Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զինադադարի Հսկողութեան Յանձնախումբին Մէջ Ֆրանսական Պատուիրակութեան Նախագահ Զօր. Կիոմ Պոնշան Այցելեց Միքաթիի Եւ Պըրրիի

Դեկտեմբեր 6, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զինադադարի հսկողութեան պարտականութիւնը ստանձնած հնգանդամ յանձնախումբի ժողովներուն մէջ ֆրանսական զինուորական պատուիրակութեան նախագահ զօր. Կիոմ Պոնշան երէկ կէսօրէ առաջ այցելեց վարչապետարան, ուր հանդիպում ունեցաւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ:

Ժողովին ներկայ էր նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոն ու Միքաթիի խորհրդատուներ Պութրոս Ասաքերն ու Զիատ Միքաթին:

Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատարը հանդիպումի ընթացքին յայտնեց. «Լիբանանեան դիրքորոշման առաջնահերթութիւններն են կրակոցն ու իսրայէլեան խախտումները դադրեցնելը, իսրայէլեան բանակի լիբանանեան հողերէն հեռացումը եւ հարաւային Լիբանանի մէջ բանակի տեղակայման ամրապնդումը»:

Զօր. Պոնշան նաեւ այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

Ֆրանսայի դեսպանատունը երէկ հրապարակեց Լիբանանի մէջ զինադադարի հսկողութեան մեքանիզմին մասին Ֆրանսայի արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարութիւններու միացեալ հաղորդագրութիւնը, որ կը նշէ. «Զինադադարի համաձայնութիւնը արդիւնքն է Ֆրանսայի երկար ամիսներ Միացեալ Նահանգներուն հետ թափած դիւանագիտական ջանքերուն: Ֆրանսան բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց` երկար տեւողութեամբ զայն յարգելու եւ վերջ տալու որեւէ արարքի, որ զայն կը վտանգէ»:

«Զօր. Կիոմ Պոնշանը հսկողութեան այս մեքանիզմին մէջ կը ներկայացնէ Ֆրանսան: Անոր պիտի աջակցին արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարութիւններէն շուրջ տասը զինուորական ու քաղաքային պաշտօնեաներ: Հսկողութեան մեքանիզմը Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ զինադադարի գործադրութեան հովանաւորութիւնը պիտի երաշխաւորէ` սերտ գործակցութեամբ լիբանանեան զինեալ ուժերուն, իսրայէլեան բանակին եւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ժամանակաւոր ուժերուն: Մեքանիզմը նաեւ պիտի գործակցի Լիբանանի աջակցութեան զինուորական թեքնիք յանձնախումբին հետ` նպաստելու համար ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան ծիրին մէջ լիբանանեան զինեալ ուժերուն ոտքի կանգնման ու հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայման, որոնց Ֆրանսան շարունակ աջակցութիւն կը յայտնէ»:

 

Նախորդը

«Մտահոգ Ենք Հըզպալլայի Սուրիա Հասնելու Կարողութեան Նկատմամբ» Կ՛ըսեն Ամերիկացի Պաշտօնատարներ

Յաջորդը

Պու Սաապ. «Զինադադարի Համաձայնութիւնը Պիտի Տոկայ, Եւ Բանակի Հրամանատարի Նախագահ Ընտրութեան Չեմ Զօրակցիր»

RelatedPosts

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն  Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման

Հոկտեմբեր 31, 2025
Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին
Գլխաւոր լուրեր

Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին

Հոկտեմբեր 31, 2025
Պլիտայի Քաղաքապետարանին Վրայ  Իսրայէլեան Յարձակում
Լիբանանեան

Պլիտայի Քաղաքապետարանին Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?