Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Լիբանանի դիրքորոշումը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը ամբողջութեամբ գործադրելն է, եւ լիբանանեան բանակը սկսաւ դէպի հարաւային Լիբանան շարժիլ»:
«60 օր երկարող ժամանակամիջոցը մեզի պիտի արտօնէ բանակին աջակցութիւն տրամադրել, որպէսզի տեղակայումը ամբողջական ըլլայ», նշեց Պու Հապիպ:
«Մազարեհ Շեպաան ու Քֆարշուպայի բարձունքները տակաւին վիճելի կէտեր են, եւ ամերիկեան կողմին հետ համաձայնութիւնը հետագային սահմանագիծի 13 կէտերու շուրջ բանակցութեան անցնիլն է», ըսաւ ան:
Լիբանանեան դիւանագիտութեան պետը նաեւ նշեց. «(Զինադադարի համաձայնութեան գործադրութեան հսկողութեան) հնգանդամ յանձնախումբը իր աշխատանքին սկսելու համար ժամանակի պիտի կարօտի, թերեւս մէկ շաբթուան կարօտի»:
«Համաձայնութիւնը չի նշեր, թէ իսրայէլեան բանակը հարաւային Լիբանանի մէջ զինադադարը պիտի պարտադրէ, եւ լիբանանեան բանակն ու ՖԻՆԻՒԼ-ը երկու կողմերէն որեւէ յարձակումի զսպիչի դեր պիտի ունենան», աւելցուց Պու Հապիպ:
«Համաձայնութիւնը Իսրայէլին որեւէ իրաւունք չի տար լիբանանեան օդային տարածքի որեւէ խախտում կատարելու, եւ լիբանանեան բանակին ու Հըզպալլայի միջեւ որեւէ բախում տեղի ունենալու կարելիութիւնը բացառուած է, եւ ատիկա նախապէս տեղի չէ ունեցած», յայտնեց ան:


