Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալլա Մուսա «Օ.Թի.Վի.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց. «Լիբանանցի ժողովուրդը դժուարութիւններուն դիմադրելու մեծ կարողութիւն ունի, եւ գոյութիւն ունի շրջանային իրավիճակ մը, որ Լիբանանի վրայ կ՛ազդէ»:
«Լիբանանը ունի շարք մը խնդիրներ, զորս պէտք է կարգաւորել յառաջ ընթանալու համար, եւ այդ թղթածրարներէն մէկը զէնքի մենաշնորհումն է», ըսաւ դեսպանը` շեշտելով, որ այդ թղթածրարին մէջ ուժի կիրարկման դիմելը «չափազանց մեծ գին ունի»:
«Պէտք է լիբանանեան բանակը պահպանել եւ զայն աւելի հզօր դարձնել», յայտնեց Եգիպտոսի դեսպանը:
Անդրադառնալով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ իր յարաբերութեան` Մուսա ըսաւ, որ Պըրրին «մօտս յատուկ գնահատանք կը վայելէ, եւ իմ կարծիքովս` ան ունի իմաստութիւն մը եւ փորձառութիւն մը, որ ոեւէ մէկը չունի»:
«Պըրրին ինծի կ՛ըսէ. «Ինծի Լիբանանի մէջ ամբողջական զինադադար եւ վերաշինութեան գործողութիւն բեր, եւ մնացեալը վրաս ձգէ», ըսաւ Մուսա:
«Լիբանանեան-իսրայէլեան բանակցութիւնները պիտի շարունակուին, եւ պէտք է անոնց ամերիկեան ներգրաւուածութիւնը պահպանել», շեշտեց Եգիպտոսի դեսպանը:


