Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
- «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, 27 նոյեմբերէն 18 փետրուար երկարող ժամանակաշրջանին, «երբ իսրայէլեան բանակի աստիճանական հեռացում տեղի ունեցաւ, սահմանամերձ ազատագրուած գիւղերու բնակչութեան 20 առ հարիւրի տունդարձ տեղի ունեցաւ, հակառակ կենցաղային պայմաններու, ելեկտրականութեան, ջուրի եւ հաղորդակցութեան կապի չգոյութեան»: - ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ ընդունեց Հըզպալլայէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին երեսփոխաններ Իպրահիմ Մուսաուին եւ Ռայետ Պըրրոն, ինչպէս...




















