Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այսօր Սուրի Մէջ Ընթացիկ Աշխատանքներու Կառավարութեան Նիստ

December 7, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսօր ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութիւնը հարաւային Լիբանանի Սուր քաղաքին մէջ լիբանանեան բանակի «Պենուա Պարաքաթ» զօրանոցին մէջ պիտի գումարէ նիստ մը:

«Անպա» օրաթերթը կը գրէ, որ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի այսօր հարաւային Լիբանանի Սուր քաղաքի մէջ լիբանանեան բանակի «Պենուա Պարաքաթ» զօրանոցին մէջ ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութեան նիստ հրաւիրելը անակնկալի մատնեց քաղաքական ու ժողովրդային շրջանակները, որովհետեւ յիշեցուց մայիս 2000-ին Լիբանանէն իսրայէլեան ուժերու հեռացումէն ետք օրուան վարչապետ հանգուցեալ Սալիմ Հըսի Պընթ Ժպէյլ քաղաքին մէջ գումարած կառավարութեան նիստը:

Նախարարական աղբիւր մը «Անպա»-ին յայտնած է. «Այս քայլը ներկայ նուրբ թայմինկին մէջ քաղաքական ու զինուորական կարեւոր ցուցանիշեր կը պարունակէ: Իր վայրով ու թայմինկով արտակարգ եղող այս նիստին ներկայ պիտի գտնուի բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը, որ նիստի ընթացքին պիտի ներկայացնէ Լիթանի գետէն հարաւ տեղակայուելու բանակի ծրագիրը, եւ ատիկա քայլ մըն է, որ անմիջականօրէն կապուած է Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ զինադադարի թղթածրարին»:

«Այս նիստը յատուկ կարեւորութիւն ունի, որովհետեւ կրնայ ազդանշանը ըլլալ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ փոխադարձ յանձնառութիւններու առնչուող փաստաթուղթի գործադրութեան սկիզբին, որուն նպատակը հարաւային սահմանի երկայնքին զինադադարի յարատեւման ապահովումն է», նշած է ան:

Աղբիւրը նշած է. «Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ փոխադարձ յանձնառութիւններու փաստաթուղթը, որուն շուրջ միջազգային ու շրջանային համակարգումի ծիրին մէջ համաձայնութիւն գոյացաւ, կը ներառէ շարք մը կէտեր, որոնցմէ կարեւորագոյններն են զինուորական մագլցումի արգիլումը, սահմանին վրայ կայունութեան երաշխաւորումը, ինչպէս նաեւ ապահովումը մեքանիզմներու` լուծելու համար որեւէ տարակարծութիւն, որ ապագային կրնայ յառաջանալ»:

«Այս փաստաթուղթը Լիբանանի համար նուրբ եւ զգայուն պահու գոյացաւ, եւ կը ձգտի կանխարգիլել որեւէ նոր զինուորական մագլցում, որ կրնայ ժխտականօրէն ազդել երկրին կայունութեան, քաղաքական ու տնտեսական ներկայ տագնապներուն լոյսին տակ, որոնցմէ կը ջանայ դուրս գալ երկիրը հանրապետութեան նոր նախագահ ընտրելով», յայտնած է աղբիւրը:

 

Նախորդը

Պասիլ` Հըզպալլային. «Մենք Լիբանանը Պաշտպանելու Մէջ Ձեզի Հետ Ենք, Սակայն Չենք Կրնար Ձեզի Հետ Ըլլալ Զայն Խոցելի Դարձնելուն Մէջ»

Յաջորդը

Էրտողան. «Լիբանան Դժուար Կացութեան Մէջ Է Եւ Օգնութեան Կարիք Ունի, Մենք Այդ Օգնութիւնը Անոր Պիտի Տրամադրենք»

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.