Իսրայէլեան օդուժը երէկ օդային յարձակումներ գործեց հարաւային Լիբանանի Անսար, Քլէյլա եւ Սմահիէ գիւղերուն, Անսարիէի եւ Պայսարիէի Թպնա շրջանին վրայ, Ժեզզինի շրջանի Ժապալ Ռիհանի վրայ, ինչպէս նաեւ երկու անգամ յարձակում գործեց Ժրուտ Հերմելի շրջանին վրայ:
Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռը հաղորդեց. «Բանակը Լիբանանի մէջ շրջաններու վրայ յարձակում կը գործէ, մինչ տասնեակ հազարաւորներ կը մասնակցին Պէյրութի մէջ Նասրալլայի յուղարկաւորութեան»:
Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի յայտարարեց, որ իսրայէլեան օդուժը «ճշգրիտ յարձակումներ» գործած է Լիբանանի մէջ զինուորական դիրքերու վրայ, որոնք հրթիռներ եւ մարտական միջոցներ կը պարունակէին, եւ այդտեղ Հըզպալլայի շարժումներ նկատուած են:
Ան նաեւ պնդեց, որ յարձակում գործուած է հարաւային Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի հրթիռային շարք մը հարթակներու վրայ, որոնք Իսրայէլին սպառնալիք ներկայացուցած են:
Իսրայէլեան բանակի բանբերը ըսաւ, որ Հըզպալլայի շարժումները խախտում են Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ գոյացած փոխադարձ հասկացողութիւններուն եւ Իսրայէլի ու անոր քաղաքացիներուն սպառնալիք կը ներկայացնեն:
Ատրահի աւելցուց, որ իսրայէլեան բանակը պիտի շարունակէ վերացնել Իսրայէլի համար որեւէ սպառնալիք:


