Լիբանանեան

Վարչապետ Սալամ Հարաւ Այցելեց

Վարչապետ Սալամ Հարաւ Այցելեց

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ զինուորական ուղղաթիռով հասաւ հարաւային Լիբանան: Ան լիբանանեան բանակի հրամանատարի տեղակալ զօր. Հասան Աուտէի ընկերակցութեամբ այցելեց Սուրի մէջ լիբանանեան բանակի զօրանոց, Մարժաայուն Եւ Խիամ: Սալամ Սուրի «Պենուա Պարաքաթ» զօրանոցին մէջ ժողով մը գումարեց, ապա հանդիպում ունեցաւ Տհէյրա գիւղի բնակչութենէն պատուիրակութեան մը հետ, որ զօրանոցին մօտ նստացոյց կը կատարէր: Ան մտիկ ըրաւ պատուիրակութեան անդամներուն պահանջներուն եւ ծանօթացաւ իսրայէլեան...

Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին

Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին

Մարմնակրթութեան եւ Երիտասարդութեան հարցերու նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան երէկ այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ: Դոկտ. Պայրագտարեան նախագահ Աունին ներկայացուց նախարարութեան մէջ իր աշխատանքային ծրագիրը, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան յարձակումի հետեւանքով քանդուած մարմնակրթական կառոյցներու վերաշինութեան համար քայլերը:

Ուաշինկթըն. «Թեհրանի Հաշիւներու Ապասառեցումը  Չի Նշանակեր Պատժամիջոցները Չեղեալ Նկատել»

Ուաշինկթըն. «Միացեալ Նահանգներ Լիբանանեան Նոր Կառավարութեան Հետ Պիտի Գործակցին Շտապ Կերպով Պահանջուած Տնտեսական Բարեկարգումներու Մշակման Համար»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թամի Պրուս հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Միացեալ Նահանգները կը շնորհաւորեն Լիբանանի ժողովուրդը 26 փետրուարին կառավարութեան նկատմամբ վստահութեան յաջող քուէարկութեան առիթով»: «Կ՛ողջունենք վարչապետ Նաուաֆ Սալամը եւ անոր կառավարութեան յաջողութիւն կը մաղթենք նախագահ Ժոզեֆ Աունի ղեկավարութեան ներքեւ», ըսաւ նախարարութիւնը: «Լիբանանցի ժողովուրդը երկար ատեն զրկուեցաւ գոյութենէն կառավարող մարմինի մը, որ կրնայ երկիրը միաւորել եւ վերակառուցել լիբանանեան պետութեան...

Միջազգային Դրամատան Փոխնախագահը Սալամի Հետ  Քննարկեց Վերաշինութեան Ծրագիրը

Միջազգային Դրամատան Փոխնախագահը Սալամի Հետ Քննարկեց Վերաշինութեան Ծրագիրը

Միջազգային դրամատան փոխնախագահ Օսման Տիոն վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ իր հանդիպումէն ետք նշեց. «Հանդիպումի ընթացքին Միջազգային դրամատան աջակցութիւնը յայտնեցինք կազմուած նոր կառավարութեան: (…) Այս ծիրին մէջ Միջազգային դրամատան անունով Սալամին վերահաստատեցի մեր ամբողջական յանձնառութիւնը` շարունակելու վերականգնման, վերաշինութեան ու վերակառուցման հոլովոյթին մէջ Լիբանանին մեր աջակցութիւնը»: «Այս առումով Սալամին նշեցի, որ գոյութիւն ունի 736 միլիոն տոլարի պատրաստ գումար մը, որ յատկացուած է...

Ռաժժի. «Ոչ Ոք Մեզի Հետ Իսրայէլի Հետ Խաղաղութեան  Հարցը Արծարծեց. Ատիկա Զգայուն Հարց Է  Եւ Արծարծուելու Պարագային Նախարարաց  Խորհուրդին Մէջ Կը Քննարկուի»

Ռաժժի. «Ոչ Ոք Մեզի Հետ Իսրայէլի Հետ Խաղաղութեան Հարցը Արծարծեց. Ատիկա Զգայուն Հարց Է Եւ Արծարծուելու Պարագային Նախարարաց Խորհուրդին Մէջ Կը Քննարկուի»

Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Եուսեֆ Ռաժժի յայտնեց. «Կը մաղթենք, որ Սուրիոյ ապագան աւելի լաւ ըլլայ, քան այն տառապանքը, որ սուրիացի եւ լիբանանցի ժողովուրդները ապրեցան Պաշշար Ասատի վարչակարգի օրերուն, եւ հաւասար յարաբերութիւններու եւ իրարու հարցերուն չմիջամտելու կը ձգտինք»: «Սկսանք խօսիլ Լիբանան-Սուրիա բարձրագոյն խորհուրդի ջնջման մասին, եւ վերատեսութեան ենթարկել եղբայրութեան, գործակցութեան ու համագործակցութեան համաձայնագիրը, Սուրիա այցելութիւնը աշխատանքային օրակարգիս...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Հատաս»-ին յայտնած են. «Իսրայէլ Լիբանանին յայտնեց, որ Պէյրութի Հարաւային արուարձանները իր հարուածներէն զերծ պիտի չկացուցէ, եթէ Հըզպալլայի կողմէ համաձայնութեան խախտումը շարունակուի»: «Իսրայէլ պաշտօնապէս Լիբանանին փոխանցեց, թէ Հըզպալլայի բոլոր կէտերը պիտի թիրախաւորէ, եւ լիբանանցի պաշտօնատարներուն կոչ ուղղած է` Հըզպալլան զգուշացնել համաձայնութիւնը խախտելուն հետեւանքներէն», ըսած են աղբիւրները` աւելցնելով. «Իսրայէլ լիբանանցի պաշտօնատարներուն նաեւ թելադրեց, որ անոնք Հըզպալլայի յայտնեն, թէ պէտք է...

Խորհրդարանը Կառավարութեան  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց

Խորհրդարանը Կառավարութեան Վստահութեան Քուէ Շնորհեց

Լիբանանի խորհրդարանը երէկ կէսօրէ առաջ երկրորդ օրն ըլլալով շարունակեց կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի քննարկումը: Երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց. «Կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրները կրկնուող են: Կարեւորագոյնը գործադրութեան լրջութիւնն է եւ անկեղծութիւնը քաղաքական կամքին, որ նպաստեց կառավարութեան կազմութեան, եւ եթէ վստահութեան քուէ տանք, զայն փրկութեան նկատմամբ լիբանանցիներու յոյսին կու տանք: Մենք կը գտնուինք առիթի մը առջեւ, որ պէտք չէ կորսնցնենք»: «Մեզի օրէնսդրութիւններ չեն պակսիր,...

Օմանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Նախագահ  Աունի Յանձնեց Օման Այցելելու Հրաւէր Մը

Օմանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Նախագահ Աունի Յանձնեց Օման Այցելելու Հրաւէր Մը

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ Օմանի արտաքին գործոց նախարար Պատր Պըն Համատ Պըն Համմուտ Պուսաատիի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան հետ հանդիպումի ընթացքին յոյս յայտնեց, որ յառաջիկայ շաբաթ Գահիրէի մէջ գումարուելիք արաբական արտակարգ վեհաժողովը յանգի ներկայ մարտահրաւէրներու դիմագրաւման համար արաբական միացեալ դիրքորոշման, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի արաբական պետութիւններու հասարակաց շահերուն եւ զանոնք թիրախաւորող մարտահրաւէրներուն: Օմանի արտաքին գործոց նախարարը իր...

Ուիթքոֆ. «Լիբանան Կրնայ Խաղաղութեան  Աբրահամեան Համաձայնագիրներուն Միանալ,  Սուրիան Ալ Կրնայ Նոյնը Ընել»

Ուիթքոֆ. «Լիբանան Կրնայ Խաղաղութեան Աբրահամեան Համաձայնագիրներուն Միանալ, Սուրիան Ալ Կրնայ Նոյնը Ընել»

Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ յայտարարեց. «Լիբանան կրնայ խաղաղութեան «Աբրահամեան համաձայնագիրներուն» միանալ, ինչպէս նաեւ Սուրիան եւս կրնայ ատիկա ընել»: Այս մասին հաղորդեց իսրայէլեան «Թայմզ աֆ Իզրայէլ» օրաթերթը: Ամերիկացի պատուիրակը Ուաշինկթընի մէջ հրէական-ամերիկեան յանձնախումբի ձեռնարկին իր արտասանած խօսքին մէջ ընդգծած է. «Շարք մը խոր փոփոխութիւններ տեղի կ՛ունենան»:

Շէյխ Քասեմ Քալիպաֆի Եւ Արաղչիի Հետ  Քննարկեց Տեղական, Շրջանային  Ու Միջազգային Զարգացումները

Շէյխ Քասեմ Քալիպաֆի Եւ Արաղչիի Հետ Քննարկեց Տեղական, Շրջանային Ու Միջազգային Զարգացումները

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ Լիբանանէն մեկնելէն առաջ ընդունած է Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆն ու արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչին` ներկայութեամբ Պէյրութի մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանիի: Անոնք քննարկած են տեղական, շրջանային ու միջազգային վերջին զարգացումները: Այս մասին յայտարարեց Հըզպալլան: Նշեալ հանդիպումը շէյխ Քասեմին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը ստանձնելէն ի վեր առաջին յայտարարուած հանդիպումն է:    

Հասպանի. «Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչի  Դիրքը Այս Փուլին Չափազանց Մեծ  Կարեւորութիւն Կը Ստանայ»

Հասպանի. «Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչի Դիրքը Այս Փուլին Չափազանց Մեծ Կարեւորութիւն Կը Ստանայ»

Հզօր հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի անդամ Ղասսան Հասպանի «Ինտիփենտընթ Արապիա»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի դիրքը չափազանց մեծ կարեւորութիւն կը ստանայ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող ներկայ շրջադարձի զգայուն փուլին, մանաւանդ որ կառավարիչը հիմնական դերակատարութիւն ունի Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւններուն, դրամատնային մարզի եւ Կեդրոնական դրամատան վերադասաւորման, ինչպէս նաեւ տնտեսական ու ելեւմտական բարելաւման ծրագիրներու մշակման մէջ»: «Պատմականօրէն Կեդրոնական դրամատան կառավարիչը...

Շենքըր. «Լիբանանեան Բանակին Ամերիկեան  Աջակցութիւնը Պիտի Շարունակուի, Եւ Հաւանական Է,  Որ Անոր Ամսականները Ծոցէն Վճարուին»

Խորհրդարանը Կը Քննարկէ Կառավարութեան Աշխատանքային Ծրագիրը. Այսօր` Կառավարութեան Նկատմամբ Վստահութեան Քուէ

Լիբանանի խորհրդարանը երէկ սկսաւ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի քննարկումը, զոր այսօր պիտի աւարտէ, որմէ ետք ալ տեղի պիտի ունենայ կառավարութեան նկատմամբ վստահութեան քուէարկութիւնը: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նիստի սկիզբը վարչապետ Նաուաֆ Սալամէն խնդրեց կարդալ «Բարեկարգման ու փրկութեան» կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը: Վարչապետ Սալամ ըսաւ. «Ձեր առջեւ կը կանգնինք իբրեւ կառավարութիւն մը, որ միասնական է եւ յանձնառու Լիբանանի գերիշխանութիւնը, հողային ամբողջականութիւնն ու ժողովուրդը...

«Լիբանանի Մէջ Փէյճըրներու Գործողութիւնը  Շրջադարձ Էր Եւ Քանդեց Հըզպալլայի Բարոյական Ոգին»  Կ՛ըսէ Մոսատի Ղեկավարը

«Լիբանանի Մէջ Փէյճըրներու Գործողութիւնը Շրջադարձ Էր Եւ Քանդեց Հըզպալլայի Բարոյական Ոգին» Կ՛ըսէ Մոսատի Ղեկավարը

Իսրայէլեան արտաքին հետախուզութեան` Մոսատի ղեկավար Տաւիտ Պառնէա յայտնեց. «Լիբանանի մէջ փէյճըրներու գործողութիւնը շրջադարձ էր եւ քանդեց Հըզպալլայի բարոյական ոգին»: «Այդ գործողութեան մէջ հնարամտութիւնն ու սադրանքը յաղթեցին զէնքի ուժին», նշեց ան: «Մեր հիւսիսային սահմաններուն վրայ կռուեցանք Իրանի եւ անոր թեւերուն դէմ, եւ տարիներու ընթացքին զգայուն տեղեկութիւններ հաւաքեցինք», ըսաւ Մոսատի ղեկավարը: «Իրանին պիտի չարտօնենք Իսրայէլին վերջ տալու իր ծրագիրները գործադրելու», նշեց Պառնէա:...

Դոկտ. Պայրագտարեան Իր Իրաքցի Պաշտօնակիցին Հետ  Քննարկեց Վնասուած Կառոյցներու Վերաշինութեան  Սնտուկի Մեկնարկի Կարելիութիւ՛Նները

Դոկտ. Պայրագտարեան Իր Իրաքցի Պաշտօնակիցին Հետ Քննարկեց Վնասուած Կառոյցներու Վերաշինութեան Սնտուկի Մեկնարկի Կարելիութիւ՛Նները

Երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան հարցերու նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան Իրաքի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Ահմետ Մուպարքեհի հետ քննարկեց երկու երկիրներուն միջեւ «հարուստ եւ խոր երկկողմանի յարաբերութիւնները»: Պայրագտարեան գնահատեց իր իրաքցի պաշտօնակիցին մէկ ամիս առաջ Պաղտատի մէջ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան արաբ նախարարներու խորհուրդի վերջին նիստի ընթացքին Լիբանանի եւ Կազայի մէջ իսրայէլեան յարձակումներէն վնասուած մարմնակրթական եւ երիտասարդական կառոյցներու վերաշինութեան սնտուկ ստեղծելու կոչը,...

Շենքըր. «Լիբանանեան Բանակին Ամերիկեան  Աջակցութիւնը Պիտի Շարունակուի, Եւ Հաւանական Է,  Որ Անոր Ամսականները Ծոցէն Վճարուին»

Շենքըր. «Լիբանանեան Բանակին Ամերիկեան Աջակցութիւնը Պիտի Շարունակուի, Եւ Հաւանական Է, Որ Անոր Ամսականները Ծոցէն Վճարուին»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերու նախկին օգնական Տէյվիտ Շենքըր «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին Իսրայէլի ամբողջական հեռացման ուշացումը արդարացուց յայտնելով. «Լիբանան յանձնառութիւն ստանձնած էր հարաւային Լիբանանի մէջ լիբանանեան բանակէն տասը հազար զինուորներ տեղակայելու: Սակայն մինչեւ այս պահը տեղակայուած զինուորներուն թիւը չհասաւ վեց հազարի` զինուորագրման առնչուած խնդիրներու պատճառով, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ հետ սահմանի խնդիրներուն, ներքին անվտանգութեան ու...

Նախագահ Աուն Ընդունեց Ֆրանսախօս Երկիրներու Կազմակերպութեան Միջին Արեւելքի Մէջ Ներկայացուցիչ Լեւոն Ամիրջանեանը

Նախագահ Աուն Ընդունեց Ֆրանսախօս Երկիրներու Կազմակերպութեան Միջին Արեւելքի Մէջ Ներկայացուցիչ Լեւոն Ամիրջանեանը

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ կէսօրէ առաջ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ֆրանսախօս երկիրներու դեսպաններու պատուիրակութիւնը, որոնք կ՛ընկերակցէին Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան Միջին Արեւելքի մէջ ներկայացուցիչ Լեւոն Ամիրջանեանին: Նախագահ Աուն յայտնեց. «Լիբանանը արեւելքը արեւմուտքին կապող կամուրջ է շնորհիւ պատմութեան ընթացքին միսիոնարները ընդունելու իր դերին, ուստի օգտուեցաւ ատկէ»` նշելով. «Լիբանանի մէջ ամէնէն հին հիմնարկները եւ համալսարանները ֆրանսախօս արմատներ ունին»: «Ֆրանսերէն լեզուն...

Սելիմ Աուն. «Ազգային Ազատ Հոսանքին  Ուղղուածութիւնը Կառավարութեան  Վստահութեան Քուէ Չշնորհելն Է»

Սելիմ Աուն. «Ազգային Ազատ Հոսանքին Ուղղուածութիւնը Կառավարութեան Վստահութեան Քուէ Չշնորհելն Է»

Երեսփոխան Սելիմ Աուն «Սաութ Քուլ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Այսօր Լիբանանի առջեւ գտնուող մեծագոյն մարտահրաւէրը մնացեալ բռնագրաւուած հողերուն ազատագրումն է, եւ գնդակը պետութեան դաշտն է, որովհետեւ ջանքերու ձախողութիւնը Հըզպալլային պատրուակ կ՛ընծայէ, թէ պետութեան անկարողութեան լոյսին տակ իր զինուորական ներկայութիւնը անհրաժեշտութիւն է»: «Հըզպալլան իրապաշտ մօտեցում կը ցուցաբերէ եւ կ՛ընդունի, որ անսպասելի մեծ հարուած ստացաւ, սակայն միեւնոյն ժամանակ չզգետնուեցաւ...

Սայեղ. «Օդակայանի Ճամբան Կուսակցութեան Մը Կամ Համայնքի Մը Սեփականութիւնը Չէ Եւ Պէտք Է Բանակին Ու Ապահովական Ուժերուն Կողմէ Պաշտպանուած Ըլլայ»

Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Սալիմ Սայեղ յայտնեց. «Հըզպալլան իր նախկին ընդհանուր քարտուղարներ սէյիտ Հասան Նասրալլայի եւ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի երէկուան յուղարկաւորութենէն ետք չի կրնար ըսել, թէ իր հակակշիռէն դուրս եղող անձեր կան»: Սայեղ «Էլ.Պի.Սի.»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշեց. «Այն, ինչ որ երէկուան տեսարանէն ինծի նեղութիւն պատճառեց լիբանանեան դրօշներու չգոյութիւնն էր»: «Օդակայանի ճամբան կուսակցութեան մը կամ համայնքի մը սեփականութիւնը չէ,...

Հնդկաստանի Դեսպանը Պայրագտարեանին  Կը Խոստանայ Քանդուած Մարմնակրթական  Կառոյցները Վերաշինել

Հնդկաստանի Դեսպանը Պայրագտարեանին Կը Խոստանայ Քանդուած Մարմնակրթական Կառոյցները Վերաշինել

Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հնդկաստանի դեսպան Մոհամետ Նուր Ռահման Շէյխը: Նախարարը դեսպանին հետ քննարկեց երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ նախարարութեան մօտ օրէն յայտարարելիք ծրագիրներուն մէջ թուայնացումի ոլորտին մէջ հնդկական փորձառութենէն օգտուելու կարելիութիւնը: Դոկտ. Պայրագտարեան իր հիւրին ներկայացուց կացութիւնը Լիբանանի մէջ մարմնակրթական կառոյցներուն, որոնք իսրայէլեան յարձակումին պատճառով ամբողջովին կամ մասնակի կերպով քանդուած են, եւ...

Ապու Ֆաուր. «Ժապալ Արապի Մէջ Սուլթան  Փաշա Աթրաշի Թոռները Պիտի Տապալեն  Իսրայէլացի Թշնամիի Հին-Նոր Սադրանքը»

Ապու Ֆաուր. «Ժապալ Արապի Մէջ Սուլթան Փաշա Աթրաշի Թոռները Պիտի Տապալեն Իսրայէլացի Թշնամիի Հին-Նոր Սադրանքը»

Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուաէլ Ապու Ֆաուր հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց. «Ժապալ Արապի մէջ Սուլթան Փաշա Աթրաշի թոռները անոնք են, որոնք իրենց սուրիացի ժողովուրդի զաւակներուն հետ պատմութեան ընթացքին տապալեցին Սուրիան մասնատելու փորձերը, անոնք են, որոնք պահպանեցին տիւրզիներու արաբական ու իսլամական ժառանգութիւնը, եւ անոնք են, որոնք պիտի տապալեն իսրայէլացի թշնամիի հին-նոր սադրանքը»: «Ողջոյն իրենց ժառանգութեան, իրենց պապերու ժառանգութեան եւ միացեալ...

Page 137 of 986 1 … 136 137 138 … 986

Արխիւներ