Լիբանանեան

Ֆրանչիսկոս Պապին Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Միքաթի. «Կառչած Կը Մնանք Համակեցութեան,  Շրջանին Մէջ Լիբանանի Առաքելութեան Դերին  Եւ Քրիստոնէական Ներկայութեան»

Ֆրանչիսկոս Պապին Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Միքաթի. «Կառչած Կը Մնանք Համակեցութեան, Շրջանին Մէջ Լիբանանի Առաքելութեան Դերին Եւ Քրիստոնէական Ներկայութեան»

Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս պապին հետ կէս ժամ տեւած հանդիպումէ ետք յայտարարեց, որ պապին յայտնած է. «Ազգային միասնականութիւնը, հակառակ բոլոր պայմաններուն ու զարգացումներուն, տակաւին մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին յատկութիւնն է»: Ան շեշտեց իրենց «կառչածութիւնը համակեցութեան, շրջանին մէջ Լիբանանի առաքելութեան դերին, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական ներկայութեան, որ Լիբանանի, հողին ու ժողովուրդին միասնականութեան երաշխիքն է»: Միքաթի յայտնեց, որ պապին...

Առնաութ. «Լիբանանի  Գերիշխանութիւնը Կը Յարգենք»

Առնաութ. «Լիբանանի Գերիշխանութիւնը Կը Յարգենք»

Սուրիոյ մէջ քաղաքական հարցերու վարչութեան բանբեր Օպայտա Առնաութ յայտնեց. «Քաղաքական հարցերու վարչութեան ներկայ փուլի աշխատանքը պիտի կեդրոնանայ պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու վերականգնման, դրացի, շրջակայ եւ աշխարհի պետութիւններուն հետ հասարակաց շահերու հիմամբ գործընկերութեան հաստատման վրայ»: «Մեր ծրագիրը այն է, որ երկրին մէջ ամէն զէնք ըլլայ պետութեան ձեռքը, եւ աշխատանք պիտի տանինք բանակի վերակազմութեան համար», ըսաւ Առնաութ` յայտարարելով. «Կ՛ուզենք քաղաքացիական պետութիւն մը, որուն...

Իսրայէլեան Բանակը Դարձեալ Կը Սպառնայ  Հարաւային Լիբանանի Գիւղերու Բնակիչներուն

Իսրայէլեան Բանակը Դարձեալ Կը Սպառնայ Հարաւային Լիբանանի Գիւղերու Բնակիչներուն

Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի դարձեալ սպառնաց հարաւային Լիբանանի շարք մը գիւղերու բնակիչներու` յայտնելով. «Ցնոր տնօրինութիւն ձեզի արգիլուած է ուղղուիլ հարաւ` դէպի գիւղերու գիծն ու անոր մերձակայքը»: Ատրահի հարաւային Լիբանանի բնակիչներէն պահանջեց չվերադառնալ հետեւեալ գիւղեր` Տհէյրա, Թիպէ, Թիրի, Նաքուրա, Ապու Շաշ, Ըպըլ Սաքքա, Պայատա, Ժըպպին, Խրէյպէ, Խիամ, Խըրպէ, Մաթմուրա, Մարի, Ըտէյսէ, Քլէյաա, Ըմ Թութէ, Սալիպ, Առնուն, Պընթ Ժպէյլ, Պէյթ Լիֆ,...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Մուսա. «Պըրրի Մեզի Վստահեցուց 9 Յունուարի Նիստին Եւ Համախոհական Նախագահի Ընտրութեան Ձգտելու Իր Յանձնառութիւնը»

Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսա «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Մենք հաստատեցինք, որ ներկայիս աշխատանքը հնգեակի ուսերուն չէ, այլ քաղաքական ուժերուն, եւ անոնք իրապէս սկսան աշխատիլ, եւ որոշ փուլի եթէ կարգ մը խնդիրներու մէջ մեր օգնութիւնը խնդրուի, մենք պատրաստ ենք: «Մեր տեսած աշխատանքէն մեկնելով կրնանք ըսել, որ այդ ուժերը կրնան հասնիլ հաղորդակցութեան եւ որոշումի մակարդակի մը, ուր հնգեակի...

Սիսի Եւ Սուտանի Կոչ Կ՛ուղղեն` Պահպանելու  Լիբանանի Մէջ Զինադադարի Համաձայնութիւնը  Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Որոշումը

Սիսի Եւ Սուտանի Կոչ Կ՛ուղղեն` Պահպանելու Լիբանանի Մէջ Զինադադարի Համաձայնութիւնը Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Որոշումը

Եգիպտոսի նախագահի բանբեր Մոհամետ Շաննաուի յայտարարեց, որ Իրաքի վարչապետ Մոհամետ Շիահ Սուտանի հեռաձայնած է Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի: Քննարկուած է շրջանային կացութիւնը, արծարծուած են Կազայի եւ Լիբանանի մէջ արձանագրուած զարգացումները: Երկու կողմերը ընդգծած են Կազայի մէջ անմիջական զինադադար հաստատելու, առանց նախապայմանի կամ խոչընդոտման մարդասիրական օժանդակութիւններու տարանցման անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ շեշտած են Լիբանանի մէջ զինադադարը պահպանելու եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի...

4 Օգոստոս 2022-ը` Ազգային Սուգի Օր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ԸՆԹԱՑԻԿ աշխատանքներու կառավարութիւնը երեքշաբթի կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին վարչապետարանին մէջ պիտի գումարէ նիստ մը: - ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ հանդիպում ունեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի եւ բանակի սպայակոյտի պետ հազարապետ-զօրավար Հասսան Աուտէի հետ: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան երկրին մէջ, մասնաւորաբար հարաւային Լիբանանի մէջ ապահովական կացութիւնը, զինադադարի համաձայնութեան հիմամբ բանակին հարաւային Լիբանանի մէջ` համաձայնութեան գործադրութեան հսկող հնգանդամ յանձնախումբի...

Միքաթի. «Երկխօսութիւնն Ու Դիւանագիտութիւնը  Շրջանային Լարուածութիւնը Լուծելու Բանալիներն Են»

Միքաթի. «Բանակի Խիամի Եւ Մարժաայունի Մէջ Հաստատուիլը Հարաւի Մէջ Անոր Տեղակայման Ամրապնդման Համար Հիմնական Քայլ Է»

Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի յայտնեց. «Բանակի միաւորներու այսօր Խիամի եւ Մարժաայունի շրջաններուն մէջ հաստատուիլը` զինադադարի որոշումին առ ի գործադրութիւն, հարաւային Լիբանանի մէջ բանակի տեղակայման ամրապնդման կարեւոր քայլ է»: «Մենք կ՛ողջունենք իր կատարած այս նոր առաքելութեան մէջ բանակի ջանքերը եւ անոր հրամանատարութեան մօտէն հետեւիլը այն ամէն բանին, որ կը նպաստէ հարաւային Լիբանանի մէջ կայունութեան հաստատման», ըսաւ Միքաթի: Վարչապետի պաշտօնակատարը նաեւ...

Պըրրի Հանդիպում Ունեցաւ  Հազարապետ-Զօրավար Փաթրիք Կոշայի Հետ

Պըրրի Հանդիպում Ունեցաւ Հազարապետ-Զօրավար Փաթրիք Կոշայի Հետ

Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի զինադադարի հսկողութեան մարմինի սպայակոյտի պետ հազարապետ-զօրավար Փաթրիք Կոշան, որուն կ՛ընկերակցէին Պէյրութի մէջ հաղորդակցութեան գրասենեակէն Տիթր Պաշմանն ու մարմինի վերլուծական խումբի անդամ Թոնի Փոլկըրը: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ շրջանին մէջ կացութիւններու զարգացումները, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի ներկայացուցչութեան առաքելութիւնն ու ջանքերը: Պըրրի նաեւ ընդունեց «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան վարչական խորհուրդի ընդհանուր տնօրէն...

Ֆրեմ. «Պաշտօնապէս Թեկնածութիւնս  Կը Յայտարարեմ Հանրապետութեան  Նախագահի Պաշտօնին»

Ֆրեմ. «Պաշտօնապէս Թեկնածութիւնս Կը Յայտարարեմ Հանրապետութեան Նախագահի Պաշտօնին»

Երեսփոխան Նեհմաթ Ֆրեմ յայտնեց. «Որոշ ատենէ ի վեր անունս իբրեւ նախագահի պաշտօնին բնական թեկնածու շրջանառութեան մէջ դրուելէն ետք, այսօր յանուն «Մաշրուհ Ուաթանել Ինսան»-ի պաշտօնապէս թեկնածութիւնս կը յայտարարեմ Լիբանանի նախագահի պաշտօնին, ինչպէս նաեւ պատրաստ ըլլալս` կրելու եւ ստանձնելու այս ազգային պատասխանատուութիւնը` մեկնելով շարք մը հիմաւորումներէ, որոնց շարքին է «թշնամական արարքներու դադրեցման դասաւորում»-ը` իբրեւ իր ամբողջ կէտերով ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումը եւ...

Ժահժահ. «Չեմ Առաջարկեր Եւ Չեմ Պահանջեր,  Սակայն Կարելի Է Կանխահաս Խորհրդարանական  Ընտրութիւններու Մասին Մտածել»

Ժահժահ. «Չեմ Առաջարկեր Եւ Չեմ Պահանջեր, Սակայն Կարելի Է Կանխահաս Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Մասին Մտածել»

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ Պաշշար Ասատի վարչակարգի տապալումը մեծ կարեւորութիւն ունի եւ շահաւէտ է սուրիացի ժողովուրդին համար, ինչպէս նաեւ ձեռքբերում մըն է` անկախ անկէ, թէ յետոյ ի՛նչ կրնայ պատահիլ: Ան ըսաւ, որ ոմանք կը կարծեն, որ Ասատէն ետք ծայրայեղ իսլամականները կրնան իշխանութեան տիրանալ, սակայն, ով որ ալ իշխանութեան հասնի, Ասատի վարչակարգէն աւելի վատ պիտի չըլլայ: Ինչ...

Ժաշի. «Սիոնական Խախտումներուն Նկատմամբ  Ինքնազսպումը Երկարատեւ Պիտի Չըլլայ»

Ժաշի. «Սիոնական Խախտումներուն Նկատմամբ Ինքնազսպումը Երկարատեւ Պիտի Չըլլայ»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հիւսէյն Ժաշի յայտնեց. «Դիմադրութիւնը այսօր սիոնական խախտումներուն նկատմամբ առաւելագոյն ինքնազսպումը կը ցուցաբերէ` (զինադադարի) համաձայնութիւնը երաշխաւորող եւ անոր առնչակից կողմերուն առիթ ընծայելու համար իրենց պատասխանատուութիւններուն տէր կանգնելու»: «Ասիկա երկարատեւ պիտի չըլլայ, որովհետեւ Դիմադրութեան մարտիկները վճռած են, որ մեր ժողովուրդը հպարտ եւ արժանապատիւ ապրի մեր հողին ու երկրին մէջ, եւ բռնագրաւման տակ ապրելու ժամանակը անցնելէն ետք, բռնագրաւումը...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ուժերը ամբողջութեամբ հեռացան Խիամէն, եւ այդտեղ մուտք գործեց լիբանանեան բանակը: Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ իր 7-րդ զօրամասը աւարտած է Խիամի շրջանին մէջ իր առաքելութիւնը, եւ զինադադարի համաձայնութեան ու Միացեալ Նահանգներու հետ համակարգումով լիբանանեան բանակը ՖԻՆԻՒԼ-ի հետ մուտք գործած է շրջան: - ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ բանակը հեռացաւ հարաւային Լիբանանի Թալլուսա գիւղէն, ուր մուտք գործած էր զինադադարի հաստատումէն ետք: - ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր...

Միւֆթի Իմամի Հետ Հանդիպումին.  «Ամրապնդե՛լ Լիբանանի Մէջ Համայնքներուն  Համակեցութիւնը»

Միւֆթի Իմամի Հետ Հանդիպումին. «Ամրապնդե՛լ Լիբանանի Մէջ Համայնքներուն Համակեցութիւնը»

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, ընկերակցութեամբ երեսփոխան Յակոբ Թերզեանի եւ ՀՅԴ Թրիփոլիի շրջանի պատասխանատու ընկերներու, այցելեց Թրիփոլիի միւթֆի շէյխ Մոհամետ Իմամի: Հանդիպումի ընթացքին արծարծուեցան տեղական եւ շրջանային վերջին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Թրիփոլիի եւ հիւսիսային Լիբանանի մէջ այդ իրադարձութեանց նկատմամբ արձանագրուող անդրադարձները: Թրիփոլիի միւֆթին անհրաժեշտ նկատեց նախ եւ առաջ վերադարձնել Լիբանանի ներքին միութիւնը, պետութեան հանդէպ...

Պըրրի. «9 Յունուարին Հանրապետութեան  Նախագահ Պիտի Ունենանք»

Պըրրի. «9 Յունուարին Հանրապետութեան Նախագահ Պիտի Ունենանք»

Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի բացառեց Սուրիոյ զարգացումներուն Լիբանանի վրայ «ժխտական ազդեցութիւնները»: «Մինչեւ հիմա առաջին օգտուողը Իսրայէլն է, իսկ երկրորդ օգտուողը Թուրքիան է», նշեց Պըրրի: Ան նշեց, որ Լիբանանի ֆրանս-ամերիկեան հովանաւորութեամբ ձեռք բերած զինադադարի համաձայնութիւնը «Լիբանանը ցնցումներու դէմ ամրացուց»` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է ամբողջացնել այն քայլերը, որոնք «Լիբանանի անձեռնմխելիութիւնը կ՛ամրապնդեն եւ վերստին կը կանոնաւորեն անոր հաստատութիւնները»: Ան այդպիսով ակնարկեց հանրապետութեան...

Պասիլ. «Դէպի Լիբանան Սուրիական Գաղթի Պատճառը  Ամբողջովին Չքացաւ, Ուստի Ոեւէ Սուրիացի Գաղթականի  Կեցութեան Համար Որեւէ Պատճառ Կամ Արդարացում Չկայ»

Պասիլ. «Դէպի Լիբանան Սուրիական Գաղթի Պատճառը Ամբողջովին Չքացաւ, Ուստի Ոեւէ Սուրիացի Գաղթականի Կեցութեան Համար Որեւէ Պատճառ Կամ Արդարացում Չկայ»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ յայտնեց. «Սուրիական վարչակարգին տապալման հարցը կը դիտենք բացառապէս Լիբանանի շահի տեսանկիւնէն»` շեշտելով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան առաջին պահէն անհետ կորսուածներու եւ առեւանգուածներու ճակատագիրի բացայայտման համար տարած աշխատանքը: Պասիլ իր ղեկավարած կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի նիստի ընթացքին ներկայացուց այն առիթներն ու վտանգները, որոնք կրնան ի յայտ գալ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած այս մեծ փոփոխութենէն:...

Հըզպալլա. «Պէտք Է Սուրիոյ Մէջ Իսրայէլեան  Գոյացութեան Նպատակներու Իրագործումը  Արգիլելու Բոլոր Քայլերը Որդեգրել»

Հըզպալլա. «Պէտք Է Սուրիոյ Մէջ Իսրայէլեան Գոյացութեան Նպատակներու Իրագործումը Արգիլելու Բոլոր Քայլերը Որդեգրել»

Հըզպալլան հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց` նշելով, որ Իսրայէլի սուրիական յաւելեալ հողեր գրաւելն ու Սուրիոյ զինուորական կարողութիւնները հարուածելը վտանգաւոր եւ բուռն կերպով դատապարտելի յարձակում է, եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը, միջազգային ընտանիքը եւ արաբական ու իսլամական պետութիւնները կը կրեն զայն մերժելու, անոր վերջ տալու եւ ներկայ նուրբ եւ իր պատմութեան մէջ առանցքային փուլին սուրիացի ժողովուրդը պաշտպանելու պատասխանատուութիւնը: «Մենք միշտ զգուշացուցինք ամբողջ շրջանին մէջ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի հարցով միջազգային հնգեակի դեսպաններուն` Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լայզա Ճոնսընի, Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի, Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոյի, Քաթարի դեսպան շէյխ Սէուտ պըն Ապտելռահման պըն Ֆայսալ Ալ Թանիի եւ Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսայի հետ: Մուսա հանդիպումէն ետք յայտարարեց, որ իրենք Պըրրիի հետ քննարկած են լիբանանցիները միաւորող եւ բարեկարգումներ կատարելու կարող նախագահ մը...

Այցելութիւն` Հանրապետութեան Միւֆթի Շէյխ Տըրիանի

Այցելութիւն` Հանրապետութեան Միւֆթի Շէյխ Տըրիանի

Հայկական երեսփոխանական պլոքը այցելեց հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտելլաթիֆ Տըրիանի, որուն հետ ունեցաւ 45 վայրկեան տեւած հանդիպում մը: Արծարծուեցան լիբանանեան բեմը յուզող հարցերը եւ Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւնները Միջին Արեւելքի ընդհանուր շրջագիծին մէջ, յատկապէս իսրայէլեան հետզհետէ աւելի սաստկացող ախորժակներուն լոյսին տակ: Նախ եւ առաջ, հանրապետութեան միւֆթին նշեց, որ սիւննի եւ հայ համայնքները լաւագոյն օրինակներն են չափաւորութեան, միատեղ ու համերաշխ ապրելու եւ պետականութեան...

Իզէտտին. «Դիմադրութեան  Համբերութիւնը Սահման Ունի»

Իզէտտին. «Դիմադրութեան Համբերութիւնը Սահման Ունի»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Իզէտտին յայտնեց. «Կառավարութիւնը Սուր քաղաքի մէջ իր վերջին նիստի ընթացքին որդեգրեց որոշումներ, որոնցմէ էին փլատակներու վերացման գործողութեան, վնասներու գնահատման եւ վերակառուցման օժանդակութեան որոշումները, եւ մենք թիկունք կը կանգնինք այս կառավարութեան ու մեր հարազատները երբեք պիտի չլքենք, ինչպէս չլքեցինք 2006 թուականին, երբ պետութիւնը փլատակները վերցնելու ու ճամբաները բանալու եւ սալահատակելու իր պարտականութիւնը կատարեց, եւ մենք...

Անդրադառնալով Սուրիացի Կարգ Մը Նախկին  Պաշտօնատարներու Լիբանան Մուտք Գործելու Հարցին`  Միքաթի Ցուցմունք Տուաւ Այս Թղթածրարին  Նկատմամբ Կիրարկելու Այն, Ինչ Որ Օրէնքները Կը Պահանջեն

Անդրադառնալով Սուրիացի Կարգ Մը Նախկին Պաշտօնատարներու Լիբանան Մուտք Գործելու Հարցին` Միքաթի Ցուցմունք Տուաւ Այս Թղթածրարին Նկատմամբ Կիրարկելու Այն, Ինչ Որ Օրէնքները Կը Պահանջեն

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի գրասենեակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով անդրադարձաւ շրջանառուող այն լուրերուն, թէ սուրիացի կարգ մը նախկին պաշտօնատարներ մուտք գործած են Լիբանան կամ Լիբանանի ճամբով այլ պետութիւն մեկնած: Ան յայտնեց, որ լիբանանեան կառավարութեան քաղաքականութիւնը միշտ ալ հիմնուած եղած է լիբանանեան ու միջազգային օրէնքներուն վրայ, եւ զանոնք կիրարկած է այն ամբողջ շրջանին, երբ Լիբանան հիւրընկալած է հարիւր հազարաւոր սուրիացիներ: Հաղորդագրութիւնը նշեց,...

Page 155 of 986 1 … 154 155 156 … 986

Արխիւներ