Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ` Հըզպալլային. «Մենք Լիբանանը Պաշտպանելու Մէջ Ձեզի Հետ Ենք, Սակայն Չենք Կրնար Ձեզի Հետ Ըլլալ Զայն Խոցելի Դարձնելուն Մէջ»

Դեկտեմբեր 7, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսաւ. «Զինադադարի համաձայնութիւնը շիիները գոյացուցին Իսրայէլի հետ, Ամերիկայի միջնորդութեամբ, լիբանանեան բանակին գիտակցութեամբ, զայն կառավարութիւնը վաւերացուց, եւ պէտք է բոլոր անոնք, որոնք այդ համաձայնութիւնը կնքեցին, զայն յարգեն»:

«Այս պատերազմին դասերը բոլորին համար են: Պէտք է պատասխանատուութիւն բաժնեկցինք եւ սորվինք տեղի ունեցածէն: Ան, որ շիիներու վերացման վրայ գրաւ դրաւ, զինադադարէն ցնցուեցաւ», նշեց Պասիլ` աւելցնելով. «Բոլոր անոնք, որոնք հաւանութիւն տուին զինադադարի համաձայնութեան, պէտք է զայն յարգեն, եւ զայն չյարգելը մեզ պատերազմի կը տանի»:

«Հըզպալլան զինուորական գետնի վրայ չդադրեցաւ գոյութիւն ունենալէ, եւ եթէ Իսրայէլ կարենար զայն ճզմել, ըրած կ՛ըլլար», ըսաւ ան:

«Զսպման հաւասարակշռութիւնը կորսնցուցինք, եւ միեւնոյն ժամանակ փաստուեցաւ, որ Իսրայէլ չի կրնար Լիբանանի մէջ պտտիլ ինչպէս ըրաւ 1982 թուականին, ուստի ո՛չ պարտութիւն, ո՛չ յաղթանակ», յայտնեց Պասիլ:

«Շիիները սորվեցան, որ այլ հարթակներու վրայ գրաւ դնելը չյաջողեցաւ, եւ չեն կրնար սխալ ընտրանքներով շարունակել ու անոր պատասխանատուութիւնը Լիբանանի ուսերուն բեռցնել», աւելցուց ան:

«Լիբանանի զանց կացուցումը միջազգային տրամաբանութեան մէջ մեզի ինքնապաշտպանութեան ուժ կու տայ, եւ կ՛ամբողջացուի մեր բանակի զինումով, իսկ զինադադարը, ինչպէս որ ամերիկեան-ֆրանսական երաշխիքներ ունի, պէտք է ունենայ միջազգային երաշխիքներ, որոնք Լիբանանին կու տան չէզոք կարգավիճակ, որպէսզի Իսրայէլ անոր վրայ չյարձակի», աւելցուց Պասիլ:

Անդրադառնալով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմի` 2006 թուականէն աւելի մեծ յաղթանակի մասին կատարած յայտարարութեան, ան նշեց. «Ստիպուած է այդպէս ըսել, եւ բաւարար գիտակցութիւն եւ ողջախոհութիւն ունի, թէ չի կրնար նախկինին պէս շարունակել»: Ան աւելցուց. «Լիբանանը պատերազմներու հարթակ երկիր չէ, այլ` երկխօսութեան ու կայունութեան, ատիկա կ՛իրագործուի զայն տագնապներէ հեռու պահելով: Յաջորդ փուլը կայունութեան փուլ է»:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարը իր խօսքը Հըզպալլային ուղղելով յայտնեց. «Մենք Լիբանանը պաշտպանելու մէջ ձեզի հետ ենք, սակայն չենք կրնար ձեզի հետ ըլլալ զայն խոցելի դարձնելու մէջ»: Ան ընդգծեց. «Զուգահեռ տնտեսութիւն չենք ուզեր, այլ միայն օրինական տնտեսութիւն, չենք ուզեր Հըզպալլայի հաղորդակցութիւններ, որոնք ներթափանցուեցան, եւ փտածութիւնը ատոր պատճառներէն էր: Միշտ ալ ըսած եմ, որ փտածութիւնը դիմադրութեան հետ չի գոյակցիր»:

«9 յունուարին պէտք է նախագահ ընտրել, եւ մենք սկսանք աշխատիլ, եւ այս թղթածրարին մէջ չենք կրնար աւելի ուշանալ», շեշտեց Պասիլ` աւելցնելով. «(Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր) Ժահժահի թեկնածութեան նկատմամբ ժխտական մօտեցում չունէինք, երբ ատիկա մեզի ներկայացուեցաւ. ատիկա իր իրաւունքն է, որովհետեւ ան իր ներկայացուցչութիւնը ունի, եւ եթէ կարենայ իր մօտեցումը փոխել, ապա մենք արգելք չունինք»:

Պասիլ ընդգծեց, որ համախոհական նախագահ կը նշանակէ, թէ ոչ մէկ կողմ կրնայ առանձինը նախագահ բերել` աւելցնելով. «Հըզպալլային թեկնածուներու անուններ չյանձնեցի, եւ հանրապետութեան նախագահի հիմնական արժեչափը ներկայացուցչութիւնն է, եւ այս հարցը առաջարկուած անուններուն մօտ բացակայ է»:

«Սուրիոյ մասնատումէն կը վախնամ, որովհետեւ ատիկա ազդեցութիւն ունի Լիբանանի վրայ», ըսաւ ան:

«Կրնամ ընդդիմութեան եւ լայն շրջանակի հետ Ժիհատ Ազհուրի կամ ոեւէ այլ թեկնածուի վրայ փոխհասկացողութիւնը վերանորոգել, սակայն չեմ զօրակցիր ատոր որդեգրման եւ շիի զոյգի մեկուսացման, ինչպէս նաեւ չեմ կրնար զոյգին հետ ըլլալ եւ ընդդիմութիւնը մեկուսացնել, եւ եթէ որեւէ խումբ յամառի, մեզի ազատութիւն կը շնորհէ, ուստի եւ միւս խումբին հետ կը համաձայնինք», յայտնեց Պասիլ:

«Եթէ նախագահի անունին շուրջ կարենանք համաձայնիլ, ինչո՞ւ 9 յունուարին որոշուած նիստէն առաջ նախագահ չընտրենք», հարց տուաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարը:

Նախորդը

Իսրայէլեան Յարձակում Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Հիւսիսային Սահմանային Անցակէտերուն Վրայ

Յաջորդը

Այսօր Սուրի Մէջ Ընթացիկ Աշխատանքներու Կառավարութեան Նիստ

RelatedPosts

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ  Լայնածաւալ Ռազմափորձեր
Լիբանանեան

Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ Լայնածաւալ Ռազմափորձեր

Հոկտեմբեր 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?