Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դոկտ. Պայրագտարեան Շարք Մը Այցելուներ Ընդունեց

February 21, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան հարցերու նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Անտոնեան համալսարանի քարտուղար հայր Զիատ Մաաթուքն ու համալսարանին մէջ մարմնակրթութեան բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Անթոնիօ Սոթոն:

Հայր Մաաթուք հանդիպումի ընթացքին ներկայացուց պասքեթպոլի մարզիչի վերաբերեալ համալսարանական վկայականը, որուն համալսարանը մտադիր է ձեռնարկել Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին հետ, եւ ներկայացուց գործակցութեան ոլորտները նախարարութեան ու համալսարանին միջեւ, որ պատրաստակամութիւն յայտնեց իր գիտական եւ ակադեմական կարելիութիւնները դնելու նախարար Պայրագտարեանի եւ անոր ծրագիրներու տրամադրութեան տակ:

Նախարարը ամբողջական կերպով դրական ընկալում ցուցաբերեց ներկայացուած գաղափարներուն եւ իր փափաքը յայտնեց Անտոնեան եւ տարբեր համալսարաններու հետ գործակցելու` ի սպաս Լիբանանի երիտասարդութեան:

Դոկտ. Պայրագտարեանին շնորհաւորական այցելութիւն տուին Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնի պատուիրակութիւնն ու թմրեցուցիչներու դէմ պայքարի Ժատ երիտասարդական միութեան պատուիրակութիւնը:

Նախարարը նաեւ ընդունեց երեսփոխան Ահմետ Ռըսթոմը, որ երէկ նախարարութիւն այցելեց շնորհաւորելու դոկտ. Պայրագտարեանը եւ անոր հետ քննարկեց ընդհանրապէս հիւսիսային Լիբանանի եւ մասնաւորաբար Աքքարի հարցերն ու երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան ոլորտներուն մէջ կարիքները:

Երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան հարցերու նախարարը նաեւ ընդունեց իրաւաբանութեան ու քաղաքական գիտութիւններու մէջ դոկտորական բարձրագոյն հիմնարկի տնօրէն փրոֆ. Խալիլ Տահտահն ու դոկտ. Տանի Նաուսը:

Ան նաեւ ընդունեց Լիբանանի փինկ փոնկի նորընտիր ֆետերասիոնի պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Հանիի:

Նախորդը

Անդրադառնալով Սէյիտ Նասրալլայի Յուղարկաւորութեան` Շէյխ Քապալան. «Ամբողջ Աշխարհին Յայտարարենք, Թէ Դիմադրութիւնը Երկրի Պարծանքն Է»

Յաջորդը

Եմէնի Տեղեկատուութեան Նախարարը Լիբանանեան Կառավարութեան Կոչ Կ՛ուղղէ` Ձերբակալելու Սէյիտ Նասրալլայի Յուղարկաւորութեան Մասնակից Հուսիները

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.