակ տուինք, որպէսզի իրարու միջեւ համաձայնինք, եւ դեսպանները պիտի հրաւիրեմ անոր ներկայ գտնուելու»:
Խորհրդարանի նիստի բացման ներկայ էր Ֆրանսայի նախագահի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիանը, որ նստած էր հիւրերուն յատկացուած բաժինին մէջ:
Նշենք, որ Պըրրի խորհրդարանի նիստէն առաջ հանդիպում ունեցաւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ:
Խորհրդարանը Երկարաձգեց Բանակի
Հրամանատարի Պաշտօնավարութիւնը
Խորհրդարանը երէկ իր նիստի ընթացքին 48 թեր քուէներով որդեգրեց խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապի ներկայացուցած օրինագիծը, որ մէկ տարիով կ՛երկարաձգէ գնդապետ-զօրավարի եւ անկէ բարձր աստիճանով սպաներու պաշտօնավարութիւնը:
Այդ ծիրին մէջ, երկարաձգուեցաւ նաեւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի պաշտօնավարութիւնը: