Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Եւրոպական Միութեան Միջերկրականի շրջանի հարցերով յանձնակատար Տուպրաւքա Սուիքայի հետ հանդիպումի ընթացքին ընդգծեց «Եւրոպական Միութեան եւ Եւրոպական յանձնաժողովի հետ գործակցելու կարեւորութիւնը»` փափաք յայտնելով «սկսելու բանակցութիւնը Միջերկրականի շրջանին նոր ուխտի շուրջ», որ Եւրոպական Միութիւնը կը պատրաստէ եւ անոր նպատակն է կարգաւորել հասարակաց մարտահրաւէրները, ամրապնդել ժողովուրդներուն միջեւ յարաբերութիւնները, աջակցիլ տնտեսական աճին եւ ամրապնդել շրջանային անվտանգութիւնը:
Նախագահ Աուն ողջունեց «Եւրոպական Միութեան Լիբանանի նկատմամբ շարունակուող աջակցութիւնը»` նշելով. «Միութեան հետ գործակցութիւնը հիմերէն մէկն է հասարակաց աշխատանքին, որուն նպատակն է Լիբանանի մէջ կայունութիւնն ու աճը ամրապնդել»: Ան եւրոպական ընկերութիւնները քաջալերեց Լիբանանի մէջ ներդրումներ կատարելու:
Աուն վերահաստատեց իր վճռականութիւնը Լիբանանը անգամ մը եւս ոտքի կանգնեցնելու համար անհրաժեշտ բարեկարգումներու երթին սկսելու եւ յառաջ ընթանալու դէպի արդի ու զարգացած պետութիւն, որ կը բաւարարէ լիբանանցիներուն ձգտումները եւ անոնց աւելի լաւ կեանք կ՛ապահովէ:
Եւրոպական Միութեան Միջերկրականի շրջանի հարցերով յանձնակատար Տուպրաւքա Սուիքա նախագահական պալատին մէջ նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտարարեց. «Եւրոպական յանձնաժողովը Լիբանանին միլիառ եւրօ յատկացուցած էր. յաւելեալ կէս միլիառ եւրօ պիտի յատկացուի, սակայն ատիկա կախեալ պիտի ըլլայ կարգ մը նախապայմաններէ, որոնք են դրամատնային մարզի վերակազմաւորումն ու Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ համաձայնութիւնը»:
«Նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ ժողովը յաջող էր: Խօսեցանք քաղաքական շրջադարձի, բարեկարգումներուն, զինադադարին ու բանակին աջակցութեան մասին», ըսաւ Սուիքա:
Եւրոպական Միութեան յանձնակատարը նաեւ յայտնեց. «Եւրոպական յանձնաժողովն ու Եւրոպական Միութիւնը կ՛աջակցին Աունին եւ Լիբանանի նոր կառավարութեան»: