Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

-  «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայն մօտ օրէն պիտի այցելէ Պէյրութ` հետեւելու համար զինադադարի համաձայնութեան գործադրութեան հսկողութեան յանձնախումբի աշխատանքին: Կառավարական աղբիւրներ օրաթերթին յայտնած են. «Հարցերը խորհրդաւոր կը թուին, եւ ոչ ոք կը հասկնայ, թէ յանձնախումբը ինչո՛ւ կ՛ուշանայ իր աշխատանքը սկսելու»` հարց տալով, որ արդեօք «ձգձգումը դիտաւորեա՞լ է` անցընելու համար 60 օրը, մինչեւ որ Իսրայէլ ժամանակաւոր զինադադարի պայմաններուն...

Պլինքըն. «Լիբանանի Մէջ  Զինադադարը Կանգուն Է»

Պլինքըն. «Լիբանանի Մէջ Զինադադարը Կանգուն Է»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտնեց. «Լիբանանի մէջ զինադադարը կանգուն է, եւ որեւէ խախտումի հարց լուծելու համար կ՛օգտագործենք այն մեքանիզմները, որոնց շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է»: Պլինքըն նաեւ անդրադարձաւ Սուրիոյ կացութեան: «Սուրիոյ մէջ մեր տեսած դիմադրութեան յառաջխաղացքի պատճառը այն է, որ սուրիական վարչակարգի դաշնակիցները այլ խնդիրներով զբաղած են»: «Թահրիր Շամը օգտուեցաւ Իրանի եւ Հըզպալլայի զբաղուած ըլլալէն», աւելցուց ան: «Պաշշար...

«9 Յունուարին Նախագահ Պիտի Ընտրուի,  Եւ Նոյն Ամիսը Կառավարութիւն Պիտի Կազմուի»  Կ՛ըսեն Պըրրիի Այցելուները

«9 Յունուարին Նախագահ Պիտի Ընտրուի, Եւ Նոյն Ամիսը Կառավարութիւն Պիտի Կազմուի» Կ՛ըսեն Պըրրիի Այցելուները

«Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի տեղեկութեան համաձայն, Լիբանանի մէջ զինադադարի համաձայնութեան գործադրութեան հսկողութեան յանձնախումբի ամերիկացի նախագահը հեռաձայնած է խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որ զինք պիտի ընդունի այսօր: Պըրրիի այցելուները «Ժատիտ»-ին յայտնած են. «Հսկողութեան յանձնախումբի առաջին ժողովը պիտի գումարուի յառաջիկայ ուրբաթ կամ շաբաթ օր, Նաքուրայի մէջ»: «Երբ յանձնախումբը իր ժողովներուն սկսի, զինադադարի խախտումը կը դառնայ դժուար եւ հսկողութեան տակ», նշած են անոնք: Պըրրիի...

«Զինադադարի Համաձայնութիւնը Բոլոր Զինեալ  Խմբաւորումներուն, Ներառեալ Լիթանիի Հիւսիսը  Եղողները, Ապազինումը Կը Նշէ»  Կ՛ըսէ Պուլոս

«Զինադադարի Համաձայնութիւնը Բոլոր Զինեալ Խմբաւորումներուն, Ներառեալ Լիթանիի Հիւսիսը Եղողները, Ապազինումը Կը Նշէ» Կ՛ըսէ Պուլոս

Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի Միջին Արեւելքի հարցերու խորհրդատու Մասաատ Պուլոս ֆրանսական «Լը Փուան» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Սկիզբը մասնաւորաբար Լիբանանի մէջ սխալ հասկացողութիւն գոյութիւն ունէր: Կը կարծուէր, որ այս փաստաթուղթը (զինադադարի համաձայնութիւնը) կը վերաբերի միայն Լիթանի գետի հարաւը գտնուող շրջանին»: Պուլոս նշեց, որ փաստաթուղթը կը նշէ «բոլոր զինեալ խմբաւորումներուն, միլիսներուն եւ կիսազինուորական խմբաւորումներուն ապազինումը», ուստի պիտի ներառէ...

Մաքրոն. «Սէուտական Արաբիոյ Հետ Համաձայնեցանք Զինադադարի Երաշխաւորման Համար Ելեւմտական  Աջակցութիւն Տրամադրել  Եւ Պատրաստել Լիբանանեան Բանակը»

Մաքրոն. «Սէուտական Արաբիոյ Հետ Համաձայնեցանք Զինադադարի Երաշխաւորման Համար Ելեւմտական Աջակցութիւն Տրամադրել Եւ Պատրաստել Լիբանանեան Բանակը»

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն յայտնեց, որ գոյութիւն ունի «Իրանի հետ հիւլէական գործունէութեան, Իրանի թեւաւոր հրթիռներու աշխատանքի, շրջանին մէջ Հըզպալլայի, Հուսիներու եւ այլ գործակատարներու գործունէութեան, Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ անոր դերակատարութեան խնդիրն ու Սէուտական Արաբիոյ տեսակէտը»: Մաքրոն «Նահար» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Կ՛ուզենք ամերիկեան նոր վարչակազմին ու շրջանի պետութիւններուն հետ աշխատիլ Իրանին ստիպելու, որ գործակցի այս խնդիրներու եւ պատանդներու խնդիրի...

Շէյխ Քապալան. «Կ՛ուզենք Նախագահ Մը,  Որ Լիբանանեան Ընտանիքն  Ու Անոր Ուժերը Կը Միաւորէ»

Շէյխ Քապալան. «Կ՛ուզենք Նախագահ Մը, Որ Լիբանանեան Ընտանիքն Ու Անոր Ուժերը Կը Միաւորէ»

Ժաաֆարականներու միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Մէկ հայրենիքի գործընկերներուն, լիբանանեան քաղաքական ուժերուն, մասնաւորաբար Ազգային ազատ հոսանք, Փաղանգաւոր եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն, երկրին պատմութեան եւ մեր ազգային գործընկերութեան համար պահը վճռորոշ է, ինչ որ կ՛ենթադրէ մեր ներքին տարակարծութիւնները մէկդի դնել, որովհետեւ արտաքին խաղը կը բարձրացնէ շրջանի հրկիզման եւ ուժերը իրարու դէմ լարելու համեմատութիւնը: «Լիբանանին այլընտրանքը չկայ, մեր ազգային...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռիւթէ մտահոգութիւն յայտնեց Կազայի մէջ մարդասիրական կացութեան նկատմամբ եւ ողջունեց Լիբանանի մէջ զինադադարի հաստատումը` յոյս յայտնելով, որ անիկա կը գոյատեւէ: -ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻ պաշտօնատարներ իսրայէլեան պետական ձայնասփիւռի կայանին յայտնած են. «Լիբանանի հետ զինադադարի համաձայնութեան խախտումներու մասին պիտի տեղեկացնենք, երբ գործադրութեան հսկողութեան մեքանիզմը սկսի գործել»: «Մենք մեզի կը վերապահենք առանց համակարգում կատարելու Լիթանիէն հարաւ Հըզպալլայի ոեւէ անդամի վրայ...

Իսրայէլ Կը Շարունակէ Զինադադարը Խախտել

Իսրայէլ Կը Շարունակէ Զինադադարը Խախտել

Իսրայէլ երէկ շարունակեց Լիբանանի մէջ զինադադարը խախտել: Իսրայէլեան բանակը անօդաչու թռչող սարքեր օգտագործելով երէկ առաւօտեան թիրախաւորեց հարաւային Լիբանանի Պէյթ Լիֆ գիւղը: Իսրայէլեան խումբ մը հրասայլեր իրենց կարգին երէկ առաւօտեան Ուազզանի գիւղի մերձակայքէն ուղղուեցան Ուաթա Խիամի ուղղութեամբ, ապա երկու խումբի բաժնուելով բարձրացան արեւելեան եւ հարաւային թաղամասերուն ուղղութեամբ: Իսրայէլեան հրասայլ մըն ալ Լիբանանի վրայ յարձակումէն ետք առաջին դէպքն ըլլալով Թալ Նահասէն ներթափանցելով...

Մաքրոն Ու Պըն Սալման Կոչ Կ՛ուղղեն Լիբանանի  Նախագահ Ընտրելու Եւ Կը Հաստատեն Զինադադարի  Ամրապնդման Դիւանագիտական Իրենց Ջանքերու Շարունակումը

Մաքրոն Ու Պըն Սալման Կոչ Կ՛ուղղեն Լիբանանի Նախագահ Ընտրելու Եւ Կը Հաստատեն Զինադադարի Ամրապնդման Դիւանագիտական Իրենց Ջանքերու Շարունակումը

Էլիզէի պալատը յայտարարեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն 2-4 դեկտեմբերին Սէուտական Արաբիա իր պետական այցելութեան ծիրին մէջ հանդիպում ունեցած է Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ Պըն Սալման Պըն Ապտել Ազիզ Ալ Սէուտ իշխանին հետ: Երկու ղեկավարները ողջունած են ստորագրումը Ֆրանսայի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան, որ կարելի պիտի դարձնէ աւելցնել գործակցութիւնը եւ բոլոր ոլորտներուն մէջ, ներառեալ պաշտպանութեան, ուժանիւթի տեղափոխման, մշակութային,...

Միքաթի. «Զինադադարի Որոշումին Իսրայէլեան  Խախտումներու Դադրեցման Համար Դիւանագիտական  Հաղորդակցութիւնները Կը Շարունակուին»

Միքաթի. «Զինադադարի Որոշումին Իսրայէլեան Խախտումներու Դադրեցման Համար Դիւանագիտական Հաղորդակցութիւնները Կը Շարունակուին»

Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ իր այցելուներուն յայտնեց. «Իսրայէլեան խախտումներու դադրեցման եւ լիբանանեան սահմանային գիւղերէն հեռացման համար դիւանագիտական հաղորդակցութիւնները կը շարունակուին եւ երէկ աշխուժացան»: «Այդ հաղորդակցութիւններուն ընթացքին շեշտեցինք տեղահանուածներուն իրենց գիւղեր ու շրջաններ վերադառնալու եւ բանակի հարաւի մէջ տեղակայման համար կացութեան հանդարտեցման առաջնահերթութիւնը», նշեց Միքաթի: Ան նաեւ աւելցուց. «Բանակի հրամանատարութեան իր մարտական միաւորներուն մէջ մարզուած զինուորներու զինուորագրման կարիքի մասին...

Պասիլ. «Տար Ֆաթուայէն Սկսանք  Քաղաքական Աշխատանք Մը»

Պասիլ. «Տար Ֆաթուայէն Սկսանք Քաղաքական Աշխատանք Մը»

Ազգային Ազատ հոսանքի ղեկավար Ժըպրան Պասիլ Տար Ֆաթուա այցելելով հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ատտելլաթիֆ Տըրիանի հետ իր հանդիպումէն ետք նշեց. «Քաղաքական աշխատանք մը կը վերանորոգենք բոլոր լիբանանեան կենդանի քաղաքական եւ հոգեւոր ուժերուն հետ հաղորդակցելով, որպէսզի կարենանք Իսրայէլի մեր վրայ շղթայազերծած պատերազմի ընթացքին մեր տեսած լիբանանցիներու միջեւ ազգային միասնականութիւնը գործնական արդիւնքի վերածել»: «Այս միասնականութիւնը ի յայտ եկաւ հակառակ քաղաքական բոլոր տարակարծութիւններուն, եւ...

«Աքսիոս». «Իսրայէլ Եւ Լիբանան Սպիտակ Տան  Փոխանցեցին Զինադադարի Նկատմամբ Իրենց  Յանձնառութիւնը Եւ Անոր Շարունակման Իրենց Փափաքը»

«Աքսիոս». «Իսրայէլ Եւ Լիբանան Սպիտակ Տան Փոխանցեցին Զինադադարի Նկատմամբ Իրենց Յանձնառութիւնը Եւ Անոր Շարունակման Իրենց Փափաքը»

Լաւատեղեակ աղբիւրներ ամերիկեան «Աքսիոս» կայքին յայտնած են, որ Իսրայէլ եւ Լիբանան Սպիտակ տան փոխանցած են, թէ հակառակ «սահմանին վրայ» խախտումներուն, յանձնառու են զինադադարի համաձայնութեան եւ կ՛ուզեն, որ անիկա շարունակուի: Աղբիւրները կայքին նշած են, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը մտահոգ էր, որ «փոխադարձ կրակոց»-էն ետք Լիբանանի մէջ զինադադարը կրնայ տապալիլ: Ամերիկեան վարչակազմը Իսրայէլին փոխանցած է վերջին օրերուն Լիբանանի մէջ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ԻՍՐԱՅԷԼԻ պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց Լիբանանի հետ սահման այցելելով յայտարարեց. «Եթէ զինադադարի համաձայնութիւնը տապալի, ապա Լիբանանի պետութեան նկատմամբ աչք պիտի չփակենք»: - ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ վարչապետ Քիր Սթարմըր իր երկրին քաղաքական ու տնտեսական վերնախաւին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց. «Աշխատանք պիտի տանինք Լիբանանի մէջ խաղաղութեան պահպանման, Կազայի մէջ տագնապին վերջ տալու եւ գերիները իրենց տուները վերադարձնելու համար»: «Նաեւ պիտի աշխատինք...

Իսրայէլ Կը Շարունակէ Խախտել  Զինադադարի Համաձայնութիւնը

Իսրայէլ Կը Շարունակէ Խախտել Զինադադարի Համաձայնութիւնը

Իսրայէլ երէկ շարունակեց խախտել զինադադարի համաձայնութիւնը` թիրախաւորելով հարաւային Լիբանանի սահմանային գիւղերը, ինչպէս նաեւ Պեքան: Իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը հարուածեց հիւսիսային Լիբանանի Հերմել գաւառի Հաուշ Սէյիտ Ալի գիւղին մէջ բանակի մէկ կեդրոնին մօտ դիրքի ամրապնդման աշխատանք տանող քարշակը, այս պատճառով ալ լիբանանեան բանակէն զինուոր մը վիրաւորուեցաւ: Հարաւային Լիբանանի մէջ Պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը յայտարարեց, որ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը...

Պըրրի. «Նախագահը Պիտի Ըլլայ «Լիբանանեան  Արտադրութիւն», Եւ Զինադադարի Իսրայէլեան  Խախտումները Անցան 52-ը»

Պըրրի. «Նախագահը Պիտի Ըլլայ «Լիբանանեան Արտադրութիւն», Եւ Զինադադարի Իսրայէլեան Խախտումները Անցան 52-ը»

Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ «զինադադարի համաձայնութեան իսրայէլեան խախտումները անցան 52-ը»` նշելով. «Այս խախտումները բացայայտ ոտնահարում են համաձայնութեան, եւ անոնց շարունակումը արտօնելի չէ»: «Միջազգային առնչակից կողմերու հետ հաղորդակցութիւններ տեղի ունեցան լուծելու համար իսրայէլեան այդ խախտումներու հարցը», ըսաւ Պըրրի` յոյս յայտնելով, որ համաձայնագիրի հսկողութեան յանձնախումբի նիստին գումարումը, ֆրանսական կողմին յանձնախումբին միանալէն ետք, յանգեցնէ անոնց դադրեցման: Անդրադառնալով պատերազմին վերջ տալու...

Պուլոս. «Լիբանանի Մէջ Նախագահութեան Հարցը  Փշոտ Է Ու Կարեւոր, Եւ Անոր Վրայ Պէտք Է  Աշխատիլ Զգուշ Կերպով Եւ Առանց Աճապարանքի»

Պուլոս. «Լիբանանի Մէջ Նախագահութեան Հարցը Փշոտ Է Ու Կարեւոր, Եւ Անոր Վրայ Պէտք Է Աշխատիլ Զգուշ Կերպով Եւ Առանց Աճապարանքի»

Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի արաբական եւ միջինարեւելեան հարցերու խորհրդական Մասաատ Պուլոս յայտնեց, որ Թրամփ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հաստատման թղթածրարին վրայ աշխատեցաւ եւ յարգեց ընտրութեան յաղթանակ արձանագրելէն ետք անմիջապէս աշխատանքի սկսելու իր խոստումը: Պուլոս աւելցուց, որ Լիբանանի մէջ զինադադարի հաստատումը ձեռքբերում մըն է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընը իրագործեց Թրամփի հետ գործակցաբար: Ան «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց....

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, որ Քաթար սկսած է Լիբանանի մէջ վերաշինութեան գործողութեան պատրաստութիւններուն, եւ զուգահեռաբար կը խորհրդակցի շարք մը պետութիւններու հետ` այս հոլովոյթին անոնց մասնակցութիւնը ապահովելու համար: - ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ հետախուզական աղբիւրներ Իսրայէլի պետական ձայնասփիւռի կայանին յայտնած են. «Հըզպալլա իր կարգ մը ուժերը փոխադրեց Սուրիա` պաշտպանելու համար այդտեղ գտնուող իր կեդրոնները»: - ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻ ապահովական պաշտօնատարներ Իսրայէլի...

Ֆրանսա Լիբանանի Մէջ Զինադադարի  Տապալումէն Կը Զգուշացնէ

Ֆրանսա Լիբանանի Մէջ Զինադադարի Տապալումէն Կը Զգուշացնէ

Ֆրանսա զգուշացուց Իսրայէլը Լիբանանի մէջ զինադադարի տապալումէն, մինչ վերջինս կը շարունակէ խախտել զինադադարի համաձայնութեան կէտերն ու Լիբանանի օդային տարածքը: Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին համաձայն, ֆրանսացիները Իսրայէլին յայտնած են. «Իսրայէլի կողմէ զինադադարի 62 խախտում կատարուեցաւ, առանց մեքանիզմէն անցնելու, ինչ որ պատճառ դարձաւ լիբանանցի երեք քաղաքացիներու սպանութեան»: Իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքերը վերսկսած են ցած բարձրութեան վրայ թռիչքներ կատարել մայրաքաղաք Պէյրութի վերեւ: Ֆրանսացիները...

Խիամի Մէջ Տուներու Պայթեցում Եւ Պէյրութի Վերեւ  Իսրայէլեան Անօդաչու Թռչող Սարքերու Թռիչքներ

Խիամի Մէջ Տուներու Պայթեցում Եւ Պէյրութի Վերեւ Իսրայէլեան Անօդաչու Թռչող Սարքերու Թռիչքներ

Երէկ արշալոյսին հարաւային Լիբանանի Մարժաայուն գաւառի Խիամ գիւղին մէջ մեծ պայթում մը տեղի ունեցաւ: Լիբանանի պետական լրատու գործակալութեան համաձայն, հաւանական է, որ իսրայէլեան ուժերը կարգ մը տուներ եւ շէնքեր պայթեցուցած են: Աւելի ուշ, լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ հարաւային Լիբանանի Սուր գաւառի Եարուն եւ Մարուն գիւղերուն մերձակայքը եւս պայթումի ձայներ լսուած են: Նշեալ պայթումները անցեալ շաբաթ Լիբանանի հետ կնքուած զինադադարի բացայայտ...

Հըզպալլա Նասրալլայի Ահաբեկման Վայրին Մէջ  Բացումը Կատարեց «Նուր Մին Նուր» Նախաձեռնութեան

Հըզպալլա Նասրալլայի Ահաբեկման Վայրին Մէջ Բացումը Կատարեց «Նուր Մին Նուր» Նախաձեռնութեան

Հըզպալլան շաբաթ երեկոյեան իր նախկին ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի նահատակութեան վայրը հանդիսացող Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու Հարեթ Հրէյք շրջանին մէջ բացումը կատարեց «Նուր Մին Նուր»-«Սիրոյ եւ լուսոյ ողջոյն» նախաձեռնութեան, որուն մասնակցեցան անձնաւորութիւններ, տարբեր ոլորտներու գործիչներ եւ բազմահազար համակիրներ: Ձեռնարկին մասնակիցները վառեցին մոմեր, բարձրացուցին Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի դրօշներ, սէյիտ Հասան Նասրալլայի նկարներ, կանչեցին Նասրալլայի եւ Իմամ Հիւսէյնի անունները, ինչպէս նաեւ...

Page 157 of 986 1 … 156 157 158 … 986

Արխիւներ