Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Լիուա» օրաթերթին. «Բանակցութիւններու յաջորդ փուլի թուականը տակաւին չճշդուեցաւ` սպասելով զօր. Քլիրֆիլտի կողմէ թեքնիք հարցերու աւարտման, ինչ որ կրնայ, ըստ ամերիկեան աշխատանքի ներկայ կշռոյթին, մինչեւ սեպտեմբերի վերջ երկարիլ»: . ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Լիուա» օրաթերթին. «Միացեալ Նահանգներ հասկացողութիւն կը ցուցաբերեն Ալի Թահեր բարձունքներուն Իսրայէլի համար ունեցած կարեւորութեան, սակայն դէմ են ներկայիս անոր վրայ մեծ յարձակումի մը շղթայազերծման, եւ այդ հարցը որեւէ որոշում...

Նախագահ Աուն Ընդունեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերու  Առաքելութեան Երկարաձգումը Պահանջող  Երեսփոխանական Պատուիրակութիւն Մը.  Բագրատունի Կը Զգուշացնէ Ազրպէյճանի  Մասնակցութենէն

Նախագահ Աուն Ընդունեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերու Առաքելութեան Երկարաձգումը Պահանջող Երեսփոխանական Պատուիրակութիւն Մը. Բագրատունի Կը Զգուշացնէ Ազրպէյճանի Մասնակցութենէն

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց երեսփոխանական պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ պլոքի անդամ Յակոբ Թերզեան: Երեսփոխան Խալաֆ հանդիպումէն ետք պատուիրակութեան անունով յայտարարեց, որ իրենք կառչած կը մնան ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն հարաւային Լիբանան մնալուն, որպէսզի այդտեղ որեւէ բաց չստեղծուի` նկատի ունենալով իսրայէլեան հեռացումը հաստատելու, անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը պահպանելու եւ...

Աուն. «Իսրայէլ Պիտի Չկարենայ Զուտ Զինուորական  Ուժի Կիրարկումով, Աւերելով Ու Անմեղ Մարդոց  Սպանութեամբ Իր Նպատակներուն Հասնիլ»

Աուն. «Իսրայէլ Պիտի Չկարենայ Զուտ Զինուորական Ուժի Կիրարկումով, Աւերելով Ու Անմեղ Մարդոց Սպանութեամբ Իր Նպատակներուն Հասնիլ»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ ընդունեց «Թասք Ֆորս Ֆոր Լեպանոն» կազմակերպութեան պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ Էտուըրտ Կըպրայէլի, եւ յայտնեց, թէ Լիբանան կը սպասէ բանակցութիւններու նոր փուլին, «որպէսզի տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս կարելի է յառաջընթաց արձանագրել»: «Այս նախաձեռնութեան դիմեցինք եւ անոր յանձնառու ենք, որովհետեւ նախապէս երկու ընտրանքի առջեւ էինք. կա՛մ պատերազմը, կա՛մ դիւանագիտութիւնը: Անոնցմէ բացի երրորդ ընտրանք գոյութիւն չունի, եւ պատերազմը վստահօրէն որեւէ արդիւնքի...

Հասան. «Ներկայ Քաղաքականութիւն Մը Միայն  Յաւելեալ Զիջումներու Պիտի Առաջնորդէ»

Հաժ Հասան. «Լիբանանցի Գերիներու Թիւը Վերջին Պատերազմի Ընթացքին 23-Էն 35-ի Բարձրացաւ»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ Իսրայէլ Ալի Թահեր բարձունքներուն վրայ կը կեդրոնանայ եւ անոնց կարեւորութիւնը կը մեծցնէ ընտրութիւններուն նախօրեակին զինուորական ձեռքբերում մը արձանագրելու փորձով: Հաժ Հասան «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Լիբանանցի գերիներուն թիւը վերջին պատերազմի ընթացքին 23-էն 35-ի բարձրացաւ»: Անդրադառնալով այն քայլերուն, որոնք կրնան որդեգրուիլ, երեսփոխանը նշեց. «Մենք կը գիտակցինք դժուարութիւններուն, ուստի մեր որդեգրելիք որեւէ...

Պայտուն. «Հարաւցիներուն Համար Գաղթակայաններ  Չենք Ուզեր, Այլ Իրենց Գիւղեր Վերադարձը»

Պայտուն. «Հարաւցիներուն Համար Գաղթակայաններ Չենք Ուզեր, Այլ Իրենց Գիւղեր Վերադարձը»

Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Աշրաֆ Պայտուն Ֆրուն գիւղին մէջ իսրայէլեան յարձակումի մը պատճառով վնասուած, այժմ վերանորոգուած ջուրի հորի մը վերաբացման հանդիսութեան ընթացքին յայտնեց. «Ֆրունը իշխանութեան կողմէ հարաւային Լիբանանի մեր ժողովուրդին նկատմամբ իշխանութեան որեւէ նախաձեռնութեան յաջողութեան փաստն է: Եւ որովհետեւ Ֆրունի մէջ ենք, պէտք է ըլլայ բարգաւաճման դիրքորոշում մը, որ կ՛ամրապնդէ մեր հարազատներուն ու ժողովուրդին դիմացկունութիւնը, եւ մենք խաչմերուկի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Իսրայէլեան ընտրութիւններէն մեզ բաժնող օրերը, Պենիամին Նեթանիահուի Ալի Թահերի ճակատամարտը վճռելու ճամբով բարոյական ձեռքբերում արձանագրելու վրայ պնդելուն լոյսին տակ, ապահովական եւ զինուորական մակարդակներու վրայ չափազանց դժուար պիտի ըլլան»: . ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ պատկերասփիւռի 12-րդ կայան. «Իսրայէլեան բանակը կը պատրաստուի Լիբանանի մէջ քանի մը օրուան վրայ երկարող կռիւի վերականգնման կարելիութեան: Պատկերասփիւռի կայանը կը նշէ, որ իսրայէլեան...

Զօր. Քլիրֆիլտ Այցելեց Պըրրիի Եւ Սալամի

Զօր. Քլիրֆիլտ Այցելեց Պըրրիի Եւ Սալամի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրէ առաջ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի յատուկ զինուորական համակարգման խումբի` «Էմ.Սի.Ճի.4Էլ.»-ի պետ զօր. Ճոզըֆ Քլիրֆիլտը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշէլ Իսայի եւ զօր. Քլիրֆիլտի շարք մը օգնականներուն: Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ հարաւային Լիբանանի մէջ կացութեան եւ խմբակի աշխատանքին: Պըրրի շեշտեց. «Իսրայէլ իր խախտումներն ու Լիբանանի ու Հարաւի վրայ իր յարձակումները նոյեմբեր 2024-էն...

Շէյխ Քապալան. «Լիբանանը Քաղաքական Աղէտի Մէջ Է,  Եւ Ազգային Փրկութիւնը Նախագահ Աունի Ձեռքն Է»

Քապալան. «Պէտք Է Սէուտական-Իրանեան-Լիբանանեան Կարգաւորում Ապահովել` Հայրենիքը Քաղաքական Յոռեգոյն Երեւոյթէն Պաշտպանելու Համար»

Ժաաֆարականներու միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան յայտնեց. «Լիբանանը երկիր մըն է, որ հիմնուեցաւ եւ հիմնուած է ազգային գործընկերութեան վրայ, ոչ թէ իշխանութեան խմբակի քայլին ու կողմնակի յանձնառութիւններուն վրայ, որոնք այս երկրի գերիշխանութեան խորքը կը հարուածեն: Իշխանութիւնը ինքն է, որ Լիբանանը կը դնէ երկու ընտրանքներու առջեւ` կա՛մ սադրանքի վտանգին մէջ դնել, կա՛մ ալ զայն ամէնէն վտանգաւոր սադրանքէն հեռու պահել»: Ան ցաւ յայտնեց,...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Ուաշինկթըն աւարտին կը հասցնէ գործառնական չափորոշիչներու մշակումը, միացեալ քարտէսներու պատրաստութիւնը եւ ապագային լրացուցիչ փորձնական տարածքներ բանալու ճամբու քարտէսի ուրուագծումը, սակայն կը պահանջէ, որ Լիբանանը նոր տարածքները ապահովելու մանրամասն ծրագիրներ ներկայացնէ»: . ԱՂԲԻՒՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Իսրայէլեան բանակը Ալի Թահեր բարձունքին վրայ կը գործէ, առանց իր ամբողջական ներկայութիւնը հաստատելու, եւ «դանդաղ խածնելու» քաղաքականութեան կը հետեւի, ինչպէս նաեւ...

Աուն-Սալամ Հանդիպում

Աուն-Սալամ Հանդիպում

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ առաւօտեան Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Նաուաֆ Սալամը եւ անոր հետ քննարկեց ընդհանուր, մասնաւորաբար հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը` իսրայէլեան յարձակումներու եւ շարք մը գիւղերու ու գիւղաքաղաքներու մէջ տուներու եւ կալուածներու քանդման ու ականահարման շարունակման լոյսին տակ: Քննարկումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի յատուկ զինուորական համակարգումի խումբի` «Էմ.Սի.Ճի.4Էլ»-ի պետ զօր. Ճոզըֆ Քլիրֆիլտի այցելութեան: Նախագահն ու վարչապետը...

Ըստ Լաւատեղեակ Աղբիւրներու.  Իտալիան, Բրիտանիան, Զուիցերիան  Եւ Ինտոնեզիան` Հըզպալլայի Զինաթափման  Ստուգման Հաւանական Թեկնածու

Ըստ Լաւատեղեակ Աղբիւրներու. Իտալիան, Բրիտանիան, Զուիցերիան Եւ Ինտոնեզիան` Հըզպալլայի Զինաթափման Ստուգման Հաւանական Թեկնածու

Լաւատեղեակ անձեր «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ Լիբանանն ու Իսրայէլը համաձայնած են Բրիտանիան, Իտալիան, Զուիցերիան եւ Ինտոնեզիան Հըզպալլայի զինաթափման ստուգման համար Լիբանանի մէջ օտար ուժերու տեղակայման առաջարկուած մեքանիզմին հաւանական մասնակցութեան թեկնածու առաջադրելու շուրջ: Երկու կողմերը անցեալ շաբաթ Հռոմի մէջ ամերիկեան միջնորդութեամբ բանակցութիւններու վերջին փուլի ընթացքին համաձայնութիւն գոյացուցած են այս կարճ ցանկին շուրջ: Երեք աղբիւրներ լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ...

Պաշտպանութեան Նախարարի Բացակայութեան.  Վարչապետարանին Մէջ Նախարարաց Խորհուրդի Նիստ

Պաշտպանութեան Նախարարի Բացակայութեան. Վարչապետարանին Մէջ Նախարարաց Խորհուրդի Նիստ

Նախարարաց խորհուրդը երէկ վարչապետարանին մէջ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի գլխաւորութեամբ գումարեց ժողով մը, որմէ բացակայեցաւ պաշտպանութեան նախարար Միշէլ Մնասսան: Նիստին ներկայ էին նախագահական պալատի ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շուքէյրն ու վարչապետարանի ընդհանուր քարտուղար Մահմուտ Մաքիէն: Յիշեցնենք, թէ երեքշաբթի օր հաղորդուեցաւ, որ խորհրդարանին մէջ պաշտպանութեան նախարարին ու վարչապետին միջեւ նախարար Մնասսայի համաներումի օրէնքի օրակարգի քննարկման ընթացքին խօսք մը արտասանելու եւ բանակի հրամանատարութեան դիրքորոշումը...

Պաշտպանութեան Նախարարը Բանակի  Նահատակներու Հարազատներէն Ներում Հայցեց

Պաշտպանութեան Նախարարը Բանակի Նահատակներու Հարազատներէն Ներում Հայցեց

Պաշտպանութեան նախարար Միշէլ Մնասսա բանակի նահատակներու հարազատներէն ներում հայցեց, որ չէ կրցած բանակին ձայնը լսելի դարձնել, «երբ բանակին ձայնը պէտք էր լսուէր: Խորհրդարանին մէջ խօսքը լռեց, եւ մէջս միայն նահատակներուն ձայնը բարձր մնաց»: «Երէկ բանակին արգիլուեցաւ խօսիլ, սակայն նահատակներուն արիւնը խղճիս մէջ խօսելէ չարգիլուեցաւ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Թող իմանան անոնք, որոնք բանակին նկատմամբ աչք փակեցին, թէ բանակը որեւէ վէճի մէջ...

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ Յորդանանեան  Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Հետ

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ Յորդանանեան Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Հետ

Խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը, նախագահութեամբ երեսփոխան Ֆատի Ալամէի եւ ներկայութեամբ յանձնախումբի անդամներուն, որոնց շարքին Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, խորհրդարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ Յորդանանի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Հայսամ Զայատինի գլխաւորութեամբ յորդանանեան խորհրդարանական պատուիրակութեան մը հետ` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Յորդանանի դեսպանատան գործավարի տեղակալ Մոհամետ Մահատինի: Ալամէ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ քննարկուած են Լիբանանի մէջ ապահովական ու քաղաքական զարգացումները,...

Ըստ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց  Նախարարութենէն Պաշտօնատարի Մը.  Իսրայէլի Հարաւային Լիբանանի Մէջ Տեւական  Ներկայութիւնը Շրջագծային Համաձայնութեան  Յանձնառութիւններուն Կը Հակասէ

Ըստ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն Պաշտօնատարի Մը. Իսրայէլի Հարաւային Լիբանանի Մէջ Տեւական Ներկայութիւնը Շրջագծային Համաձայնութեան Յանձնառութիւններուն Կը Հակասէ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը «Աքսիոս»-ին յայտնած է, որ Իսրայէլի հարաւային Լիբանանի մէջ տեւական ներկայութիւնը կը հակասէ շրջագծային համաձայնութեան յանձնառութիւններուն: Ան ըսած է, թէ Միացեալ Նահանգներ կ՛ակնկալեն, որ բոլոր կողմերը յարգեն իրենց ստորագրած շրջագծային համաձայնութիւնը: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատարը ամերիկեան կայքին նշած է, որ Իսրայէլի հարաւային Լիբանանի մէջ տեւական ներկայութիւնը կը հակասէ երկու երկիրներուն երկարատեւ անվտանգութեան`...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ Ժոզեֆ Աունի դիրքորոշման ծանօթ լիբանանեան նախարարական աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին. «Լիբանանը կը պահանջէ զինադադարի եւ փորձնական շրջաններու ընդլայնման խնդիրները լուծել»: «Լիբանանի կարծիքով` աւելի լաւ է Իսրայէլի հետ բանակցութիւններու 8-րդ փուլէն առաջ այս խնդիրը լուծել, որովհետեւ այս պահանջները երկարատեւ են, եւ տակաւին չեն լուծուած», շեշտած են աղբիւրները: . ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Մաարիւ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանին փոխանցուած իսրայէլեան պատգամը յստակ է,...

Նշելով, Որ Մեքքայի Համաձայնագիրը  Ոչ Մէկ Երկիրի Դէմ Ուղղուած Է.  Էրտողան. «Անհրաժեշտ Է, Որ Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումները Արագ Դադրին»

Նշելով, Որ Մեքքայի Համաձայնագիրը Ոչ Մէկ Երկիրի Դէմ Ուղղուած Է. Էրտողան. «Անհրաժեշտ Է, Որ Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումները Արագ Դադրին»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիոյ հետ իր երկրին յարաբերութիւնը «ռազմավարական յարաբերութիւն» է` աւելցնելով, որ յառաջիկային տեղի պիտի ունենան քայլեր, որոնք «երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները պիտի բարձրացնեն աւելի բարձր մակարդակներու»: Ան ըսաւ, թէ Հորմուզի նեղուցը համաշխարհային տնտեսութեան կենսական երակներէն մէկն է, «եւ մեր մաղթանքն ու սպասումն է, որ ներկայ լարուածութիւնը կարելի եղածին չափ շուտ...

Հաքըպի. «Հըզպալլան Ամերիկացիներ  Սպաննելու Համար Հարաւային Ամերիկեան  12 Երկիրներու Մէջ Տարածուած Է»

Հաքըպի. «Հըզպալլան Ամերիկացիներ Սպաննելու Համար Հարաւային Ամերիկեան 12 Երկիրներու Մէջ Տարածուած Է»

Իսրայէլի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մայք Հաքըպի նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը միայն Իրանին օդային հարուածներ հասցնելու պատրաստ չէ, այլ նաեւ` անոր սնանկացման պատճառ դառնալու: Ան նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի գործադրած գործողութիւնը Իրանին մեծ վնաս պատճառեց եւ իրանեան վարչակարգը դրաւ իշխանութեան ստանձնումէն ի վեր ամէնէն տկար դիրքի վրայ: Հաքըպի ըսաւ, որ Թրամփ կը գիտակցի, թէ իրանեան...

Նախագահ Աուն Ընդունեց Զօր. Քլիրֆիլտը

Նախագահ Աուն Ընդունեց Զօր. Քլիրֆիլտը

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն ընդունեց Լիբանանի յատուկ զինուորական համակարգման խումբի` «Էմ.Սի.Ճի.4Էլ.»-ի պետ զօր. Ճոզըֆ Քլիրֆիլտը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշէլ Իսայի եւ զօր. Քլիրֆիլտի շարք մը օգնականներուն: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Ուաշինկթընի մէջ Լիբանան-Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ բանակցութիւններուն հիմամբ ձեռք բերուած շրջագծային համաձայնագիրի իրականացման ընթացակարգերը` զօր. Քլիրֆիլտի կողմէ Իսրայէլի մէջ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած բանակցութիւններու լոյսին տակ:  

Խորհրդարանը Որդեգրեց  Համաներման Օրինագիծը

Խորհրդարանը Որդեգրեց Համաներման Օրինագիծը

Խորհրդարանը երէկ առաւօտեան իր նիստի ընթացքին որդեգրեց համաներման օրինագիծը, որ կարգ մը պատիժներու տեւողութիւնը կրճատեց: Նախքան այդ, պաշտպանութեան նախարար Միշէլ Մնասսա ներկայացաւ խորհրդարան, սակայն վարչապետ Նաուաֆ Սալամ անոր դարձեալ չարտօնեց խօսք արտասանել, ուստի շարք մը երեսփոխաններ իբրեւ բողոք հեռացան ժողովասրահէն: Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ խորհրդարանէն յայտարարութիւն մը կատարելով նշեց. «Զինուորական հաստատութիւնը կը խօսի նահատակներու անունով, եւ ով ալ որ...

Page 15 of 985 1 … 14 15 16 … 985

Արխիւներ