Լիբանանեան

Քարամ. «Նասրալլայի Յուղարկաւորութիւնը Իրանեան  Պատգամի Համազօր Էր, Եւ Եթէ Հըզպալլան Զէնքը Չյանձնէ,  Պէտք Է Մոռնայ Վերաշինութեան Հարցը»

Քարամ. «Նասրալլայի Յուղարկաւորութիւնը Իրանեան Պատգամի Համազօր Էր, Եւ Եթէ Հըզպալլան Զէնքը Չյանձնէ, Պէտք Է Մոռնայ Վերաշինութեան Հարցը»

Հզօր Հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի անդամ Ֆատի Քարամ յայտնեց. «Երէկ սէյիտ Հասան Նասրալլայի յուղարկաւորութեան պատկերը ցոյց կու տայ, թէ անիկա շիիական բեմ մըն էր, որուն մասնակցեցաւ համայնքի մեծամասնութիւնը, սակայն ոչ ամբողջը, որովհետեւ կայ լուսանցքայնացուած ու ճնշուած խումբ մը, որ կարող չէր իր դիրքորոշումը արտայայտել կամ քաղաքական աշխատանքին մասնակցիլ»` նշելով. «Յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւնները վճռորոշ են եւ պիտի ճշդեն իւրաքանչիւր կողմի չափը»: «Յուղարկաւորութիւնը...

Հարիւր Հազարաւորներ Մասնակցեցան  Սէյիտ Հասան Նասրալլայի  Եւ Սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի  Յուղարկաւորութեան

Հարիւր Հազարաւորներ Մասնակցեցան Սէյիտ Հասան Նասրալլայի Եւ Սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի Յուղարկաւորութեան

Հարիւր հազարաւորներ երէկ հաւաքուեցան Պէյրութի «Քամիլ Շամուն» մարզական աւանին մէջ եւ մերձակայքը` մասնակցելու համար Հըզպալլայի նախկին ընդհանուր քարտուղարներ սէյիտ Հասան Նասրալլայի եւ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի յուղարկաւորութեան: Յուղարկաւորութեան մասնակցող լիբանանցի անձնաւորութիւններու շարքին էին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին, որ նաեւ կը ներկայացնէր հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունը, աշխատանքի նախարար Մոհամետ Հայտարը, որ կը ներկայացնէր վարչապետ Նաուաֆ Սալամը, Մարատա հոսանքի նախագահ Սլէյման Ֆրենժիէն, նախկին...

Լիբանանեան Տարբեր Շրջաններու Վրայ  Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներ

Լիբանանեան Տարբեր Շրջաններու Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներ

Իսրայէլեան օդուժը երէկ օդային յարձակումներ գործեց հարաւային Լիբանանի Անսար, Քլէյլա եւ Սմահիէ գիւղերուն, Անսարիէի եւ Պայսարիէի Թպնա շրջանին վրայ, Ժեզզինի շրջանի Ժապալ Ռիհանի վրայ, ինչպէս նաեւ երկու անգամ յարձակում գործեց Ժրուտ Հերմելի շրջանին վրայ: Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռը հաղորդեց. «Բանակը Լիբանանի մէջ շրջաններու վրայ յարձակում կը գործէ, մինչ տասնեակ հազարաւորներ կը մասնակցին Պէյրութի մէջ Նասրալլայի յուղարկաւորութեան»: Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի...

Նախագահ Աուն Ծերակուտական Ճաքսընէն Կը Պահանջէ Իսրայէլեան Հեռացումը Ապահովել

Նախագահ Աուն Ծերակուտական Ճաքսընէն Կը Պահանջէ Իսրայէլեան Հեռացումը Ապահովել

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն շաբաթ օր ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին մէջ Թեքսաս նահանգը ներկայացնող ծերակուտական Ռոնի Ճաքսընը, որուն կ՛ընկերակցէր Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լայզա Ճոնսընը: Նախագահը ծերակուտականին յայտնեց. «Հարաւային Լիբանանի մէջ եւ սահմանի երկայնքին կայունութիւնը կը պահանջէ իսրայէլացիներուն հեռացումը այն բլուրներէն, որոնց վրայ կեդրոնացած են, եւ վերադարձնել այն լիբանանցիները, որոնք վերջին պատերազմին ընթացքին կալանաւորուեցան, եւ ասիկա Լիբանանի հաստատ ու...

Առաջին Տիկինը Փափաք Յայտնեց Նախարար Պայրագտարեանի Հետ Գործակցելու

Առաջին Տիկինը Փափաք Յայտնեց Նախարար Պայրագտարեանի Հետ Գործակցելու

Լիբանանի առաջին տիկին Նեհմաթ Աուն հեռաձայնեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեանին: Առաջին տիկինը նշեց, որ երիտասարդութեան ոլորտը կարիքը ունի յատուկ հոգատարութեան` մաղթելով, որ ջանքերը Լիբանանի համար կը միատեղուին, եւ փափաք յայտնեց այդ նպատակի իրագործման համար նախարար Պայրագտարեանի հետ գործակցելու:

Իրանի Խորհրդարանի Նախագահն Ու Արտաքին  Գործոց Նախարարը Ընդունելու Ընթացքին.  Նախագահ Աուն. «Լիբանան Յոգնեցաւ  Ուրիշներու Պատերազմներէն»

Իրանի Խորհրդարանի Նախագահն Ու Արտաքին Գործոց Նախարարը Ընդունելու Ընթացքին. Նախագահ Աուն. «Լիբանան Յոգնեցաւ Ուրիշներու Պատերազմներէն»

Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆ եւ արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի երէկ այցելեցին Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցան հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ` ներկայութեամբ Լիբանանի արտաքին գործոց ու արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Եուսեֆ Ռաժիի եւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանիի: Քալիպաֆ հանդիպումէն ետք նախագահական պալատէն հեռացաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու: Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն իրանեան պատուիրակութեան հետ հանդիպումի ընթացքին...

Մուսա. «Աունին Ու Սալամին Կատարուած  Այցելութիւնները Լիբանանի Նկատմամբ Արաբական  Պետութիւններու Հաւաքական Աջակցութեան  Պատգամ Կը Պարունակեն»

Մուսա. «Աունին Ու Սալամին Կատարուած Այցելութիւնները Լիբանանի Նկատմամբ Արաբական Պետութիւններու Հաւաքական Աջակցութեան Պատգամ Կը Պարունակեն»

Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսա յայտնեց. «Նախագահ Ժոզեֆ Աունին եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամին կատարուած այցելութիւնները Լիբանանի նկատմամբ արաբական պետութիւններու հաւաքական աջակցութեան պատգամ կը պարունակեն, եւ արաբ դեսպանները հաստատեցին լիբանանեան պետութեան ու լիբանանցի ժողովուրդին նկատմամբ իրենց յանձնառութիւնը»: «Աունի եւ Սալամի հետ խօսեցանք վերաշինութեան, ելեւմտական բարեկարգումին եւ լիբանանեան պետութեան թղթածրարներու կարգաւորման ձեռնարկման մասին, եւ երբ կառավարութիւնը սկսի վերաշինութեան իր ծրագիրները ներկայացնել,...

Եւրոպական Յանձնաժողովը Կարգ Մը  Նախապայմաններով Լիբանանին Կէս Միլիառ  Եւրօ Պիտի Տրամադրէ

Եւրոպական Յանձնաժողովը Կարգ Մը Նախապայմաններով Լիբանանին Կէս Միլիառ Եւրօ Պիտի Տրամադրէ

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Եւրոպական Միութեան Միջերկրականի շրջանի հարցերով յանձնակատար Տուպրաւքա Սուիքայի հետ հանդիպումի ընթացքին ընդգծեց «Եւրոպական Միութեան եւ Եւրոպական յանձնաժողովի հետ գործակցելու կարեւորութիւնը»` փափաք յայտնելով «սկսելու բանակցութիւնը Միջերկրականի շրջանին նոր ուխտի շուրջ», որ Եւրոպական Միութիւնը կը պատրաստէ եւ անոր նպատակն է կարգաւորել հասարակաց մարտահրաւէրները, ամրապնդել ժողովուրդներուն միջեւ յարաբերութիւնները, աջակցիլ տնտեսական աճին եւ ամրապնդել շրջանային անվտանգութիւնը: Նախագահ Աուն ողջունեց «Եւրոպական...

Նախագահ Աուն Ամերիկեան Քոնկրեսի  Պատուիրակութեան Կոչ Ուղղեց, Որ Ուաշինկթըն  Ճնշում Բանեցնէ` 5 Կէտերէն Իսրայէլեան  Հեռացումը Ապահովելու Համար

Նախագահ Աուն Ամերիկեան Քոնկրեսի Պատուիրակութեան Կոչ Ուղղեց, Որ Ուաշինկթըն Ճնշում Բանեցնէ` 5 Կէտերէն Իսրայէլեան Հեռացումը Ապահովելու Համար

Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին Տարել Իսան, Չաք Էտուըրտզը եւ Ճէյմզ Պէյրտը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լայզա Ճոնսընի: Նախագահ Աուն պատուիրակութեան կոչ ուղղեց, որ «Ուաշինկթըն ճնշում բանեցնէ Իսրայէլի վրայ բռնագրաւեալ հինգ կէտերէն հեռացումը ապահովելու համար եւ շարունակէ լիբանանեան բանակին աջակցիլ»: Աուն եւ առաջին տիկին Նեհմաթ Աուն...

Սալամ. «Կառավարութեան Աշխատանքային Ծրագիրը  Յանձնառու Է Լիբանանի Իր Դիրքի Վերատիրացման  Եւ Արաբական Պետութիւններուն Վրայ  Յարձակումի Հարթակ Չըլլալուն»

Սալամ. «Կառավարութեան Աշխատանքային Ծրագիրը Յանձնառու Է Լիբանանի Իր Դիրքի Վերատիրացման Եւ Արաբական Պետութիւններուն Վրայ Յարձակումի Հարթակ Չըլլալուն»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ վարչապետարանին մէջ արաբական պետութիւններու դեսպաններուն հետ իր հանդիպումին ընթացքին գնահատեց «նոր իշխանութեան ու կառավարութեան արաբական աջակցութիւնը»` նշելով. «Կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը յանձնառու է Լիբանանի իր արաբ եղբայրներուն միջեւ դիրքին վերատիրանալուն եւ նախանձախնդիր է արաբական ու բարեկամ պետութիւններուն վրայ յարձակում գործելու հարթակ չըլլալուն»: Սալամ շեշտեց. «հասարակաց մարտահրաւէրներու դիմակայման, մասնաւորաբար պաղեստինցիներու տեղահանման ծրագիրներուն դէմ արաբական միացեալ դիրքորոշման կարեւորութիւնը»: Վարչապետը արաբ...

Ֆայեատ. «Պըրրի Սէյիտ Նասրալլայի Յուղարկաւորութեան  Ներկայ Պիտի Ըլլայ, Եւ Մեր Մօտ Կառավարութեան  Վստահութեան Քուէ Շնորհելու Ուղղուածութիւն Գոյութիւն Ունի»

Ֆայեատ. «Պըրրի Սէյիտ Նասրալլայի Յուղարկաւորութեան Ներկայ Պիտի Ըլլայ, Եւ Մեր Մօտ Կառավարութեան Վստահութեան Քուէ Շնորհելու Ուղղուածութիւն Գոյութիւն Ունի»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ յայտնեց. «Կիրակի օր Հըզպալլայի նախկին ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի յուղարկաւորութեան մասնակցութիւնս մեծ խորհրդանիշին նկատմամբ նուազագոյն հաւատարմութիւնն է, եւ այն, ինչ որ տեղի պիտի ունենայ, Լիբանանի քաղաքական պատմութեան մէջ աննախադէպ միլիոնաւոր բազմութեան ներկայութիւնն է»: Ֆայեատ յայտնեց. «Աշխարհի 65 պետութիւններէն հարիւրաւոր պատուիրակութիւններ իրենց ներկայութիւնը հաստատեցին, ինչպէս նաեւ լիբանանցի հարիւրաւոր անձնաւորութիւններ եւ արտասահմանէն 400 պաշտօնական...

Պայրագտարեան. «Մարմնակրթութիւնը  Կը Միաւորէ Եւ Չի Պառակտեր»

Պայրագտարեան. «Մարմնակրթութիւնը Կը Միաւորէ Եւ Չի Պառակտեր»

Երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան հարցերու նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան երէկ ընդունեց Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապին, ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզքը եւ անդամներ Հայկ Թապաքեանն ու Ժիհատ Սալիպան: Պայրագտարեան պասքեթպոլը նկատեց լիբանանեան մարմնակրթութեան լուսաւոր դէմքերէն մէկը եւ Հալապիի հետ քննարկեց նախարարութեան ու ֆետերասիոնին միջեւ գործակցութեան կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ այն դերը, որ ինք կրնայ խաղալ յառաջիկայ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ բանակը յայտարարեց, որ հինգշաբթի գիշեր օդային յարձակում գործած է Սուրիա-Լիբանան սահմանին մօտ գտնուող փոխադրութեան առանցքներուն վրայ, որոնք Հըզպալլայի կողմէ կ՛օգտագործուին Լիբանան մարտական միջոցներ մտցնելու համար: Իսրայէլեան բանակը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ այդ փորձերը բացայայտ խախտում են Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ գոյացած փոխհասկացողութիւններուն ու զինադադարին` նշելով, որ պիտի շարունակէ աշխատանք տանիլ վերացնելու Իսրայէլի պետութեան դէմ որեւէ սպառնալիք...

Այցելութիւն Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի

Այցելութիւն Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ընկերակցութեամբ երեսփոխան Յակոբ Թերզեանի, այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աունի: Հանդիպումի ընթացքին քննարկում կատարուեցաւ երկրի ընդհանուր կացութեան, հարաւային Լիբանանի վրայ իսրայէլեան ոտնձգութիւններուն եւ նախագահի ընտրութենէն ետք Լիբանանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին: Անհրաժեշտ նկատուեցաւ հաւաքական ճիգերու լարումը, որպէսզի ներկայ փուլին ստեղծուած դրական մթնոլորտն ու քաղաքացիներուն մօտ բարձր ակնկալութիւնները շարունակուին եւ երկիրը արագօրէն մուտք գործէ...

Նախագահ Աուն Սահմանադրական Եւ Իրաւական  Խորհրդատուական Յանձնախումբի Ժողովին Նախագահեց

Նախագահ Աուն Սահմանադրական Եւ Իրաւական Խորհրդատուական Յանձնախումբի Ժողովին Նախագահեց

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ նախագահեց սահմանադրական եւ իրաւական խորհրդատուական ժողովին: Նախագահը ժողովի մասնակիցներուն յայտնեց. «Ձեր առաքելութիւնը երկրի նախագահին ուսին դրուած սահմանադրական եւ իրաւական պարտականութեան կատարման օգնելն է` հիմնուելով պետական շահին վրայ` շարունակելու համար սահմանադրութեան գործադրութիւնը եւ լուծելու անոր բացերը` մեկնելով երդման ճառէն եւ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրէն»: Նախագահ Աուն նաեւ ստանձնեց 8 պետութիւններու` Պրազիլի, Քուպայի, Իտալիոյ, Սերպիոյ, Նորվեկիոյ, Աւստրիոյ, Թուրքիոյ...

Եմէնի Տեղեկատուութեան Նախարարը Լիբանանեան  Կառավարութեան Կոչ Կ՛ուղղէ` Ձերբակալելու  Սէյիտ Նասրալլայի Յուղարկաւորութեան Մասնակից Հուսիները

Եմէնի Տեղեկատուութեան Նախարարը Լիբանանեան Կառավարութեան Կոչ Կ՛ուղղէ` Ձերբակալելու Սէյիտ Նասրալլայի Յուղարկաւորութեան Մասնակից Հուսիները

Եմէնի միջազգային գետնի վրայ ճանչցուած կառավարութեան տեղեկատուութեան նախարար Մուամմար Իրիանի յայտարարեց. «Հուսիներու խմբակի ղեկավարներէն խումբ մը Սանաայէն ուղղուեցաւ Պէյրութ` ներկայ գտնուելու համար (Հըզպալլայի նախկին ընդհանուր քարտուղար սէյիտ) Հասան Նասրալլայի յուղարկաւորութեան, Իրանի հաւատարմութեան եւ հնազանդութեան պարտականութիւն կատարելու համար, ինչ որ անգամ մը եւս կը հաստատէ շրջանին մէջ իրանեան ծրագիրին հետ կապը ամրապնդել շարունակելը, մինչ եմէնցի ժողովուրդը պատերազմի, անօթութեան, աղքատութեան եւ հիւանդութեան...

Դոկտ. Պայրագտարեան Շարք Մը  Այցելուներ Ընդունեց

Դոկտ. Պայրագտարեան Շարք Մը Այցելուներ Ընդունեց

Երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան հարցերու նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Անտոնեան համալսարանի քարտուղար հայր Զիատ Մաաթուքն ու համալսարանին մէջ մարմնակրթութեան բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Անթոնիօ Սոթոն: Հայր Մաաթուք հանդիպումի ընթացքին ներկայացուց պասքեթպոլի մարզիչի վերաբերեալ համալսարանական վկայականը, որուն համալսարանը մտադիր է ձեռնարկել Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին հետ, եւ ներկայացուց գործակցութեան ոլորտները նախարարութեան ու համալսարանին միջեւ, որ պատրաստակամութիւն յայտնեց իր գիտական եւ...

«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան

Անդրադառնալով Սէյիտ Նասրալլայի Յուղարկաւորութեան` Շէյխ Քապալան. «Ամբողջ Աշխարհին Յայտարարենք, Թէ Դիմադրութիւնը Երկրի Պարծանքն Է»

Ժաաֆարականներու միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով բոլոր լիբանանցիներուն եւ իսլամներուն կոչ ուղղեց` մասնակցելու Հըզպալլայի նախկին ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի եւ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի յառաջիկայ կիրակի օր նախատեսուած յուղարկաւորութեան, որ «խիղճի, պատմութեան եւ մարդու պահ է»: Ան ըսաւ, որ թող յուղարկաւորութեան մասնակցութիւնը ըլլայ «այս աշխարհի սրտին մէջ բարձր ճիչ մը», «ամբողջ աշխարհին յայտարարենք, թէ Դիմադրութիւնը երկրի պարծանքն է,...

Հաժ Հասան. «Վերաշինութեան Թղթածրարը  Առաջնահերթութիւն Է  Եւ Բարեկարգումներուն Հետ Կապ Չունի»

Հաժ Հասան. «Վերաշինութեան Թղթածրարը Առաջնահերթութիւն Է Եւ Բարեկարգումներուն Հետ Կապ Չունի»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց. «Ոչ ոքի շահերէն կը բխի վերաշինութեան հոլովոյթը խոչընդոտել»: Երեսփոխանը «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Ամերիկացին ո՛չ հովանաւոր է, ո՛չ ալ միջնորդ, այլ` ամբողջովին իսրայէլացի»: «Վերաշինութեան թղթածրարը առաջնահերթութիւն է եւ բարեկարգումներուն հետ կապ չունի», ըսաւ ան: Հաժ Հասան յայտնեց. «Բարդոյթներ չունինք այն առաջարկներուն նկատմամբ, որոնք Միջազգային դրամական ֆոնտը կրնայ ներկայացնել,...

Ամալի Եւ Հըզպալլայի Ղեկավարութիւնները  Բացարձակապէս Կը Մերժեն Հարաւային Լիբանանի  Որեւէ Բաժինի Բռնագրաւման Շարունակումը

Ամալի Եւ Հըզպալլայի Ղեկավարութիւնները Բացարձակապէս Կը Մերժեն Հարաւային Լիբանանի Որեւէ Բաժինի Բռնագրաւման Շարունակումը

Հարաւային Լիբանանի մէջ Ամալ շարժումի եւ Հըզպալլայի ղեկավարութիւնները գումարեցին միացեալ ժողով մը, որուն աւարտին հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ բացարձակապէս մերժեցին հարաւային Լիբանանի հողերու որեւէ մասին մէջ իսրայէլեան բռնագրաւումի գոյատեւումը եւ դատապարտեցին Լիբանանի ցամաքային, ծովային եւ օդային տարածքի իսրայէլեան ոտնահարման շարունակումը, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումին ու զինադադարի համաձայնութեան բացայայտ խախտում է: Անոնք նշեցին, որ այս բոլորին լոյսին...

Page 138 of 986 1 … 137 138 139 … 986

Արխիւներ