Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆայեատ. «Պըրրի Սէյիտ Նասրալլայի Յուղարկաւորութեան Ներկայ Պիտի Ըլլայ, Եւ Մեր Մօտ Կառավարութեան Վստահութեան Քուէ Շնորհելու Ուղղուածութիւն Գոյութիւն Ունի»

February 22, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ յայտնեց. «Կիրակի օր Հըզպալլայի նախկին ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի յուղարկաւորութեան մասնակցութիւնս մեծ խորհրդանիշին նկատմամբ նուազագոյն հաւատարմութիւնն է, եւ այն, ինչ որ տեղի պիտի ունենայ, Լիբանանի քաղաքական պատմութեան մէջ աննախադէպ միլիոնաւոր բազմութեան ներկայութիւնն է»:

Ֆայեատ յայտնեց. «Աշխարհի 65 պետութիւններէն հարիւրաւոր պատուիրակութիւններ իրենց ներկայութիւնը հաստատեցին, ինչպէս նաեւ լիբանանցի հարիւրաւոր անձնաւորութիւններ եւ արտասահմանէն 400 պաշտօնական անձնաւորութիւններ ներկայ պիտի գտնուին յուղարկաւորութեան»:

Երեսփոխանը նաեւ նշեց. «Իմացայ, թէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին պիտի մասնակցի յուղարկաւորութեան եւ հանրապետութեան նախագահը պիտի ներկայացնէ, եւ այս առիթը շիի համայնքին յատուկ առիթ մը չէ, այլ` ազգային առիթ մը»:

«Հըզպալլան ժողովրդային մակարդակի վրայ մեծագոյն կշիռը ունեցող կուսակցութիւնն էր եւ է, եւ կուսակցական շարքերը պատերազմի ընթացքին աւելի կուռ դարձան», ըսաւ ան:

«Մենք ներլիբանանեան ժողովրդային հսկայական հոսանք ենք, եւ ոչ ոք կրնայ մեզ լուսանցքայնացնել: Մենք պատերազմի չենք ձգտիր, եւ ներկայ փուլին Լիբանանը պէտք եղած ամէն բան ըրաւ, սակայն իսրայէլացին յանձնառու չեղաւ», նշեց երեսփոխանը:

«Ներկայ փուլի կառավարումը կառավարութեան ձեռքն է, եւ այս փուլը կարիքը ունի Դիմադրութեան ու պետութեան միջեւ բարձրագոյն մակարդակի փոխհասկացողութեան», յայտնեց Ֆայեատ` աւելցնելով. «Լիբանանեան բանակը կրնայ Լիթանի գետէն հարաւ որեւէ շրջան մուտք գործել եւ զէնք գրաւել, իսկ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը կը վերաբերի գետի հարաւին»:

«Դիմադրութիւնը կը մնայ եւ կը շարունակուի, որովհետեւ բնաւ ճիշդ չէ մեր քարտերը նետել, երբ տակաւին բաց տարածքի մէջ ենք», ըսաւ երեսփոխանը` աւելցնելով. «Ես հակուած չեմ ըսելու, թէ քաղաքացիական պատերազմի տուեալներ կան, եւ պէտք եղածը ներքին բեմը լարուածութեան մղելը չէ»:

 

 

Նախորդը

Պայրագտարեան. «Մարմնակրթութիւնը Կը Միաւորէ Եւ Չի Պառակտեր»

Յաջորդը

Սալամ. «Կառավարութեան Աշխատանքային Ծրագիրը Յանձնառու Է Լիբանանի Իր Դիրքի Վերատիրացման Եւ Արաբական Պետութիւններուն Վրայ Յարձակումի Հարթակ Չըլլալուն»

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.