– «ՆԱՇՐԱ» հաղորդեց, որ լիբանանեան բանակի եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի մաս կազմող լեհական միաւորի պարեկութիւն կատարող զինուորները իսրայէլեան ուժերու կողմէ զգուշացման կրակոցի ենթարկուած են, երբ կը փորձէին վերաբանալ Այթարուն-Պընթ Ժպէյլ ճամբան, որ իսրայէլեան ուժերը անցեալ հինգշաբթի հողէ թումբերով փակած էին:
– ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի ներքին անվտանգութեան խորհուրդի ժողովէն ետք յայտարարեց, որ սուրիական բանտերուն մէջ արգելափակուած 9 լիբանանցիներ հասած են Լիբանան: