Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 5, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. «ՄՈՒՏՈՒՆ». «Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարի այդ ցանցերու, ներառեալ Իրանի «Սատիրաթ» դրամատան աշխատանքներու խափանման քայլերու որդեգրման անհրաժեշտութեան մասին լիբանանեան պատուիրակութեան հետ խիստ խօսիլը կարելի է միայն Իրանը ելեւմտական գետնի վրայ մեկուսացնելու հետզհետէ աճ արձանագրող արշաւին մէկ մասը նկատել»:

. ԱՂԲԻՒՐ մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին. «Շրջագծային համաձայնութիւնը երեք կողմերէ` Լիբանանէն, Ամերիկայէն ու Իսրայէլէն յանձնառութիւն կ՛ենթադրէ. Լիբանան յանձնառու է անոր բոլոր կէտերուն, մինչ Ամերիկան անոր հովանաւորն ու երաշխաւորն է, ուստի անկէ կը սպասուի, որ Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնէ»:

. ՄԵԾ հեղինակութիւն մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Մերթ ընդ մերթ ամերիկացիներէն եւ ոչ ամերիկացիներէն արտաքին նշաններ կը ստանանք, թէ չեն ուզեր, որ հարցերը դէպի մագլցում ուղղուին եւ ատոր որեւէ արդարացում չեն տեսներ, սակայն Իսրայէլի Լիբանանի դէմ որեւէ թշնամական արարք չկատարելուն վերաբերեալ որեւէ լուրջ երաշխիքներ չստացանք»:

. «ՏԻԱՐ» օրաթերթի գրեթէ հաստատ տեղեկութիւններու համաձայն, «Ռուպիօ վարչապետ Սալամի հետ ժողովի ընթացքին քննարկեց այն շրջագիծը, որ պիտի որդեգրուի կազմելու համար ստուգման յանձնախումբը, որ պիտի հսկէ եւ հաստատէ շրջագծային համաձայնութեան գործադրութիւնն ու Հըզպալլայի մարտիկներու հեռացումը»:

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Պէյրութ կառչած կը մնայ միջազգային ներկայութեան, իսկ Ֆրանսան եւրոպական երկիրներու հետ, ներառեալ Իտալիան, Գերմանիան, Նորվեկիան եւ Սպանիան, կը քննարկէ բազմազգեան ուժի մը ստեղծումը, սակայն տակաւին անոր լիազօրութեան, չափին, տեղակայման ու բանակին հետ յարաբերութեան շուրջ վերջնական ձեւաչափ չէ գոյացած»:

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ շրջանակներ «Տիար» օրաթերթին. «Ուաշինկթըն կը մերժէ հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հեռացումէն ետք անոնց ձգած դատարկութիւնը լեցնելու համար որեւէ այլընտրանքային ուժ եւ արտակարգ դէպքերու կարգաւորման համար կը պնդէ լիբանանեան եւ իսրայէլեան ուժերու միջեւ ուղղակի հաղորդակցութեան վրայ` առանց որեւէ միջազգային, մասնաւորաբար ֆրանսական միջնորդութեան»:

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «ՖԻՆԻՒԼ-ի յաջորդող փուլին համար միջազգային ուժի կազմութեան պարագային, անոր մէջ եւրոպական մասնակցութիւնը կրնայ 200 զինուորները չանցնիլ, եւ եթէ քննարկումը այս նշաձողի վրայ կանգ առնէ, ապա կը նշանակէ, թէ եւրոպական առաքելութիւնը աւելի մարզումի, աջակցութեան եւ լիբանանեան զինեալ ուժերու կարողութեան բարձրացման մօտիկ եղող առաքելութիւն մը պիտի ըլլայ»:

. ԱՂԲԻՒՐ մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին. «Շրջագծային համաձայնութիւնը կանգնած է քննութեան առջեւ` սպասելով արդիւնքին Ֆլորիտայի ժողովին, ուր պիտի քննարկուին Իսրայէլի քանդման ու ականահարման քաղաքականութեան շարունակութիւնը եւ համաձայնութեան գործադրութեան առնչուած այլ թղթածրարներ»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Զինուորական բանակցութիւններու 8-րդ փուլի գումարման համար Թամփայի մէջ ամերիկեան բանակի կեդրոնի հրամանատարութեան կեդրոնատեղին ընտրելը Ուաշինկթընի կողմէ դիտաւորեալ պատգամ մըն է, որ կապ ունի բանակցութիւններու ներկայ փուլին հետ` հաշուի առնելով Հռոմի մէջ քաղաքական հոլովոյթի կասեցումը, որ յանգեցուցած է բանակցային սկզբունքներու մակարդակէն թեքնիք մանրամասնութիւններու կառավարման մակարդակ անցման»:

. ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ մթնոլորտին քաջածանօթ աղբիւրներ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Բանակցութիւններու յաջորդ փուլը զուտ զինուորական պիտի ըլլայ եւ պիտի սահմանափակուի զինուորական պատուիրակներով, առանց դիւանագիտական ներկայութեան, եւ պիտի գումարուի 20 հոկտեմբերին Ֆլորիտայի Թամփա քաղաքին մէջ, Լիբանանի յատուկ զինուորական համակարգումի յանձնախումբի պատասխանատուի հսկողութեան տակ»:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Բանակցութիւններուն խափանումը կապուած է Նեթանիահուի Լիբանանին որեւէ զիջում կատարելու մերժումին հետ` մեկնելով այն մտավախութենէն, որ ատիկա բացասաբար պիտի ազդէ Քնեսեթի ընտրութիւններուն ընթացքին իր դիրքին վրայ եւ պիտի խանգարէ ստանալ խորհրդարանական մեծամասնութիւն, որ անոր կ՛արտօնէ նոր կառավարութիւն կազմել եւ իշխանութեան վրայ մնալ»:

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ շրջանակներ «Տիար» օրաթերթին. «Իրավիճակը պիտի մնայ փակուղային եւ բաժնուած երկու տեսակէտներու միջեւ. առաջինը, որ կը ներկայացնեն նախագահ Աունն ու վարչապետ Սալամը, կեդրոնացած է շրջագծային համաձայնագիրին եւ ատկէ ետդարձ կատարելու մերժման վրայ, մինչդեռ շիի երկեակը իր գրաւը կը դնէ Թեհրանի եւ Ուաշինկթընի միջեւ համաձայնութեան հասնելու կարելիութեան վրայ»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Օսլոյի հոլովոյթէն դաս առնելու Ժոմպլաթի կոչը կը վերյիշեցնէ 1990-ականներու սկիզբի փորձառութիւնը, երբ բացայայտուեցաւ արդիւնքը բանակցութիւններուն, որոնք յանգեցան «Նախ եւ առաջ Կազան ու Երիքովը» հաւասարութեան եւ Պաղեստինեան իշխանութեան հաստատումը եւ Արաֆաթի ու Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան ղեկավարութեան Պաղեստին վերադարձը արտօնեցին»:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Վարչապետ Սալամին Նապաթիէ այցելութիւնը բարգաւաճման երեւոյթէն աւելին է եւ կը կրէ քաղաքական ու ազգային նշանակութիւն` կապուած հարաւային Լիբանանի մէջ պետութեան ներկայութեան հաստատման եւ պաշտպանութեան, վերակառուցման ու իրենց ապրուստի տարրերու ապահովման վերականգնման սպասող քաղաքացիներուն նկատմամբ անոր պատասխանատուութեան հետ»:

. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին հասած ապահովական տուեալներուն համաձայն, «կողոպուտի գործողութիւններուն աշխուժօրէն կը մասնակցին շուրջ չորս կազմակերպուած աւազակախումբեր, ինչպէս նաեւ անհատներ, որոնք գործողութիւնները ինքնուրոյն կը կատարեն, նախքան այդ խումբերուն միջոցով գողցուած ապրանքները ոչնչացնելը: Այս խումբերը «որջեր» ունին Սապրայի, Ղարպի թաղամասին եւ Ուզահիի եւ Պըրժ Պարաժինայի գաղթակայանին մէջ»:

. ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ օրուան նախարարաց խորհուրդի նիստէն ետք ուժանիւթի նախարարին կողմէ 300 հազար լ.ո.-ի տուրքը կասեցնելու առաջարկին վերաբերեալ յառաջացած շփոթէն ու որոշներու նշումէն ետք, թէ նախարար Սըտիէն խնդրուած է այս առաջարկին համար իրաւական բանաձեւ պատրաստել, «Լեպանոն Ֆայլզ» տեղեկացած է, թէ ճշմարտութիւնը այն է, որ երկուշաբթի օր վարչապետարանին մէջ առնչակից նախարարներու ներկայութեամբ նախատեսուած նախարարական նիստի ընթացքին պիտի քննարկուի 300 հազար լ.ո.-ի տուրքը եւ այս հարցին նկատմամբ մօտեցման վերաբերեալ առաջարկի ձեւաւորումը:

. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ» նկատած է «Էքս»-ի միջոցով հանրապետութեան նախագահին հասցէին հնչող լայնածաւալ քննադատութիւն, որովհետեւ ան բողոքարկած է դրամատնային բարեփոխումներու մասին օրէնքը, ինչ որ կը հակասէ իր պաշտօնավարման սկիզբը ստանձնած բարեփոխումներու ուղիին, եւ ոմանք զինք կը մեղադրեն դրամատուներու լոպիին զիջելու յանցանքով:

. ԴԻՏՈՐԴՆԵՐ «Լեպանոն Ֆայլզ»-ին յայտնած են, որ տնտեսական գործօնը կը գլխաւորէ անօրինական ճամբով սուրիացիներու Լիբանան ներթափանցման դրդապատճառները, որովհետեւ Սուրիոյ մէջ աշխատողի աշխատավարձը լաւագոյն պարագային չի գերազանցեր օրական 10 տոլարը, իսկ Լիբանանի մէջ անիկա կը սկսի 20 տոլարէն` աւելի բարձր եկամուտներու հասնելու կարելիութեամբ:

. ԱՂԲԻՒՐ մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Ընտրական օրէնքներու քննարկման պարտականութիւնը ունեցող յանձնախումբի ժողովներու գումարման ներկայ պահուս վերսկսումը զարմանալի է, մանաւանդ որ ընտրութիւնը ներկայ պահուս հրատապ թղթածրար մը չէ եւ կրնայ սպասել` նկատի ունենալով, որ այդ գործողութիւնը առնուազն երկու տարիով յետաձգուած է»:

. ԱՂԲԻՒՐ մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Ընտրութիւններու նոր օրէնքներու քննարկումը դուռը կը բանայ քաղաքական ու համայնքային բանավէճերու, որոնց կարիքը Լիբանանը ներկայիս չունի, ուստի պէտք է կեդրոնանալ արտակարգ ժողովներու գումարումին վրայ` քննարկելու համար սադրանքի ուրուականը հեռացնելու կարելիութիւնները եւ ապրուստի ճգնաժամերուն լուծումներ որոնելու»:

. «ՄՈՒՏՈՒՆ». «Խորհրդարանի նախագահ Պըրրին քիչ մը դադար առնելու համար շուրջ հինգ օր բացակայած է առօրեայ հետեւողական աշխատանքէն, սակայն աշխուժ կերպով վերադարձաւ հետեւելու Ամալ շարժումի կազմակերպական թղթածրարներուն եւ գաղթականներով ու հարաւային Լիբանանի բնակչութեամբ զբաղելու անոր դերակատարութեան»:

. ԱՅՆ Թինէի աղբիւրները «Մուտուն»-ին. «Խորհրդարանի նախագահին հասնող հրաւէրները նորութիւն չեն եւ Թուրքիայով չեն սահմանափակուիր, այլ նախապէս ալ ան այլ երկիրներ այցելելու հրաւէրներ ստացած է, այն պահուն, երբ լիբանանեան ու շրջանային թղթածրարներու շուրջ հաղորդակցութիւններուն մէջ շարք մը պետութիւններու շահերը կը խաչաձեւուին»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Մուտուն»-ի. «Շրջանին մէջ կազի խողովակաշարերու վերածնունդի գործին Լիբանանի մասնակցութիւնը չի սահմանափակուիր միայն Արաբական կազի խողովակաշարով, այլ նաեւ կը տարածուի Լիբանանի` ներկայիս կառուցուող կազաւորման կայան ծայրամասի միջոցով «Միջերկրական ծովու կազային հանգոյց» դառնալուն վրայ»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Մուտուն»-ին. «Արտադրութեան ծախսի նուազումը Լիբանանի ելեկտրականութեան ընկերութեան կ՛արտօնէ աւելցնել մատակարարման ժամերը` բաղդատմամբ այն բանին, թէ ի՛նչ կարելի է արտադրել քարիւղի միջոցով, որուն գիները անընդհատ կը բարձրանան»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Մուտուն»-ին. «Տարակարծութիւնը պարզապէս նոր նախագահի ինքնութենէն անդին կ՛անցնի եւ կը վերաբերի հաստատութեան խորքին, Մաքասետ համալսարանի նախագահութեան կառավարման վերէն վար ձեւին եւ այն դերին, որ Բարձրագոյն խորհուրդը պէտք է խաղայ քաղաքականութեան մշակման եւ ռազմավարական որոշումներու կայացման գործին մէջ»:

 

Նախորդը

ՀՄԸՄ Պէյրութ` Դ. Դասակարգի Ախոյեան

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց

October 3, 2026
Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ  Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ
Լիբանանեան

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ

October 3, 2026
«Երկրին Դիմագրաւած Բոլոր Սպառնալիքներուն Դէմ  Անհրաժեշտ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրուին»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը
Լիբանանեան

Թուրքիոյ Հաղորդակցութիւններու Բաժանմունքի Նախագահութիւնը Կը Հերքէ Սուրիա-Հըզպալլա Ժողովի Լուրը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.