Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ ընդունեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ճօ Ստին: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան քաղաքացիներուն ելեկտրականութեան մատակարարումը աւելցնելու կարելիութիւններու բոլոր երեսները, մասնաւորաբար այն գործնական քայլերը, որոնք յառաջիկայ շաբաթներուն եւ ամիսներուն ընթացքին մատակարարման աստիճանական յաւելում կ՛ապահովեն:
Այս թղթածրարի քննարկումը պիտի շարունակուի ուրբաթ օր գումարուելիք յատուկ ժողովի մը ընթացքին, ինչպէս նաեւ համաձայնութիւն գոյացաւ միջին տեւողութեամբ ելեկտրականութեան խնդիրի կայուն կարգաւորման համար առաջարկուած ծրագիրներուն շուրջ:


