Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շէյխ Քասեմ. «2006 Թուականի Յաղթանակէն Աւելի Մեծ Յաղթանակի Առջեւ Կանգնած Ենք»

November 30, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ երէկ պատկերասփռուած ուղերձի մը ընթացքին յայտնեց. «Երբ մենք թիկունք կանգնելու ճակատ բացինք, կրկնեցինք, թէ պատերազմ չենք ուզեր, սակայն կ՛ուզենք Կազային թիկունք կանգնիլ, եւ պատրաստ ենք պատերազմին, եթէ իսրայէլացի թշնամին զայն մեզի պարտադրէ»:

«Դիմադրութիւնը պատերազմին մէջ փաստեց, որ պատրաստ է, եւ նախկին ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի դրած ծրագիրները ազդու են, եւ նկատի կ՛ունենան բոլոր զարգացումները», յայտնեց շէյխ Քասեմ:

«Թշնամին 64 օր առաջ պատերազմը կառուցեց Հըզպալլան բնաջնջելու, հիւսիսի բնակիչները վերադարձնելու եւ նոր Միջին Արեւելքի կառուցման վրայ աշխատելու համար», ըսաւ ան:

«Թշնամին հիւրընկալողներու հետ ներքին սադրանքին վրայ գրաւ դրաւ, եւ այդ գրաւը ձախող էր համայնքներու եւ ուժերու միջեւ գործակցութեան պատճառով», նշեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը:

«Աուալի Ալպաըս» ճակատամարտի իբրեւ արդիւնք կը յայտարարենք, որ 2006 թուականի յաղթանակը գերազանցող մեծ յաղթանակի առջեւ կանգնած ենք` երկարատեւութեան, ճակատամարտի բուռն ըլլալուն եւ մեծ զոհողութիւններուն պատճառով», յայտարարեց շէյխ Նայիմ Քասեմ:

«Յաղթեցինք, որովհետեւ սիոնական թշնամիին արգիլեցինք Դիմադրութեան վերջ տալ, տկարացնել, Հըզպալլան ոչնչացնել, եւ պարտութիւնը ամէն կողմէն կը պատէ թշնամին», ըսաւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը:

«Համաձայնութիւնը կ՛ընդգծէ իսրայէլեան ուժերու իր բռնագրաւած բոլոր վայրերէն դուրս գալը եւ լիբանանեան բանակը կը տեղակայէ հարաւի մէջ», նշեց շէյխ Քասեմ` աւելցնելով. «Դիմադրութեան եւ լիբանանեան բանակին միջեւ համակարգումը բարձր մակարդակի պիտի ըլլայ` գործադրելու համար համաձայնութիւնը, եւ թող ոչ ոք մեր միջեւ տարակարծութեան վրայ գրաւ դնէ»:

«Համաձայնութիւնը լիբանանեան գերիշխանութեան նշաձողին տակ եղաւ: Անոր համաձայնեցանք, եւ մեր գլուխը բարձր է ինքնապաշտպանութեան մեր իրաւունքով եւ մարտի դաշտին մէջ հզօր դիմադրութեամբ», շեշտեց ան:

«Յաջորդ փուլին մեր ժողովուրդին հետ պիտի հետեւինք վերաշինութեան եւ վերակառուցման հոլովոյթին, եւ անիկա մեծ հոլովոյթ է», յայտնեց շէյխ Քասեմ:

«Պիտի հետաքրքրուինք ամբողջացումովը սահմանադրական կառոյցներուն, նախ եւ առաջ նախագահի ընտրութեան, եւ Աստուած ուզէ անոր թուականը ճշդուած թուականին` 9 յունուարին պիտի ըլլայ», նշեց շէյխ Քասեմ:

«Աշխատանք պիտի տանինք ազգային միասնականութեան պահպանման եւ Լիբանանի պաշտպանական կարողութեան ամրապնդման վրայ: Դիմադրութիւնը պատրաստ պիտի ըլլայ լիբանանեան բանակին հետ գործակցութեամբ թշնամիին արգիլելու Լիբանանին տիրելէ, եւ քաղաքական ու տնտեսական կեանքին մեր մասնակցութիւնը պիտի ըլլայ աշխուժ ու ազդու, որովհետեւ կուսակցութիւնը տկարացնելու գրաւները ձախողեցան», յայտարարեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը:

Նախորդը

Պըրրի. «Նախագահական Աթոռի Թափուր Վիճակին Վերջ Տալը Ազգային Անհրաժեշտութիւն Է Եւ Իմ Առաջնահերթութիւնս Է»

Յաջորդը

Իսրայէլեան Բանակին Կողմէ Կրակոցի Դէպքերը Կը Շարունակուին. Իսրայէլեան Բանակը 2-րդ Օրն Ըլլալով Հարաւային Լիբանանի Շարք Մը Գիւղերու Բնակիչները Կը Զգուշացնէ Ցնոր Տնօրինութիւն Իրենց Տուները Վերադառնալէ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.