Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Իսրայէլեան Պատկերասփիւռի 12-րդ Կայանի. Լիբանանի Մէջ Համաձայնութեան Ճամբան Հարթած Ամերիկեան Փաստաթուղթը Գաղտնի Կէտեր Կը Բովանդակէ

November 29, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ Լիբանանի մէջ զինադադարի համաձայնութեան ճամբան հարթած ամերիկեան փաստաթուղթը շարք մը գաղտնի կէտեր կը բովանդակէ:

Պատկերասփիւռի կայանը նշեց, որ Լիբանանի առնչուող փաստաթուղթը կը ներառէ Ուաշինկթընի եւ Թել Աւիւի միջեւ Իրանի վերաբերեալ գործակցութեան շուրջ կէտ մը:

Փաստաթուղթին ծանօթ իսրայէլացի նախարար մը իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին յայտնած է. «Մենք Ուաշինկթընը իրողապէս իբրեւ գլխաւոր պատասխանատու մտցուցինք Լիբանան, եւ ասիկա մեծ ձեռքբերում է»:

Պատկերասփիւռի կայանը նշեց, որ այլ փաստաթուղթ մը կը վերաբերէր Միացեալ Նահանգներու, իբրեւ Լիբանանի մէջ հսկողութեան մեքանիզմի նախագահ, պատասխանատուութիւններուն:

Կայանը նաեւ հաղորդեց, որ Ուաշինկթըն լիբանանեան զինեալ ուժերը պիտի մղէ համաձայնութեան խախտումները արգիլելու եւ անոնց ազդու կերպով արձագանգելու:

Իսրայէլի պետական ձայնասփիւռի կայանը նախապէս հրապարակած էր 13 կէտերէ բաղկացած փաստաթուղթ մը` պնդելով, որ անիկա Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ համաձայնութիւնն է:

Ըստ Իսրայէլի պետական ձայնասփիւռի կայանին,

1.- Հըզպալլան ու լիբանանեան հողերուն վրայ գտնուող բոլոր միւս զինեալ խմբաւորումները Իսրայէլի վրայ որեւէ յարձակողական արարք պիտի չգործեն:

2.- Իսրայէլ, իր կարգին, Լիբանանի մէջ թիրախներու վրայ զինուորական որեւէ յարձակողական արարք պիտի չգործէ, ներառեալ ցամաքէն, օդէն եւ ծովէն:

3.- Իսրայէլ եւ Լիբանան կը ճանչնան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի կարեւորութիւնը:

4.- Այս յանձնառութիւնները չեն ժխտեր Իսրայէլի կամ Լիբանանի ինքնապաշտպանութեան իրաւունքի կիրարկումը:

5.- Լիբանանի ապահովական եւ զինուորական պետական ուժերը պիտի ըլլան զինեալ միակ կողմը, որուն պիտի արտօնուի հարաւային Լիբանանի մէջ զէնք կրել կամ ուժեր օգտագործել:

6.- Դէպի Լիբանան զէնքերու կամ առնչուած նիւթի որեւէ վաճառք, ներածում կամ արտադրում պիտի ըլլայ լիբանանեան կառավարութեան հսկողութեամբ ու վերահսկողութեան տակ:

7.- Զէնքերու եւ անոնց առնչուած նիւթերու առնչուած բոլոր ապօրինի կառոյցները պիտի կազմաքանդուին:

8.- Բոլոր զինուորական ենթակառոյցներն ու դիրքերը պիտի կազմաքանդուին, եւ այս յանձնառութիւններուն համահունչ եղող որեւէ ապօրինի զէնք պիտի գրաւուի:

9.- Պիտի կազմուի Իսրայէլի եւ Լիբանանի կողմէ ընդունելի յանձնախումբ մը` հսկելու եւ քննելու այդ յանձնառութիւններու գործադրութեան:

10.- Իսրայէլն ու Լիբանանը այս յանձնառութիւններու որեւէ խախտման մասին պիտի տեղեկացնեն յանձնախումբին ու ՖԻՆԻՒԼ-ին:

11.- Լիբանան իր պետական ապահովական ուժերն ու բանակի ուժերը պիտի տեղակայէ ամբողջ սահմանի երկայնքին, սահմանային անցակէտերուն եւ տեղակայման այս ծրագիրի հիմամբ հարաւային շրջանը ճշդող գիծին վրայ:

12.- Իսրայէլ 60 օրուան հասնող ժամանակի ընթացքին իր ուժերը հանգրուանային կերպով Հարաւէն դէպի Կապոյտ գիծ պիտի հեռացնէ:

13.- Միացեալ Նահանգներ Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ անուղղակի բանակցութիւններ յառաջ պիտի մղեն` ցամաքային սահմաններու սահմանագծման համաձայնութիւն գոյացնելու համար:

 

Նախորդը

Արաղչի. «Հըզպալլան Անգամ Մը Եւս Ջախջախեց «Անպարտելի Իսրայէլ»-ի Առասպելը

Յաջորդը

Իսրայէլեան Բանակին Կողմէ Կրակոցի Դէպքեր. Իսրայէլեան Բանակը Հարաւային Լիբանանի Մէջ 10 Գիւղերու Բնակիչները Զգուշացուց Ցնոր Տնօրինութիւն Իրենց Տուները Վերադառնալէ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.