. «ԷՄ.ԹԻ.ՎԻ.». «Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը կիրակի օր կը մեկնի Հռոմ` մասնակցելու համար Լեւոն ԺԴ. պապի գլխաւորութեամբ կաթողիկէ կարտինալներու սինոտոսին»:
. ԱՂԲԻՒՐ մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Լիբանան կը շարունակէ իր քաղաքական ու ապահովական հաղորդակցութիւնները Քնեսեթի ընտրութիւններէն մեզ բաժնող «մահաբեր ժամանակը» առանց յաւելեալ մագլցումի մէջ ներքաշուելու անցընելու նպատակով»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Լիբանան տակաւին կը փորձէ, որ բանակցութիւնները քաղաքական-զինուորական ըլլան, երբ Իսրայէլ կը պնդէ, որ անոնք միայն զինուորական պէտք է ըլլան»:
. ԱՂԲԻՒՐ մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ուղղակի բանակցութեան հոլովոյթի ուղին տակաւին սառած է, հակառակ ամերիկեան Թամփա քաղաքին մէջ զինուորական ու ապահովական ժողովին թուականը ճշդելուն, որ կը սպասուի, որ գործնական կերպով քննարկէ ամերիկեան զինուորական խումբին Պէյրութի եւ Թել Աւիւի մէջ ձեռք ձգած արդիւնքները»:
. «ՏԻԱՐ» օրաթերթ. «Վարչապետ Սալամ նախարարներուն յայտնեց, որ ժխտական մթնոլորտի մասին տարաձայնութիւնները իրականութեան չեն համապատասխաներ, եւ Ռուպիօ իրեն փոխանցած է, թէ Ուաշինկթըն կը հասկնայ լիբանանեան պետութեան պայմանները, եւ զայն որեւէ խոստում կատարելու մղելու համար որեւէ ճնշում չէ բանեցուցած»:
. «ԱՆՊԱ ԷԼԵՔԹՐՈՆԻԱ». «Գոյութիւն ունին միջնորդի մը ճամբով Պաապտայի պալատի եւ Հարաւային արուարձաններուն միջեւ հաղորդակցութիւնը վերականգնելու նոր ջանքեր, որոնց նպատակը չափազանց զգայուն փուլի մէջ ուղղակի հաղորդակցութեան կապը վերականգնելն է»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ Համաներման օրէնքի սպասուող ուղիին մասին «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Յառաջ կ՛ընթանայ, որովհետեւ քաղաքական որոշումը տրուած է, եւ առաջարկուած բոլոր բեմագրութիւններուն մէջ գործադրութեան ուղիով պիտի ընթանայ»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Նախարար Ստի կոչ ուղղեց` առնուազն որոշ ժամանակով առկախելու վառելանիւթի վրայ հաստատուած 300 հազար լ.ո.-ի տուրքի գանձումը, որմէ ետք վարչապետ Սալամ ճարտարարուեստի, ուժանիւթի, ելեւմուտքի եւ տնտեսութեան նախարարներէն պահանջեց երկուշաբթի օր գումարել ժողով մը` այդ հարցին վերաբերեալ ձեւաչափ մը գտնելու համար»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Կարգ մը «Նաուըլնի»-ի խանութներ թմրեցուցիչներու ցրուումի կեդրոններ էին, եւ յարմար պահուն պիտի խուզարկուին»:
. ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Առնչակից ապահովական մարմինները կը հետեւին շարժումներուն կարգ մը անձերու, որոնք կը մեղադրուին Քեսրուանի եւ Ժիպէյլի մէջ մարմնավաճառութեան կազմակերպման եւ թմրեցուցիչ ծախելու յանցանքներով: Մարմինները կը պատրաստուին յառաջիկայ շաբաթներուն նոր ցանցեր ձերբակալելու»:
. 95 օքթան պենզինին գինը նուազեցաւ 7000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 2.837.000 լ.ո.-ի, 98 օքթանինը նուազեցաւ 8000 լ.ո. եւ հասաւ 2.854.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը նուազեցաւ 30000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 2.726.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը մնաց անփոփոխ` 1.333.000 լ.ո.:


