Լիբանանի կենսոլորտի նախարարի պաշտօնակատար Նասեր Եասին յայտարարեց, որ ինք Սուրիոյ մէջ դէպի ազատութիւն եւ ժողովրդավարութիւն փոփոխութեան հետ է, եւ սուրիացի ժողովուրդին կը մաղթէ (իշխանութեան) խաղաղ փոխանցում, ինչպէս նաեւ իր խնդիրները լուծել ներքին երկխօսութեամբ` հեռու մնալով արտաքին ուժերու միջամտութենէն:
«Կը հաստատենք Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ արմատացած յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը` պետական, հասարակական եւ տնտեսական մակարդակներու վրայ, եւ անոնց խորագիրը երկու երկիրներուն միջեւ շահերու վրայ հիմնուած դիւանագիտական յարաբերութիւններու ծիրին մէջ փոխադարձ յարգանքն է եւ գործակցութիւնը` սկսելով Սուրիոյ մէջ լիբանանցի արգելափակեալներու ազատ արձակումէն, անցնելով մինչեւ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը եւ արաբական հասարակաց խնդիրներու մէջ մնայուն համակարգումը»:


