Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հոքշթայն. «Իսրայէլեան Ուժերը Լիբանանեան Բանակի Տեղակայումէն Առաջ Պիտի Հեռանան Հարաւային Շրջաններէն»

November 29, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայն յայտնեց, որ մարդիկ իրենց տուները կը վերադառնան, իսկ իսրայէլեան ուժերը լիբանանեան բանակի տեղակայումէն առաջ պիտի հեռանան հարաւային շրջաններէն, «եւ քաղաքայինները կը յորդորեմ ականջ տալ լիբանանեան բանակին պատկանող ապահովական ծառայութիւններուն: Նպատակս  Լիբանանի եւ Իսրայէլի մէջ քաղաքայինները փրկելն էր, եւ պիտի շարունակեմ այդ աշխատանքը, եւ ամէնէն կարեւորը` միշտ ուզեցի զինադադարի հաստատման ուղղութեամբ աշխատիլ»: Ան այս մասին յայտնեց «Ժատիտ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին:

Հոքշթայն աւելցուց. «Լիբանանեան բանակը պարտաւոր պիտի ըլլայ անմիջապէս հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուելու: Հըզպալլան աւելի քան երկու տասնամեակ ոտնահարեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը եւ եթէ անգամ մը եւս որոշումները խախտէ, ատոր անհրաժեշտ մեքանիզմները պիտի դնենք: Հըզպալլան եւ մնացեալ կողմերը պէտք է յարգեն օրէնքի իշխանութիւնը: Զինադադարը Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն համար առիթ է»:

«Աւելի ընդարձակ կերպով պիտի աջակցինք լիբանանեան բանակին, եւ Միացեալ Նահանգները անոր մեծագոյն աջակիցն են: Նաեւ միջազգային ընտանիքին հետ կողք-կողքի պիտի աշխատինք: Չկայ որեւէ փաստաթուղթ, որ կը հակասէ զինադադարի համաձայնութեան, եւ բոլոր երաշխիքները, որոնք Լիբանանին ներկայացուցինք, այս համաձայնութեան մէջ կան»:

«Բանակցութիւններուն մէջ գերիներու հարցը չարծարծուեցաւ», նշեց ան` աւելցնելով. «Տեսնենք ինչպէս կրնանք խնդիրը լուծել»:

Նախորդը

Պու Հապիպ. «Լիբանանեան Բանակին Եւ Հըզպալլայի Միջեւ Որեւէ Բախում Տեղի Ունենալու Կարելիութիւնը Բացառուած Է Եւ Ատիկա Նախապէս Տեղի Չէ Ունեցած»

Յաջորդը

Արաղչի. «Հըզպալլան Անգամ Մը Եւս Ջախջախեց «Անպարտելի Իսրայէլ»-ի Առասպելը

RelatedPosts

Սալամ. «Ներկայ Փուլին Առաջնահերթութիւնը  Լիբանանը Պաշտպանելն Ու Զայն  Նոր Պատերազմի Մէջ Ներքաշելէ Խուսափիլն Է»
Լիբանանեան

Սալամ. «Ներկայ Փուլին Առաջնահերթութիւնը Լիբանանը Պաշտպանելն Ու Զայն Նոր Պատերազմի Մէջ Ներքաշելէ Խուսափիլն Է»

November 10, 2026
Խորհրդարանի Դիւանի Ժողովէն Ետք.  Պու Սաապ. «Պըրրի Յայտնեց,  Որ Մեծ Փոփոխութիւններու  Առջեւ Կանգնած Ենք»
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Դիւանի Ժողովէն Ետք. Պու Սաապ. «Պըրրի Յայտնեց, Որ Մեծ Փոփոխութիւններու Առջեւ Կանգնած Ենք»

November 10, 2026
Թէյմուր Ժոմպլաթ. «Կը Զօրակցինք  Իսրայէլեան Ամբողջական Հեռացման  Իրագործման Համար Բանակցութեան»
Լիբանանեան

Թէյմուր Ժոմպլաթ. «Կը Զօրակցինք Իսրայէլեան Ամբողջական Հեռացման Իրագործման Համար Բանակցութեան»

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.