Մըրքոս. «Լիբանանեան-Էմիրաթական Յարաբերութիւնները Մուտք Գործեցին Գործակցութեան Եւ Գործընկերութեան Նոր Փուլ»
Լիբանանի տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոս «Սքայ Նիուզ Արապիա» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարեց. «Լիբանանեան-էմիրաթական յարաբերութիւնները մուտք գործեցին գործակցութեան եւ գործընկերութեան նոր փուլ»: «Ներկայ թափը կը ներկայացնէ առիթ մը` օժանդակութիւններէն ու փոխադարձ առեւտուրէն անցնելու ուղղակի ներդրումներու, վերաշինութեան ու վերականգնման», նշեց նախարարը: «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու առեւտուրի պետական նախարար Թանի Պըն Ահմետ Զայուտիի գլխաւորութեամբ էմիրաթական բարձրաստիճան պատուիրակութեան մը մասնակցութեամբ Լիբանանեան-էմիրաթական տնտեսական համախմբումը...



















