Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն երեքշաբթի գիշեր Լիբանանի մէջ Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ զինադադարի համաձայնութեան գոյացումը յայտարարեց` զայն նկատելով «լաւ լուր»:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնին թափած ջանքերուն անոր մասնակցութեան համար:
Պայտըն, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի անվտանգութեան հարցերով իսրայէլեան նախարարաց սեղմ խորհուրդի զինադադարի համաձայնութեան առնչութեամբ հաւանութիւնը յայտարարելէն ետք, Սպիտակ տան մէջ իր արտասանած խօսքով նշեց, որ զինադադարը ուժի մէջ պիտի մտնէ չորեքշաբթի, տեղական ժամանակացոյցով առաւօտեան ժամը 4:00-ին, եւ յայտնեց, որ զինադադարը Լիբանանին համար «նոր սկիզբ մը» կ՛աւետէ:
«Յառաջիկայ օրերուն Միացեալ Նահանգները Թուրքիոյ, Եգիպտոսի, Քաթարի եւ այլ երկիրներու հետ յաւելեալ ջանքեր պիտի թափեն Կազայի զինադադարի հաստատման համար: Գերիներու ազատ արձակումով, պատերազմի դադրեցումով եւ իշխանութենէն Համասի դուրս մնալով ատիկա կարելի կը դառնայ», աւելցուց Սպիտակ տան ղեկավարը:
Պայտըն շեշտեց, որ Կազայի բնակիչները «իրենք եւս արժանի են տագնապին ու տեղահանութեան վերջ տալուն: Դժոխքի մէջ ապրեցան»:
Ան նշեց, որ Ուաշինկթըն «պատրաստ է Սէուտական Արաբիոյ հետ ձեռք բերելու շարք մը համաձայնութիւններ», որոնք կը ներառեն անվտանգութեան ուխտ մը, պաղեստինեան պետութեան ստեղծման ծրագիր մը եւ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացում:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը աւելցուց, որ բոլոր այդ ծրագիրները Իսրայէլէն պիտի պահանջեն որդեգրել «յանդուգն քայլեր, Իրանի դէմ իր եւ իր դաշնակիցներուն ռազմավարական առաւելութիւնը վերածելու երկարաժամկէտ անվտանգութեան համար համահունչ ռազմավարութեան»:
Ան ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի թափեն յաւելեալ ջանքեր եւ զանոնք ուղղեն Կազայի մէջ ժամանակաւոր զինադադարի ապահովման:
«Այժմ Համասը կը կանգնի ընտրանքի մը դիմաց, զոր պէտք է որդեգրէ: Անոր ելքի միակ ուղին գերիները ազատ արձակելն է, ներառեալ ամերիկացի քաղաքացիները, եւ այս գործողութեան մէջ, վերջ տալ կռիւին, եւ ասիկա կարելի պիտի դարձնէ մարդասիրական օժանդակութեան ջանքերը», ըսաւ ան:
«Յառաջիկայ օրերուն, Միացեալ Նահանգներ Թուրքիոյ, Եգիպտոսի, Քաթարի, Իսրայէլի եւ այլ պետութիւններու հետ պիտի թափէ յաւելեալ ջանքեր` Կազայի մէջ զինադադար հաստատելու համար: Եւ գերիներու ազատ արձակումով, պատերազմին աւարտով, Համասի` իշխանութենէն դուրս մնալով, ատիկա կարելի կը դառնայ», աւելցուց Պայտըն:
Իրան Կ՛ողջունէ «Լիբանանի Վրայ
Սիոնական Յարձակումի Դադրեցումը»
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց «Լիբանանի վրայ սիոնական յարձակումին դադրեցումը»` աւելցնելով, որ Թեհրան վճռականօրէն կը զօրակցի Լիբանանի կառավարութեան, ժողովուրդին ու Դիմադրութեան:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ընդգծեց «Կազայի մէջ պատերազմը դադրեցնելու համար սիոնական գոյացութեան վրայ ազդու ճնշում բանեցնելու միջազգային ընտանիքի պատասխանատուութիւնը»:
Բրիտանիոյ Վարչապետը Կազայի Վերաբերեալ
Նոյնպիսի Համաձայնութեան Յոյս Կը Յայտնէ
Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր յայտարարեց, որ «Բրիտանիան կ՛ողջունէ Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ զինադադարի համաձայնութիւնը»` յոյս յայտնելով, որ մօտիկ ապագային Կազայի վերաբերեալ եւս նոյնպիսի համաձայնութիւն կը գոյանայ:
Սթարմըր յայտնեց, որ Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ զինադադարի համաձայնութիւնը «պիտի նպաստէ մեղմացնելու տառապանքը Լիբանանի եւ հիւսիսային Իսրայէլի քաղաքային բնակչութեան, որ անցնող ամիսներուն ընթացքին այս քանդիչ տագնապին եւ արիւնահեղութեան հետեւանքներէն տառապեցաւ»:
Ան շեշտեց, որ պէտք է համաձայնութիւնը վերածել «Լիբանանի համար քաղաքական երկարատեւ լուծումի, որ հիմնուած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումին վրայ»` աւելցնելով, որ այս լուծումը քաղաքայիններուն պիտի արտօնէ մնայուն կերպով իրենց տուները վերադառնալ եւ պիտի քաջալերէ սահմանի երկու կողմերուն վրայ բնակավայրերու վերաշինութիւնը:
Սթարմըր յայտնեց, որ Բրիտանիան յանձնառու է շարունակելու բռնութեան վերջ տալու իր ջանքերը եւ աշխատանք տանելու Միջին Արեւելքի մէջ մնայուն խաղաղութեան իրագործման:
Ան շեշտեց անհաժեշտութիւնը «Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման ջանքերու արագացման, գերիներու ազատ արձակման եւ սահմանափակումներու վերացման մարդասիրական այն օժանդակութիւններուն վրայ, որոնք կենսական կը նկատուին»:
Եգիպտոս. «Լիբանանի Մէջ Զինադադարի Համաձայնութիւնը
Պէտք Է Կազայի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումի Դադրեցման Նախաքայլ Ըլլայ»
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց Լիբանանի մէջ զինադադարի համաձայնութեան ուժի մէջ մտնելը` նշելով, որ անիկա «շրջանին մէջ լարուածութեան մեղմացման պիտի յանգեցնէ»:
Նախարարութիւնը ընդգծեց Լիբանանի գերիշխանութիւնը յարգելու եւ անոր ներքին գործերուն չմիջամտելու չափազանց կարեւորութիւնը:
«Կը յայտնենք, որ Լիբանանի մէջ զինադադարի համաձայնութիւնը պէտք է Կազայի վրայ իսրայէլեան յարձակումի դադրեցման նախաքայլ ըլլայ», աւելցուց Գահիրէ:
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ շեշտեց «շրջանին մէջ մագլցումը դադրեցնելու չափազանց կարեւորութիւնը, եւ շրջանին մէջ տագնապներուն զինուորական որեւէ լուծում գոյութիւն չունի»:
Եւրոպական Յանձնաժողովի Նախագահ. «Լիբանանի Մէջ
Զինադադարի Համաձայնութիւնը Շատ Քաջալերական Է»
Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյեն ողջունեց Իսրայէլի ու Հըզպալլայի միջեւ զինադադարի համաձայնութիւնը եւ զայն որակեց «չափազանց քաջալերական լուր»:
Ան նշեց, որ համաձայնութիւնը պիտի ամրապնդէ Լիբանանի մէջ «ներքին անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը»:
Ֆոն Տեր Լեյեն հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ համաձայնութեան յայտարարութիւնը նախ եւ առաջ ողջունելի է կռիւներէն տուժած լիբանանցի եւ իսրայէլացի ժողովուրդներուն համար:
«Անիկա Լիբանանի համար առիթ պիտի ըլլայ ամրապնդելու ներքին անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը` շնորհիւ Հըզպալլայի ազդեցութեան նուազումին», աւելցուց ան:
Յորդանան. «Լիբանանի Մէջ Զինադադարը Կարեւոր
Քայլ Մըն Է, Որ Պէտք Է Կազայի Մէջ Շարունակուի»
Յորդանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց Լիբանանի մէջ ֆրանս-ամերիկեան հովանաւորութեամբ զինադադարի հաստատումը` զայն նկատելով «կարեւոր քայլ մը, որ պէտք շարունակուի միջազգային ջանքով, որ կը նպաստէ Կազայի մէջ յարձակումին ու բռնագրաւեալ Այսրյորդանանի մէջ իսրայէլեան յարձակումներու դադրեցման»:
Սէուտական Արաբիա Յոյս Կը Յայտնէ, Որ Համաձայնութիւնը
Լիբանանի Գերիշխանութեան Պահպանման Յանգեցնէ
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յոյս յայտնեց, որ Իսրայէլի եւ Լիբանանի մէջ զինադադարը «Լիբանանի գերիշխանութեան պահպանման ու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան յանգեցնէ»:
Նախարարութիւնը գնահատեց այդ առնչութեամբ թափուած բոլոր ջանքերը` յոյս յայտնելով, որ «ատիկա առաջնորդէ Ապահովութեան խորհուրդի որոշումի (1701) գործադրութեան եւ Լիբանանի գերիշխանութեան, անվտանգութեան ու կայունութեան պահպանման »:


