Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի հետեւեցաւ Սուրիոյ հետ Մասնաա սահմանային անցակէտի կացութեան:
Ան Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան ցուցմունք տուաւ սուրիացիներու Լիբանան ապօրինի մուտքի փորձերու արգիլման պէտք եղած անմիջական քայլերը որդեգրելու եւ անմիջական կերպով աւելցնելու ապահովական մարմիններու անդամներուն թիւը:
Մաուլաուի ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութեան պարտականութիւն տուաւ պարեկներ ուղարկելու` օժանդակելու համար ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան ուժերուն, սահմանները վերահսկելու եւ անցակէտեր հաստատելու:
«Նաշրա» հաղորդեց, որ երէկ Մասնաայի անցակէտին վրայ հրմշտուք տեղի ունեցած է, եւ սուրիացիներու կողմէ Ընդհանուր ապահովութեան կեդրոնին ճամբով Լիբանան մուտք գործելու փորձեր կատարուած են:


