Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինչեւ Ելեկտրականութեան Թղթածրարին Մէջ Պահանջուած Որոշումներու Որդեգրումը. Նախարար Ստի Որոշեց Չմասնակցիլ Նախարարաց Խորհուրդի Նիստերուն

October 7, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ճօ Ստի յայտնեց. «Ելեկտրականութեան խնդիրին արմատը արտադրողական կարողութեան պակասն է»:

«Սեփական մարզը պէտք է ներդրումներ կատարէ Լիբանանի ուժանիւթի ոլորտին մէջ եւ ելեկտրակայանները շահագործէ, սակայն ջանքերն ու հաղորդակցութիւնները յանգած են այն եզրակացութեան, որ միջազգային ներդրողները ունին իրենց պայմանները եւ ֆինանսական ու անվտանգութեան երաշխիքներ կ՛ուզեն», ըսաւ ան` աւելցնելով. «24 ընկերութիւններ հետաքրքրուած են ուժանիւթի ոլորտին մէջ ներդրում կատարելով, սակայն պայմաններով, որոնց գլխաւորը ելեւմտական երաշխիքներու ապահովումն է»:

«Լիբանանի Ելեկտրականութեան ընկերութեան ֆինանսական կայունութիւնը պէտք է «ինքնուրոյն» ըլլայ` իր կարելիութիւններու միջոցով: Վառելանիւթի գինի փոփոխական սակագինի անցնելու մեր կոչը նոր չէ: Երկրորդ պահանջը կարգաւորումն է ոչ թեքնիք մսխումներու, որոնք 30 առ հարիւր կը կազմեն, եւ զորս ես «գողութիւն» կը կոչեմ», յայտնեց նախարարը:

«Մենք աշխատանք կը տանինք թէ՛ ցամաքի ճամբով, թէ՛ ծովու ճամբով կազ ներածելու` Լիբանանի անկախութիւնը ապահովելու համար, որպէսզի ոչ ոքի պարտական ըլլանք», յայտարարեց ան` աւելցնելով. «Տէյր Ամմար երկարող կազի խողովակաշարը կը վերականգնուի, եւ Սուրիայէն ելեկտրականութիւն ներածելու հարցը ուսումնասիրութեան փուլի մէջ է»:

«Ես Սուրիայէն ելեկտրականութիւն ներածելու պայմանագիրը ներկայացուցած եմ Լիբանանի Ելեկտրականութեան ընկերութեան տնօրէնններու խորհուրդին, եւ մենք կ՛ուսումնասիրենք Սուրիոյ միջոցով Թուրքիայէն ելեկտրականութիւն գնելու կարելիութիւնը», նշեց ան:

Ստի նաեւ նշեց. «Ելեկտրականութեան մարզի կարգաւորման մարմինը նուազուրդ յայտարարած է ելեկտրականութեան արտադրման փոքր կայաններու մէջ ներդրում կատարելու համար, եւ 20 ընկերութիւններ առաջարկներ ներկայացուցած են` աւանդական ու վերականգնուող ուժանիւթի նախագիծերու համար»:

«Լիբանանի Ելեկտրականութեան ընկերութեան կողմէ ներածուող վառելանիւթի գինը վերջին վեց ամիսներուն ընթացքին կրկնապատկուած է, այդ իսկ պատճառով ելեկտրականութեան մատակարարման ժամերը նուազած են: Անցեալ տարուան փետրուարին օրական մօտաւորապէս 7 ժամի հասնելէ ետք, անոնք սկսած են նուազիլ վառելանիւթի գիներու բարձրացման պատճառով: Լուծումը փոփոխական սակագինին մէջ է, որ կը ճշգրտուի վառելանիւթի համաշխարհային գիներուն համապատասխան», աւելցուց ան:

Նախարարը ընդգծեց. «Պետութիւնը պէտք է վճարէ հարաւային Լիբանանի մէջ պատերազմի ծիրին մէջ տրամադրուած վճարումէ զերծ կացեցումները եւ իր պատասխանատուութիւնը կրէ` փոխհատուցելով գումարները, որպէսզի Ելեկտրականութեան ընկերութիւնը կարենայ վառելանիւթ գնել»:

«Որոշած եմ, մինչեւ անհրաժեշտ որոշումներու կայացումը, չմասնակցիլ նախարարաց խորհուրդի նիստներուն», յայտարարեց Ստի:

 

 

Նախորդը

Պայրագտարեան Ընդունեց «Մապարաթ Խէյրիա» Սկաուտական Միութեան Պատուիրակութիւնը»

RelatedPosts

Պայրագտարեան Ընդունեց «Մապարաթ  Խէյրիա» Սկաուտական Միութեան  Պատուիրակութիւնը»
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց «Մապարաթ Խէյրիա» Սկաուտական Միութեան Պատուիրակութիւնը»

October 7, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 7, 2026
Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ  Զօրավար Ժոզեֆ Աուն Այցելեց  Արամ Ա. Կաթողիկոսին
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօրավար Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

October 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.