ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ իսրայէլեան օդուժը երէկ արշալոյսին յարձակում գործած է Սուրիա-Լիբանան սահմանային Արիտա անցակէտի կամուրջին ու ենթակառոյցին վրայ` սահմանին երկու կողմերուն վրայ ալ պատճառելով նիւթական մեծ վնասներ, որոնց պատճառով ալ ճամբան փակուած է:
Լիբանանի փոխադրամիջոցներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ յարձակում գործուած է Լիբանանի հիւսիսը գտնուող Արիտա եւ Լիբանանի արեւելքը գտնուող Ժուսիէ անցակէտերուն վրայ: Յարձակումները նիւթական մեծ վնասներ պատճառած են եւ պատճառ դարձած, որ երթեւեկը դադրի:
Լիբանանի Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը յայտարարեց, որ մասնաւորաբար հիւսիսային Լիբանանի մէջ սահմանային անցակէտերու վրայ իսրայէլեան իրերայաջորդ յարձակումներուն հետեւանքով այդ անցակէտերը ցնոր տնօրինութիւն փակ կը մնան, իսկ Մասնաայի սահմանային անցքը կը մնայ բաց: