Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Երեսփոխանական Ականաւոր Աղբիւրի Մը. Պըրրի Լաւատես Է 9 Յունուարին Նախագահի Ընտրութեան Առնչութեամբ

December 6, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեսփոխանական ականաւոր աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին յայտնեց, որ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի լաւատես է 9 յունուարին հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան հասնելու առնչութեամբ:

Երեսփոխանական աղբիւրը ըսաւ, որ Պըրրի «մեծ յոյս կը կապէ նախագահի ընտրութեան համար առնուազն պէտք եղած քուէներու երկու երրորդը ապահովելու գծով, որպէսզի նորընտիր նախագահը կարենայ ուժեղ թափ ստանալ եւ կազմել ազդու կառավարութիւն մը»:

Անուղղակի կերպով պատասխանելով այն պահանջին, թէ նախագահի ընտրութեան նիստերը պէտք է բաց ըլլան եւ ոչ թէ մէկ նիստ, որմէ ետք օրինաթիւը կը չքանայ, աղբիւրը յայտնեց. «Անկէ աւելին կ՛ուզենք, այսինքն` կէս առաւել մէկէն աւելին, այլեւ առաջին նիստին մէկ երրորդէն աւելիին կը ձգտինք: Եթէ միայն մէկ նիստ ըլլար, պիտի չյայտարարուէր, թէ դեսպանները կը հրաւիրուին նիստին, որ պիտի շարունակուի վերջ տալու համար նախագահական աթոռի դատարկութեան»:

Քաղաքական բարձրաստիճան աղբիւր մըն ալ քուէյթեան օրաթերթին ըսած է. «Պըրրի առաջարկեց լուրջ անուններ` գիտակցելով, որ անոնք լայն ընդունելութիւն պիտի ունենան, առանց բացառելու անոնցմէ ոմանց նկատմամբ առարկութիւնները: Նպատակը, սակայն, առանց կողմերէն մէկը մեկուսացնելու փոխըմբռնման հասնիլն է` ապահովելու համար նոր իշխանութեան յաջողութեան առիթը:

«Ան (Պըրրին, «Ա.») կ՛աշխուժացնէ առանց բացառութեան բոլորին հետ հաղորդակցութիւնները, ըլլայ այդ ուղղակի կամ իր խումբին մօտիկ անձնական միջնորդներու ճամբով: Նախանձախնդիր է հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութեան մէջ լիբանանեան մասնակցութեան` մեկնելով իր համոզումէն, թէ տեղական մասնակցութիւնը կ՛երաշխաւորէ նոր իշխանութեան միջազգային ու շրջանային աջակցութեան ապահովումը»:

 

Նախորդը

Պու Սաապ. «Զինադադարի Համաձայնութիւնը Պիտի Տոկայ, Եւ Բանակի Հրամանատարի Նախագահ Ընտրութեան Չեմ Զօրակցիր»

Յաջորդը

«Շէյխ Քասեմ. «Յաղթեցինք, Որովհետեւ Մեր Դիմադրութիւնը Կը Մնայ Եւ Կը Շարունակուի»

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.