Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 6, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Թամփայի (Ֆլորիտա) մէջ սպասուող ժողովը քաղաքական բանակցային փուլէ աւելի թեքնիք նիստի նման պիտի ըլլայ»:

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Թամփայի բանակցութեան փուլը պէտք չէ դիտարկել իբրեւ պարզապէս բանակցութիւններու ձեւական վերսկսում, այլ իբրեւ գործնական քննութիւն` պարզելու, թէ արդեօք Ամերիկայի կողմէ հովանաւորուող շրջագծային համաձայնագիրը կրնայ ընդհանուր փոխըմբռնումներու մակարդակէն անցնիլ գետնի վրայ գործադրելի պայմանաւորուածութիւններու»:

. «ԱՆՊԱ» օրաթերթի տեղեկութիւններով, «այս ամիս Ֆլորիտայի մէջ սպասուող զինուորական ժողովի թուականը ճշդուեցաւ ամերիկեան ճնշումով` Սալամի ու Ռուպիոյի բանակցութիւններէն եւ հեռացման յստակ ժամանակացոյցի չգոյութեան նկատմամբ լիբանանեան յստակ դժգոհութենէն ետք: Թուականը ճշդուեցաւ ընդառաջելով լիբանանեան պահանջներուն»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Թել Աւիւ ներկայ փուլին պատրաստ չէ շօշափելի զիջումներ կատարելու, եւ Թամփայի մէջ բանակցութեան նիստի գումարման անոր համաձայնութիւնը աւելի ձեւական շրջագիծի մէջ է, քան խորքային յառաջընթաց արձանագրելու պատրաստակամութիւն»:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Ուաշինկթըն Իսրայէլի վրայ ճնշումներ բանեցուց` բանակցութեան այս փուլի ականահարումը կանխարգիլելու համար, մեկնելով բանակցային հոլովոյթի ամրագրման նկատմամբ անոր նախանձախնդրութենէն: Ուաշինկթըն կառչած կը մնայ անոր շարունակման, թէեւ ներկայիս պատրաստ չէ կամ ազատ չէ զայն դէպի գործնական արդիւնքներ մղելու»:

. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ» տեղեկութիւններու համաձայն, քաղաքական աղբիւր մը կ՛ենթադրէ, որ քաղաքական դասը կրնայ կառավարութեան վերադասաւորումը դիտարկել իբրեւ հանրային դժգոհութիւնը հանդարտեցնելու միջոց, որովհետեւ ներկայ կառավարութիւնը չկրցաւ աշխատաւորական սենտիքաներու պահանջները բաւարարել:

Աղբիւրը կը նշէ, որ քանի մը նախարարներ արդէն իսկ ներառուած են փոխարինման ենթականերու ցուցակին վրայ, մինչեւ այն աստիճան, որ առաջարկուող բեմագրութիւնը կրնայ «անհրաժեշտութեան» քողի տակ նախարարաց խորհուրդի վերադասաւորումէն անցնիլ բոլորովին նոր կառավարութեան ձեւաւորման:

. «ԺԱՏԻՏ» պատկերասփիւռի կայանի տեղեկութեան համաձայն, «կառավարութեան փոփոխութեան լուրջ քննարկում գոյութիւն չունի, հակառակ այն իրողութեան, որ առաջարկը քաղաքական շրջանակներուն մէջ կայ»:

. «ՏԻԱՐ» օրաթերթ. «Արաբական պետութեան մը դեսպանը լիբանանցի պաշտօնատարի մը յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիոյ, Քաթարի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ կայ համաձայնութիւն` աջակցելու Սալամի կառավարութեան, եւ աւելի կարեւորը` յաջորդ փուլին անձամբ Սալամին աջակցիլ շարունակելու` անկախ նախարարաց խորհուրդի հաւանական վերադասաւորումներէն կամ զարգացումներու կողմէ պարտադրուող որեւէ կառավարական ձեւաչափէ»:

. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութենէն աղբիւրներ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին. «Ուժանիւթի նախարար Ճօ Սըտիի հրաժարականը բացառուած է»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Վատիկանը մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց դեսպան Քարամի Վատիկան այցելութեան ժամանակ. անոր հանդիպումը պետական քարտուղարին հետ տեւեց մէկ ժամէն աւելի, հակառակ այն իրողութեան, որ նման հանդիպումները սովորաբար կը սահմանափակուին 30-40 վայրկեանով»:

. ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան աղբիւրները «Մուտուն»-ին. «Խորհրդարանի փոխնախագահ Պու Սաապի կոչը բարեփոխումներէն անդին կ՛անցնի, որովհետեւ կ՛առաջարկէ Ծերակոյտի ստեղծման հարցը եւ թերեւս Թաէֆի համաձայնութեան գործադրութեան առնչուած հարցեր քննարկել, եւ այն ինչ որ զարմանք կը պատճառէ, այն է, որ մասնակի յանձնախումբը պիտի ձեռնարկէ քննարկումի մը, որ առ երեւոյթ ընտրական օրէնքին շուրջ է, սակայն անոր խորքը համակարգի բարեփոխման առաջարկն է»: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան աղբիւրները «Մուտուն»-ին. «Խորհրդարանի փոխնախագահ Պու Սաապը, խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի անմիջական թելադրանքով, դիտաւորեալ կերպով ուշադրութիւնը շեղեց երկրի հիմնարար եւ գոյութենական առաջնահերթութիւններէն` կասկածելի պահու մը վերստին ընտրական օրէնսգիրքի բարեփոխում առաջարկելով»:

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, «Հըզպալլան կը փորձէ սղաճի երեւոյթն ու ընկերային արդար պահանջները օգտագործել եւ զանոնք ապրուստի ճգնաժամի իրենց բնական ծիրէն տեղափոխել կառավարութեան ու հանրապետութեան նախագահին հետ քաղաքական ճակատումի ծիր»:

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Շրջանային մթնոլորտը կը մնայ սառած, եւ ոչ մէկ նոր բան կայ, որուն վրայ կարելի է հիմնուիլ, սակայն Մանչեսթըրի եւ «Ֆլայտուպայ»-ի միջադէպերը չեն կրնար պարզապէս դիտարկուիլ իբրեւ ընդհանուր մթնոլորտէն անջատ իրադարձութիւններ»:

. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ»-Ի տեղեկութեան համաձայն, Սուրիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Հանրի Քասթունը խօսած է այն երեւոյթին մասին, որ Դամասկոսի եւ Սուրիոյ նահանգներուն մէջ մասնաճիւղեր բացող լիբանանեան ընկերութիւնները յատկապէս վերջին ամիսներուն կայուն աճ կ՛արձանագրեն տարբեր ոլորտներու մէջ:

Նախորդը

Պասքեթպոլ. Ռիատի 3-րդ Տարին Ըլլալով Շահեցաւ Ուասլի Բաժակը

Յաջորդը

Մուսա. «Լիբանանեան-Իսրայէլեան Բանակցութիւնները Պիտի Շարունակուին»

RelatedPosts

Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ  Զօրավար Ժոզեֆ Աուն Այցելեց  Արամ Ա. Կաթողիկոսին
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօրավար Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

October 6, 2026
Պըրրի Սալամի Հետ Քննարկեց Ելեկտրականութեան  Թղթածրարին Արմատական Լուծում  Գտնելու Անհրաժեշտութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի Սալամի Հետ Քննարկեց Ելեկտրականութեան Թղթածրարին Արմատական Լուծում Գտնելու Անհրաժեշտութիւնը

October 6, 2026
Սալամ. «Իսրայէլեան Հեռացումը Զէնքի  Յանձնման Գործողութեան Չկապեցինք»
Լիբանանեան

Սալամ. «Իսրայէլեան Հեռացումը Զէնքի Յանձնման Գործողութեան Չկապեցինք»

October 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.