Սէյիտ Ֆատլալլա. «Պետութեան Կոչ Կ՛ուղղենք` Իսրայէլեան Յարձակումին Սրման Նկատմամբ Անտարբեր Չմնալու»
Սէյիտ Ալի Ֆատլալլա ուրբաթօրեայ նամազի ընթացքին իր արտասանած պատգամին մէջ յայտնեց. «Կը Վերահաստատենք հողերու, գերիշխանութեան եւ քաղաքացիներու պաշտպանութեան պատասխանատու Լիբանանի պետութեան մեր կոչը` տէր կանգնելու իր պատասխանատուութեան եւ անտարբեր չմնալու յարձակումի այս սրման նկատմամբ: «Մենք անոր կոչ կ՛ուղղենք միջազգային բեմերու վրայ բարձրացնելու իր ձայնը, զարնելու բոլոր դռները` այս արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու եւ Լիբանանի ժողովուրդի հարստութիւններն ու կեանքի պտուղները պաշտպանելու համար: Մենք...




















