Իսրայէլեան Բանակը Աքքարի Քլէյաաթ Գիւղին Մէջ Տուն Մը Ռմբակոծեց Եւ Հարաւային Լիբանանի Խիամ Գիւղին Մէջ Շէնքեր Պայթեցուց
Իսրայէլեան բանակը շարունակեց Լիբանանի մէջ զինադադարի համաձայնութիւնը խախտել: Իսրայէլեան օդուժը երէկ հիւսիսային Լիբանանի Աքքարի դաշտին մէջ գտնուող Քլէյաաթ գիւղին մէջ տուն մը ռմբակոծեց, միեւնոյն ժամանակ իսրայէլեան բանակը հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ Խիամ գիւղին մէջ շէնքերու լայնածաւալ պայթեցում կատարեց: Լիբանանի պետական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ իսրայէլեան օդուժը Աքքարի դաշտին մէջ Քլէյաաթ գիւղին մէջ երեք յարկանի շէնքի մը վրայ արձակած է հրթիռ մը,...




















