. «ԻՐՄ Նիուզ». «Լիբանանեան պետութիւնը սկսաւ Հարաւային Լիբանանի մէջ միջազգային նոր ուժ ստեղծելու ամբողջական ծրագիր մը պատրաստել, մինչ այս տարեվերջին ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան աւարտը կը մօտենայ:
«Ըստ տեղեկութիւններու, կը քննարկուի ՄԱԿ-ի ծիրին մէջ գործող ձեւաչափ մը, որ փոխանցման փուլին գետնի վրայ դերակատարութիւն ունի, մանաւանդ այն շրջաններուն մէջ, որոնք կը ճշդուին Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ապահովական փորձնական դասաւորումներու ծիրին մէջ»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ականաւոր աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Լիբանանեան զինուորական պատուիրակութիւնը բանակցութեան կ՛երթայ` Իսրայէլի կողմէ այդ բանակցութիւնը իր պարունակութենէն դատարկելուն լոյսին տակ դիմակայելու համար մեծ խոչընդոտներ»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Զինուորական հաստատութիւնը չի պատրաստուիր ստանձնելու յանձնառութիւններ, որոնք կը հակասեն անոր ազգային սկզբունքներուն, սակայն ամէնէն վտանգաւոր տկար կէտը կը մնայ այն, որ բանակցութեան այս փուլի թուականը կը համընկնի բացակայութեանը քաղաքական բանակցութեան, որ անորոշ հորիզոններ դիմագրաւող այս հոլովոյթին պաշտպանութեան «ծածկոյթ»-ի համազօր էր»:
. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ» Լիբանան-Իսրայէլ բանակցային հոլովոյթին մօտէն հետեւող շրջանակներէ իմացած է, թէ յառաջիկայ շաբաթները աւելի յստակ ցուցանիշեր պիտի պարունակեն այդ հոլովոյթին առնելիք ուղղութեան վերաբերեալ, մինչ հարաւային Լիբանանը կը մնայ չափազանց զգայուն փուլի մէջ` սպասելով կարգ մը տուեալներու յստակացման:
. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ». «Արաբ դիւանագէտ մը կը յայտնէ, թէ Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութիւններուն յաջողութիւնը միայն լիբանանեան բանակի տեղակայուելու կարողութենէն կախեալ պիտի չըլլայ, այլ նաեւ քաղաքական իշխանութեան շրջագծային համաձայնութիւնը բանակցային բնագիրէն յստակ պայմաններ ու արդիւնքներ ունեցող փոխանակման հոլովոյթի վերածելու կարողութենէն, որպէսզի լիբանանեան յանձնառութիւնները մէկ ուղղութեամբ ուղիի չվերածուին, մինչ իսրայէլեան հեռացումը մնայ յետաձգուած խոստում մը»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Իսրայէլի` գիւղերը պայթեցնելուն ու գետնին հաւասարեցնելուն, ինչպէս նաեւ օդային յարձակումներուն ու ռմբակոծման ծիրը ընդլայնելուն նպատակը հաստատումն է երկարատեւ բռնագրաւումի մը, որ կ՛ամրագրէ «Դեղին գիծ»-ը եւ ճամբայ կը հարթէ զայն ընդլայնելու: Միեւնոյն ժամանակ Նեթանիահու հարաւային Լիբանանի մէջ քանդումը իբրեւ խաղաքարտ կ՛օգտագործէ Քնեսեթի ընտրութիւններուն իր ընտրապայքարին մէջ»:
. 95 օքթան պենզինին գինը նուազեցաւ 12000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 2.825.000 լ.ո.-ի, 98 օքթանինը նուազեցաւ 11000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 2.843.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը նուազեցաւ 34000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 2.692.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը բարձրացաւ 50000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.383.000 լ.ո.-ի:
. ՍՊԱՌՈՂՆԵՐՈՒ պաշտպանութեան միութեան փոխնախագահ Նատա Նըհմէ «Նաշրա»-ին. «Միջին Դասակարգը աղքատութեան վտանգ կը դիմագրաւէ, եւ հիմնական ապրանքներու ցուցանիշը այս տարուան առաջին կիսուն 19,5 առ հարիւրի աճ արձանագրեց: Սղաճի համեմատութիւնը շատ բարձր է, եւ Լիբանան այլեւս շատ սուղ երկիրներէն մէկն է»:
. ԼԻԲԱՆԱՆԻ Կեդրոնական դրամատան օտար դրամանիշերու պահեստները տարեսկիզբէն ի վեր նուազած են շուրջ 498 միլիոն տոլարով, իսկ ոսկիի պահեստներուն արժէքը նուազած է շուրջ 1,76 միլիառ տոլարով` ընդհանուր անկումը հասցնելով շուրջ 2,26 միլիառ տոլարի: Ըստ «Լեպանոն Ֆայլզ»-ի, այս նուազումը մտահոգութիւններ կը յառաջացնէ դրամատուներուն մէջ պահ դրուած գումարներու սեփականատէրերուն պատրաստ գումարներու հասանելիութեան եւ պարտատոմսերու երաշխաւորման համար, որ կը համընկնի պիւտճէական բացի վերաբերեալ օրինագիծի քննարկումներուն:
. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՏԻՊԷՅԹ». «Տնտեսական փորձագէտ մը կը զգուշացնէ, որ լիբանանեան թղթոսկիի արժէքի կայունութիւնը կրնայ երկար չտեւել, եթէ Լիբանանի եւ շրջանին մէջ տնտեսական կացութիւնը այսպէս մնայ, մինչ պետութեան ու Կեդրոնական դրամատան օտար դրամանիշերու պահեստները կը նուազին, եւ պետութեան իր վճարումներու պարտաւորութիւնները կատարելու կարողութիւնը կը նահանջէ»:
. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ». «Նախկին նախարարի մը կարծիքով, դրամատնային բարեկարգումներու մասին օրէնքի շուրջ յառաջացած վէճը ոչ այլ ինչ է, քան ժամանակ շահելու փորձ, որովհետեւ բոլոր կողմերն ալ կը գիտակցին, թէ Միջազգային դրամական ֆոնտը պաշտօնատարներուն պաշտօնապէս յայտնածէն նուազը պիտի չընդունի»:
. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ»-Ի համաձայն, այս տարի Լիբանանէն գաղթած երիտասարդ լիբանանցիներուն թիւը նախկին տարիներէն նուազ է, շրջանին մէջ պատերազմին ստեղծած համաշխարհային սղաճին պատճառով, որ աշխարհի տարբեր շրջաններուն մէջ անգործութիւն եւ գործի առիթներու նահանջ ստեղծած է:
. ՄՈՀԱՄԵՏ Խաուաժա «Մուտուն»-ին. «Ժամանակ ունինք, եւ բաւարար տեւողութիւն ունինք, հետեւաբար ընտրական օրէնքի վաղաժամ քննարկումը մերժելու որեւէ պատճառ չեմ տեսներ»:
. ԱԼԵՆ Աուն «Մուտուն»-ին. «Հեգնականը այն է, որ երբ ընտրական օրէնքը ուսումնասիրելու բաւարար ժամանակ կար` ընտրութիւններու ուղիղ ճնշումներէ զերծ, այնպէս թուեցաւ, թէ կարգ մը ուժեր չեն ուզեր զայն ուսումնասիրել»:
. ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութենէն աղբիւրներ «Մուտուն»-ին. «Մենք խնդիր չունինք ընտրութիւնները կատարելու արդիական օրէնքի մը հիմամբ, եւ արդէն իսկ դէմ չենք օրէնքին քննարկման, մանաւանդ որ կառավարութիւնը ինք պահանջեց զայն բարեփոխել` կարգաւորելու համար գործնական հարցերը, նախ եւ առաջ` երկրին մէջ չբնակողներու քուէարկութեան իրաւունքը»:


