Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը կը գրէ, որ Լիբանանի մէջ զինադադարի համաձայնութիւնը գործնականին մէջ «ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի ամերիկեան ղեկավարութեամբ մեծածաւալ գործադրութիւնն է»:
Իսրայէլեան օրաթերթը կ՛ընդգծէ, թէ Իսրայէլի մէջ Լիբանանի հետ զինադադարի համաձայնութենէն հիասթափուածները կ՛անտեսեն հիմնական իրողութիւնները, որոնց առաջինը այն է, թէ «Հըզպալլան պարտութեան չմատնուեցաւ եւ պարտութեան սեմին չէր»` շեշտելով, որ կուսակցութիւնը «շատ ծանր հարուածներ ստացաւ, սակայն կռիւը շարունակեց»:
«Բազմաթիւ իսրայէլացիներ կը տեսնեն Իսրայէլի զինուորական ուժը, սակայն չեն հասկնար, թէ ինչո՛ւ չի կրնար ստեղծել առանց սպառնալիքի նոր կացութիւն մը, եւ Լիբանանին թելադրել ապազինել Հըզպալլան, եւ չի կրնար արգելակիչ գօտի ստեղծել», նշեց օրաթերթը:
Այս առումով, «Ետիոթ Ահրոնոթ» կը գրէ. «Լիբանանի վերաբերեալ բան մը հասկցող իւրաքանչիւր ոք գիտէ, թէ կան հարցեր, զորս կարելի չէ հրասայլերով եւ հրթիռներով կամ նոյնիսկ փէյճըրները պայթեցնելով իրագործել»:
Օրաթերթը նաեւ նշեց. «Իսրայէլի ապահովական մարմիններու պատասխանատուներուն գնահատումով` Լիբանանի մէջ կռիւի վերսկսման հաւանականութիւնը 50 առ հարիւր է»:


