Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր իրանցի պաշտօնակից Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտնեց. «Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը Լիբանանին օժանդակութիւններու տրամադրման մէջ կարեւոր դեր ունեցաւ»:
Պըրրի Իսրայէլը նկատեց «ամբողջ շրջանն ու անոր ներուժը կուլ տուող գազան մը»` գնահատելով Իրանի դերը եւ աւելցնելով. «Իրանի աջակցութեամբ յաջողեցանք դէմ դնել այս գազանին»:
Լիբանանի խորհրդարանի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց իր պաշտօնակիցին եւ իրանցի մնացեալ պաշտօնատարներուն` նախ եւ առաջ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիին:
Քալիպաֆ իր կարգին արտայայտեց Լիբանանի մէջ զինադադարի հաստատման նկատմամբ իր ուրախութիւնը` գնահատելով այդ որոշումի գոյացման մէջ Պըրրիի ազդու եւ չափազանց կարեւոր դերակատարութիւնը:
«Իրան Լիբանանին, անոր կառավարութեան, ժողովուրդին եւ Դիմադրութեան աջակից պիտի մնայ», նշեց Քալիպաֆ:
Ան նաեւ անդրադարձաւ հաւատադրժողական խմբաւորումներու Սուրիոյ մէջ գործունէութեան` նշելով, որ ատիկա «իսրայէլեան գոյացութեան նպատակներու» ծիրին մէջ է:
«Ներկայ պայմաններուն մէջ պէտք է լրջօրէն պահպանել շրջանը», շեշտեց Իրանի խորհրդարանի նախագահը: